Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Տիոնի հետ քննարկեց ԼՂՀ հիմնահարցը
Նոյեմբեր 11-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի (ԳՀԴՅ) նախկին ատենապետ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, ԳՀԴՅ-ի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան եւ ՀՅԴ ԲԻւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Օթթաուայի մէջ հանդիպում ունեցան Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Տիոնի հետ։
Հանդիպման ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբը նախարարի ուշադրութեան յանձնեց Ապրիլեան պատերազմէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանի տարածքին վրայ շարունակուող ատրպէյճանական կողմի հրադադարի խախտման յաճախակի դէպքերը, որոնք պատճառ կը դառնան տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական կացութեան ապակայունացման։
ԳՀԴՅ պատուիրակութիւնը նաեւ յայտնեց ԼՂՀ սահմանային տարածքի դիտարկման ծիրէն ներս Գանատայի յաւելեալ գործօն մասնակցութեան առնչութեամբ իր ակնկալութեան մասին։ Քննարկուեցաւ նաեւ նախարար Տիոնի մօտալուտ Հայաստան այցելութեան կարելիութիւնը։
Յանձնախումբը նաեւ կոչ ըրաւ խթանել Հայաստան-Գանատա առեւտրական ոլորտը եւ ծիրէն ներս յոյս յայտնեց, որ շուտով Հայաստանի մէջ կը հաստատուի գանատական դեսպանատունը։
Անդրադառնալով Թուրքիոյ պետական յեղաշրջման փորձէն ետք երկրի մէջ տիրող կացութեան, յաձնախումբը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ հայ եւ այլ փոքրամասնութիւններուն վրայ գործադրուող Անգարայի բռնաճնշումներուն մասին։