Տէրիքի քաղաքապետութիւնը ցուցատախտակին վրայէն ջնջեց հայերէն գրութիւնը
գործակալութեան լուրին համաձայն, Մուհամէտ Ֆաթիհ Սաֆթիւրք, որ Տէրիքի մէջ Տէ-Պէ- Փէցի քաղաքպետութեան պետական կառավարիչ ¤Քայյըմ¥ կարգուած էր, նախընթաց իրիկուն քակել տուաւ քաղաքպետութեան երկու ճակատներու վրայ զետեղուած եւ Հայերէն, Թրքերէն, Քրտերէն լեզուներով » Տէրիքի քաղաքապետութիւն« գրուած ցուցատախտակը։ Քաղաքապետարանի պատասխանատուին կողմէ վար առնուած ցուցատախտակին տեղ թրքական դրօշակ կախուեցաւ։ Ցուցատախտակը որ պատին վրայ զետեղուելէ տարի մը ետք վար առնուեցաւ, տեղի տուաւ բուռն հակազդեցութիւններու ։ Սա պահուն քաղաքապետութեան շէնքին վրայ »Բարի եկաք« վերտառութիւնը տեսանելի է։
Երէկ գիշեր քակուած այդ ցուցատախտակին մէջէն հանուեցաւ հայերէն տառերով գրութիւնը եւ անոր տեղ նոր մը կախուեցաւ։ Պատրաստուեցան զոյգ ցուցատախտակներ կապոյտ-ճերմակ եւ կարմիր-ճերմակ գոյներով։ Ցուցատախտակին վրայ մնացին միայն Թրքերէն եւ Քրտերէն տառերը։ Ցուցատախտակներու տեղադրութեան ատեն ոստիկանական ջոկատները քաղաքապետութեան շէնքին առջեւ ապահովութեան լայն միջոցներ ձեռք առին։