«Չես կրնար ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջել”, կ՚՚՚ըսէ «Խոստումը» ֆիլմի բեմադրիչ Թերրի Ճորճ
Deadline.com կայքէջի աշխատակից Մայք Ֆլէմինկ հարցազրոց ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին«Խոստումը» ֆիլմի իրլանտացի բեմադրիչ Թերրի Ճորճի հետ։
– Դուք մեծցած էք Պելֆասթի մէջ խռովութիւններուն ճգնաժամի օրերուն։ Ի՞նչը ձեզ կը մղէ պատմելու այս պատմութիւնները‚ զորս ոչ մէկ շարժանկարի ընկերութիւն կ’ուզէ պատրաստել։
Ճ.-Երբ Շերիտընի հետ սկսայ աշխատիլ Իրլանտական մշակութային կեդրոնին մէջ եւ ապա պատրաստեցի In The Name of the Father եւ Some Mother’s Son շարժանկարները՝ այդ մէկը ինծի համար միջոց մը դարձաւ իմ փորձառութիւնս ներկայացնելու։ Փորձեցի կարելի եղածին չափ առարկայական ըլլալ եւ նոյն ատեն պատկերասրահի ակնդիրներուն հասկնալի դարձնել Ճիզեփէ Քոնլընի իրականութիւնը եւ In the Name of the Father-ի մէջ անոր փորձառութիւնը‚ նոյնպէս եւ Some Mother’s Son-ի մէջ Հելեն Միրընի տիպարը՝ որպէս հացադուլ կատարող մայր։ Այստեղ ես խանդավառուած էի խումբ մը դերասաններով‚ որոնք կը յայտնուին իրադարձութեան մէջ‚ եւ ակնդիրներուն կարելիութիւնը կու տան իրականութիւնը ապրելու։ Դուն կրնաս գիրքի մը մէջ ընկղմիլ‚ սակայն գիրքը‚ պատկերասրահ երթալու հաւաքական փորձառութիւն չէ։ Իսկապէս կը կարծեմ‚ որ այդ մէկը զգալու համար հաւաքական փորձառութեան կարիքը ունիս։ The Killing Fields-ի‚ Missing-ի եւ Schindler’s List-ի իմ վրաս գործած ազդեցութիւնը փաստ էր, որ ճիշդ է բնաւ չես կրնար երեւակայել տառապանքը‚ սակայն առնուազն կ’ունենաս զգացումներ ապրելու փորձառութիւնը՝ զայրոյթ‚ տխրութիւն‚ մելամաղձոտութիւն‚ իսկական ցաւ եւ ուրախութիւն։
Տ.- Պելֆասթի մէջ մեծցած ըլլալով՝ այս խառնակութիւնները ցուցադրող շարժանկարները ի՞նչ ձեւով ձեզի կը վերաբերին‚ ներառեալ այն երկուքը‚ զորս դուն գրեցիր՝ In The Name of the Father-ը եւ The Boxer-ը‚ ինչպէս նաեւ քու գրած ու բեմադրած՝ Some Mother’s Son-ը։
Ճ.- Շատ ջանք թափեցի պահը ճիշդ ներկայացնելու համար: Փորձեցի ներկայացնել փողոցի մէջ խռովութիւններու առթած զգացումը։ Կերի Քոլընը շատ լաւ ճանչցած եմ‚ ուստի կացութիւնը լաւապէս ըմբռնելով՝ կրնաս նոյնիսկ Հրատի վրայ իսկ մէկու մը մասին շարժանկար պատրաստել։ Մարդիկ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ բանտին մէջ ըլլալ‚ անոր տաժանելի բնոյթը, կամ մօր մը համար ի՛նչ կը նշանակէ ստիպուիլ որոշել իր զաւակին մահը արտօնել կամ փրկել զինք… կամ Ռուանտայի մէջ պանդոկի մը եւրոպասէր տնօրէն մը ի՛նչ կը զգայ‚ երբ յանկարծ աղէտի մը մէջ 500 