Արամ Ա. Վեհափառ այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն
1234
0
Հոկտեմբեր 6-ին, Մոնթրէալի համայնքին հովուապետական իր այցելութեան ծիրէն ներս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ այցելեց «Հորիզոն» թերթի խմբագրատուն։ Վեհափառ հօր կ՚ընկերակցէին Գանատայի թեմի առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հոգեւորականներու պատուիրակութիւնը։
«Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան ընդհանուր գիծերու մէջ վեհափառ հօր ծանօթացուց «Հորիզոն»ի կատարած ամէնօրեայ տեղեկատուական աշխատանքին մասին։ Արամ Ա. Վեհափառ գնահատեց «Հորիզոն»ի անցած ուղին, հաստատելով, որ իբրեւ գանատահայութեան ձայնը հանդիսացող լրատուամիջոց՝ «Հորիզոն» իր գործօն դերը ունի հայաշխարհի տեղեկատուական բնագաւառէն ներս։