Հայ Դատի Յանձնախումբը Ներկայ Գտնուեցաւ CIJA-ի Տարեկան Ընդունելութեան

 

Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2016-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ Հայ Դատի շրջանային յանձնախումբի անդամ . Աբրահամ Նիզիպլեան ներկայ գտնուեցան Գանատայի Իսրայէլեան եւ Հրէական Հարցերու Կեդրոնի (Centre for Israeli and Jewish Affairs) տարեկան ընդունելութեան, Օթթաուայի մէջ:

Ընդունելութեան ընթաքին, Հայ Դատի ներկայցուցիչները հանդիպումներ ունեցան կեդրոնի վարիչ մարմնի անդամներուն հետ, ուր քննարկուեցան Հայ Դատի առնչութեամբ կարգ մը հարցեր: Անոնք նաեւ առիթը ունեցան հանդիպելու շարք մը երեսփոխաններու հետ, որոնց շարքին՝ Թոնի Քլեմէնթ, Փիթըր Քենդ, Տան Տէյվիզ, Հելէն Լաւէրտիէ, Քէվըն Ուա, Ֆրանք Պէյլիս եւ այլոց:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.