անձ փրկելու պատասխանատուութիւնը կ’ունենայ։ The Promise-ի մէջ բազմաթիւ հետազօտութիւններ կան անձի մը պատահած աղէտալի դէպքերուն վերաբերեալ: Չեմ ըսեր‚ որ աղէտը ինծի պատահեցաւ‚ սակայն ուրիշներու միջոցաւ անոր ցնցումը ապրեցայ։ Կը յուսայի այդ մէկը փոխանցել։ Սակայն Ռապինի բնագիրով եւ Մայք Մետավոյի կամքով զայն կարելի է նկատել նաեւ հին ձեւի սիրոյ պատմութիւն՝ Dr. Zhivago-ի‚ Տէյվիտ Լինի‚ Ուորընը Պիթիի Reds, English Patient-ի նման։ Կը սիրեմ այդ գաղափարը‚ որովհետեւ կը կարծեմ‚ որ շատ հեռացած ենք այդպիսի պատմութիւններ պատմելէն։ The English Patient-ը կը կարծեմ վերջինն էր։
– Որքա՞ն դժուար էր դերասանները ապահովելը։
Ճ.- Քրիսթիան Պէյլը նիւթը շատ հարազատ զգաց‚ եւ անոր յարմարելու չափ մեծ շարժանկար մը կը պատրաստենք‚ նոյնը նաեւ Օսքար Այսաաքը, Ճէյմզ Քրոմուելն ու Շարլոթ լը Պոնը։ Bona fide շարժանկարներու դերասաններ ապահովեցինք: Մեծագոյն խնդիրներէն մէկն ալ այն էր‚ որ բոլոր այս շարժանկարներու պատրաստութեան համար ունէին 150-200 օր։ Հիմնականին մէջ 72 դժուար օրեր ունէինք։ Երեք երկիրներու մէջ 20 վայրերու մէջ լուսանկարեցինք‚ ինչ որ կը նշանակէ‚ թէ իւրաքանչիւր տեսարանի լուսանկարումը տեւեց երեք օր։ Որեւէ ատեն դարձեալ լուսանկարելու առիթ չունէինք։
Տ.-Ուստի խնդիրներ չկային
Ճ.- Խնդիրը գլխարկս վերցնելով գետին նետելս եւ այդպիսի բաներ էր։ Խնդիրը մեր փոխադրութեան համակարգն էր։ Մեծաթիւ օգնական դերասաններ ներառելը եւ դէպքին հարազատ զգացումը փոխանցելը շատ դուժար էր։ Վերջաւորութեան մահաքունի պէս բան մըն էր։ Ուստի երբեք չզգացի‚ որ պատմութեան ողնածուծը կորսնցուցինք‚ նաեւ շատ հետաքրքրական ու միաժամանակ վախազդու էր։ Շարժանկարը յաջողեցնելու նաեւ պատմական պարտաւորութիւնը ունիս‚ մասնաւորաբար երբ երեւակայածին տիպարներ կը ներմուծես իսկական դէպքերուն։ Շատ աշխատեցայ ներկայացնելու ճշգրիտ դէպքերը:
– Անկիւնադարձային դէպք մը՝ «Քրիսթալնախթ» մը կա՞ր։
Ճ.- Անոնց ամբողջ ցուցակ մը գոյութիւն ունի։ Ցեղասպանութիւնը հիմնականին մէջ սկսաւ 24 Ապրիլ 1915-ին‚ երբ Պոլսոյ մէջ 247 հայ մտաւորականներ ձերբակալուեցան‚ աքսորուեցան եւ անոնց մեծամասնութիւնը սպաննուեցաւ։ Նպատակը մտաւորականութիւնը բնաջնջելն էր։ Թուրքերուն‚ մասնաւորաբար անոնց ղեկավարին՝ Թալիաթ Փաշային, որ ներքին գործոց նախարարն էր‚ եւ անոր մօտիկ շրջապատին համար հիմնական ռազմավարութիւն մը կար՝ հաւատացնել, որ Ռուսիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող հայ բնակչութիւնը կրնայ հինգերորդ զօրասիւն մը ըլլալ‚ ուստի պէտք է հեռացուին‚ ապահովելու համար‚ որ կողմնակից չըլլան ռուսերուն‚ որովհետեւ վերջիններս քրիստոնեայ են։
