Իսթանպուլի Գալֆայեան Վարժարանին Մօտ Ազգայնամոլ Թուրքեր Ցեղապաշտ Գրութիւններ Ձգած Են
Այսօր` Սեպտեմբեր 19-ին, Թուրքիոյ մէջ մեկնարկած է նոր ուսումնական տարին: Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն մէջ նոյնպէս մեկնարկած են առաջին դասերը, եւ հայկական համայնքը այս անգամ եւս զերծ չէ մնացած տարատեսակ սպառնալիքներէ:
Սթամպուլի Ուսքիւտար թաղամասին մէջ գտնուող Գալֆայեան վարժարանի մօտ նկատուած է թուրք ազգայնականներու կողմէ կատարուած «Թող ապրի թուրք ցեղը» գրութիւն, կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով «Անարշի հապեր» կայքը:
Գալֆայեան վարժարանը նաեւ կը գործէ իբրեւ գիշերօթիկ դպրոց` Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր գաւառներէ ժամանած ծպտեալ (Թաքուն հայեր) հայ ընտանիքներու երեխաներուն համար:
Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ կը գործէ 16 հայկական վարժարան, որոնցմէ 13-ը մասնաւոր են, 3-ն ալ կը համարուին համայնքի ընդհանուր սեփականութիւնը: Այս դպրոցներ կրնան յաճախել միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` նախ ներկայացնելով իրենց մկրտութեան թուղթը: Ըստ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն` երկրի բոլոր քաղաքացիները պաշտօնապէս թուրք կը համարուին, իսկ հայերը, յոյները եւ հրէաները կը համարուին կրօնական փոքրամասնութիւն: ըստ Լոզանի պայմանագրի` կրօնական փոքրամասնութիւն համարուելու շնորհիւ հայերը իրաւունք ստացած են սորվելու իրենց մայրենին, որմէ զրկուած են քիւրտերը, զազաները, չերքեզներն ու լազերը:
Թուրքիոյ հայկական վարժարաններուն մեծ մասը կը գոյատեւէ համայնքի տարբեր բարերարներու նուիրատուութիւններուն հաշուին, ատոր հետ զուգահեռ` դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը ամէն տարի կը նուազի, որ կապուած է թէ՛ Կ.Պոլսի հայ համայնքի արտագաղթին , թէ՛ վարժարաններու ուսման բարձր վարձավճարներուն հետ (Պոլսոյ հայկական վարժարաններու ուսման վարձերը կը կազմեն տարեկան միջինը 3000 տոլար):