Մոնթրէալահայութիւնը հանդիսաւոր կերպով նշեց Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակը

 

Շաբաթ, 24 Սեպտեմբեր 2016-ին, Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Գանատայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Արմէն Եկանեանի, կազմակերպութեամբ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակի տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ օրուան պատգամաբեր պրն. դեսպանին, Մոնթրէալի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչին, տեղւոյս Առաջնորդ հայրերուն, հոգեւորական դասուն, յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հայ համայնքի զաւակներուն, որոնք հոծ բազմութեամբ եկած էին նշելու առիթը:

Ելոյթի բացումը կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմերուն ու փողերախումբերուն հադիսաւոր մուտքով եւ Քլօուէ Պալեանի կատարողութեամբ Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Շահինեան, որուն յաջորդեց Կոմիտասի «Ծիրանի Ծառ» եւ «Քելեր Ցոլեր» կտորներուն կատարողութիւնը ջութակահար Նունէ Մելիքեանի կողմէ:

Գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով հանդէս եկան յաջորդաբար Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ Պատանեացի նուագախումբը «Ով զինուոր» երգով, մեներգող Գարմէն Պալեան՝ «Մարտիկի երգը» եւ «Իմ անունը Հայաստան է» երգերով, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Արտէն Արապեանի, Համազգայինի «Անի» պարախումբը «Նարէ-նարէ» պարով, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է Եւա Հայրապետեան, Համազգայնական ասմունքող Անահիտ Պալեան՝ Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը» ասմունքով, որուն աւարտին «Անի» պարախումբը միացաւ «Քոչարի» պարով, ՀԲԸՄ-ի «Մաշտոց» երգչախումբը՝ Առնօ Պապաճանեանի «Ազգ Փառապանծ» եւ Ալեքսանտր Յարութիւնեանի «Հայրենիքիս հետ» երգերով, մեներգութեամբ՝ Կարօ Նշանեանի եւ Յասմիկ Գասպարեանի, խմբավարութեամբ՝ Գոհար Մանուէլեանի, «Գառնի» պարախումբը՝ «Հզօր Հայաստան» պարով, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է Լուտֆիկ Պուլղատարեան, Համազգայինի «Քնար» երգչախումբը՝ «Քո հայրենիք» եւ «Տեսնեմ Անին ու մեռնեմ» երգերով (գործ՝ երգահան Մաժակ Թօշիկեանի), խմբավարութեամբ՝ Լոռի Անթունեանի, եւ վերջապէս «Գառնի» պարախումբը՝ «Մենք ենք մեր սարերը» պարով:

Օրուան բանախօսն էր Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Արմէն Եկանեան: Ան իր խօսքի սկիզբը յայտնեց, որ նոյն օրը Թորոնթօ կը գտնուէր «Յոյսի անտառ»ի ժապաւէնի հատման եւ բացման հանդիսութեան, ապա անցնելով օրուան խորհուրդին եւ յիշատակելով Հայաստանի առաջին անկախութիւնը 1918-ին՝ ըսաւ. «Երկար դադարէ ետք հայ ազգը ապացուցեց, որ նոյնիսկ ամէնէն անյոյս թուացող իրավիճակին մէջ, դառնալով մէկ բռունցք, հնարաւոր է լուծել դժուարին խնդրիներ, որուն արդիւնքը հանդիսացաւ երկար հարիւրամեակներ երազած եւ վերջապէս իրականացած անկախ պետութիւնը: Չնայած որ ան շատ կարճ գոյատեւեց, սակայն մեզի մեծ գիտելիքներ տուաւ պետական կառոյցներու ստեղծման եւ կառավարման փորձի տեսակէտէն, եւ եթէ չ’ըլլար այդ փորձը, շատ աւելի դժուար կ’ըլլար վերանուաճել մեր անկախութիւնը 1991 թուականին»: Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակի առթիւ կարգ մը վերլուծութիւններ ներկայացնելով յարգելի դեսպանը ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ դժուարին աշխարհաքաղաքական ժամանակաշրջանի մը մէջ: Անցած 25 տարիներուն ընթացքին մեր երկիրը ղեկավարած բոլոր իշխանութիւնները ունեցած են Հայաստանը զարգացնելու եւ յառաջ տանելու նպատակ: (…) Եղած են նաեւ սխալներ, խնդիրներ, որոնք մինչ այժմ իրենց վերջնական լուծումը ցաւօք չեն ստացած, անոնք կը վերաբերին թէ՛ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, թէ՛ մարդկային իրաւունքներուն եւ այլն»: Նուաճումներուն մասին անդրադառնալով ան շեշտեց, թէ անցած 25 տարիներուն ընթացքին մենք յաջողած ենք ստեղծել հզօր եւ մարտունակ բանակ, որ այսօր կը հադիսանայ համայն հայութեան անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը: Անդրադառնալով նաեւ Հայաստան-Գանատա յարաբերութիւններուն ան յայտնեց, թէ Հայաստան մեծ կարեւուրութիւն կ’ընծայէ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն զարգացման, որուն փոխադարձաբար Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ, Սեպտեմբեր 21-ին իր ուղերձին մէջ նշած է, թէ Գանատայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ առկայ են աշխոյժ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ: Հուսկ, յարգելի դեսպան Եկանեան շեշտելով նաեւ Սփիւռքի դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի ճակատագրական պահերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան միշտ զօրավիգ հանդիսանալուն՝ խօսքը աւարտեց ըսելով. «Կեցցէ՛ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը եւ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»:

Աւարտին Դեսպան Եկանեան Սփիւռքի Նախարարութեան Պատուոյ գիրերով եւ Շնորհակալագիրներով պարգեւատրեց Եղիա Պեկմազեանը, Պերճ Չաքեճեանը, Ժոզէֆ Մանտալեանը, Շողիկ Փիլոյեանը, Գէորգ Գազանճեանը, Ռուբէն Գույումճեանը, Լենա Թերճանեանը, Անդրանիկ Չատերճեանը, Գրիգոր Գասեմճեանը, Հրայր Տէր Գէորգեանը, Հայր Գէորգ Զապարեանը եւ Շահէ Թանաշեանը։

Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի շնորհակալական խօսքը ընթերցեց Թամար Շահինեան, որմէ ետք Հանդիսութեան փակումը տեղի ունեցաւ Թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեանի Պահպանիչով:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.