– Ի՞նչպէս գործադրեցին այդ մէկը։
Ճ.- Զանոնք հիւսիսային Թուրքիայէն բռնի ուժով դուրս մղեցին եւ անապատին մէջ դէպի Սուրիա եւ Հալէպ քալել տուին։ Հոն ուր այսօր բախումներ տեղի կ’ունենան։ Կայ հռչակաւոր խօսք մը‚ որուն մէջ տոքթ. Նազիմը կ’ըսէ Թալիաթին…կամ իրականութեան մէջ իր զօրավարներէն մէկուն. «Ամբողջ ազգ մը չես կրնար վերացնել»‚ Թալիաթ Փաշան կը պատասխանէ‚ թէ զանոնք դէպի անապատ մղեցինք, եւ ոչ ոք գիտցաւ անոնց ինչ պատահեցաւ։ Այդ էր գլխաւոր նպատակը։ Ապա մարդիկ արջառներու փոխադրութեան ինքնաշարժներու մէջ դէպի Հալէպ ուղարկուեցան։ Պատերազմելու կարող 15-50 տարեկան այր մարդիկը զինուորագրուեցան‚ ապազինուեցան եւ աշխատանքային ջոկատներու մէջ սպաննուեցան։ Ուստի հայերէն ձերբազատուելու ռազմավարական որոշում գոյութիւն ունէր։ Երբ Հալէպ հասան‚ անոնք սոված էին։ Կազմուած ճամբարներուն մէջ սննդեղէն չկար։ Ուստի դիտաւորեալ ծրագիր մը կար։
Խումբ մը գիւղացիներ մերժեցին դէպի Հալէպ մահուան քայլարշաւները եւ թաքնուեցան Մուսա տաղ կոչուած լերան վրայ‚ եւ թրքական բանակը զանոնք 53 օր պաշարեց։ Անոնք ետ մղեցին թրքական բանակը, եւ ապա ֆրանսական ռազմանաւերը հասան ծովափ եւ ամբողջ բնակչութիւնը փրկեցին։ Այդ մէկը‚ Մուսա տաղի փրկութիւնը մեր շարժանկարին մաս կը կազմէ։ Մեր կերպարները այդ կացութեան մէջ յայտնած եմ։
– Ատիկա դիտելը նոյնիսկ դժուար է։
Ճ.- Ուստի հաւասարակշռութիւն մը գոյութիւն ունի, ամերիկացի լրագրողի մը դերը ստանձնած Քրիսթիան Պէյլի եւ բազմաթիւ տարիներ Ֆրանսա ապրած հայ կնոջ մը միջեւ սիրոյ պատմութիւն մը գոյութիւն ունի։ Վերջինս Պոլիս կու գայ եւ կը հանդիպի Օսքար Այզաքին‚ որ փոքր գիւղի մը մէջ դեղագործ մըն է։ Ան կ’ուզէր բժիշկ ըլլալ‚ սակայն նիւթական պայմանները չէին ներեր‚ եւ որպէսզի գումարը ապահովէ ան նշանուած է տեղւոյն հարուստ վաճառականներէն մէկուն աղջկան հետ։ Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի Աննային‚ որուն դերը ստանձած է Շարլոթ Լը Պոնը‚ որ կ’ապրի Քրիսթիանի հետ եւ կը գոյանայ սիրոյ եռանկիւն մը։ Ապա կը զինուորագրուի, եւ Աննան անոր ետեւէն կ’երթայ։ Ուստի դասական սիրոյ եռանկիւն մը կը ստեղծուի եւ ակնդիրները կը կապէ հայերուն ապրած փորձառութեան։ Ուստի մասամբ մեծարանք մըն է Լինի՝ Zhivago-ի‚ այդ շարժանկարներուն։
– Հոյակապ է‚ որ այս շարժանկարը պատրաստեցիր եւ Սթալոն չկրցաւ‚ երբ ան այնքան ազդեցութիւն ունէր։
Ճ.-Այո՛ ունէր։ Ան ապայման կ’ուզէր արտադրել Մուսա Տաղի պատմութիւնը‚ այդ գիրքը բաւական հռչակաւոր էր իբրեւ պաշարումի պատմութիւն մը։ Զայն օգտագործեցի։ Ատիկա դժուար էր… Այդ մէկը պատմական փաստերը առանց աղաւաղելու ներկայացնելու հասկացութիւնն է։ Ատիկա In the Name of the Father-էն սորվեցայ‚ երբ բրիտանացիները բուռն քննադատութեան ենթարկեցին մեզ։
– Ինչպէ՞ս։
Ճ.- Անոնք կ’ըսէն‚ որ բրիտանական դատարաններուն մէջ «approacj the dock»-ի նման բաներ չեն ըսեր։ Ո՛չ‚ չեն ըսեր‚ սակայն պէտք ունէի‚ որ Էմմա Թոմսընը՝ փաստաբանը, խօսի դատաւորին հետ‚ ուստի Շերիտընը եւ ես այդ մէկը հնարեցինք։ Ուստի‚ այդ մէկը օգտագործեցին ըսելու համար‚ որ շարժանկարը ճշմարիտ չէ: Տասը տարի ետք‚ Թոնի Պլերը ստիպուեցաւ Կերի Քոնքընը‚ իր ընտանիքը‚ այլ ամբաստանեալներ եւ զոհեր վարչապետարան հրաւիրել՝ ներում հայցելու համար։ Hotel Rwanda-ի հետ պատահածը հակառակն էր։
Զայն Ռուանտա տարի եւ նստեցայ նախագահ Քակամէի‚ անոր կնկան եւ ամբողջ խորհրդարանին կողքին ու զայն ցուցադրեցի։ Ինծի շնորհակալութիւն յայտնեցին։ Մէկ ամիս ետք Փօլ գրեց գիրք մը եւ վերջին գլուխին մէջ Քակամէն բռնատէր մը նկատեց։ Յանկարծ Hotel Rwanda-ն մատի փաթթոցի վերածուեցաւ։
– The Promise-ը եւ ցեղասպանութիւնը ցուցադրելը ինչպէ՞ս կը կարծէք, որ կ’ընկալուի։
Ճ.- Պիտի ըսէի, թէ ասիկա բոլորին մէջէն ամէնէն խնդրայարոյցը պիտի ըլլայ‚ որովհետեւ դէպքերը երկու կողմերուն կողմէ յաճախ բանավէճի վերածուած է հարիւրաւոր գիրքերու մէջ‚ սակայն կացութիւնը յստակացնելու համար շարժանկարներ չեն պատրաստուած։ Այս բաները տեսողական ձեւով ներկայացնելը ֆիլմարուեստի մեր կորսնցուցած պարտաւորութիւններէն մէկն է:
– Ինչո՞ւ կը կարծէք‚ որ կորսուած է։
Ճ.- Հոլիուտի շուրջ տեղի ունեցող մեծագոյն բանավէճը այն է‚ որ box office-ը եւ շահերու համեմատութիւնը տիրապետող է, որովհետեւ շարժանկար մը 250 միլիոն տոլար կ’արժէ‚ սակայն միլիառ տոլար շահ կ’ապահովէ։ Ուստի եթէ կ’ուզես մեծ շահ ապահովել‚ ինչո՞ւ ժամանակ վատնել եւ այսպիսի կամ Hotel Rwanda-ի նման շարժանկարներ պատրաստել, երբ այդ շահը կ’ապահովես այլ շարժանկարներով։ Ուստի պատմական պարտաւորութիւնը այժմ ձգուած է փոքր անկախ շարժանկարներու ընկերութեանց եւ որոշ չափով HBO-ի‚ սակայն ակնդիրները մութ սենեակ մը նստեցնելն ու զանոնք պատմական բանի մը փորձառութիւնը տալը… Schindler’s List-ը պէտք էր ցնցիչ ըլլար Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան կէսին համար։ Գիտեմ, որ The Killing Fields-ը այդպէս էր։ Missing եւ Քոսթա-Կավրասի աշխատանքը մտքիս մէջ մնացին այնպիսի ձեւով մը, որ ոչ մէկ ուրիշ բան իսկապէս կը մնայ։ Apocalypse Now, The Deer Hunter, այդ բացառիկ շարժանկարները երբ դիտես՝ զօրաւոր ազդեցութիւն կը գործեն վրադ: