Առաջնորդ Սրբազան հօր մասնակցութեամբ Գէմպրիճի մէջ նշուեցան Մուսա Լերան հերոսամարտի եւ Խաչվերացի տօները
Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2016-ին, Գէմպրիճի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ մասնակցութեամբ տեղւոյն հովիւին ու ներկայ եկեղեցականաց դասուն։
Ժամերգութենէն ետք, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ աղի օրհնութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը աղօթքով ու օրհնութիւններով յիշեց բոլոր հանգուցեալները եւ մանաւանդ Մուսա Լերան Հերոսամարտի նահատակները։ Ապա՝ նոյն երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ կազմակերպուած խրախճանքին եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց ներկայ ուխտաւոր ժողովուրդին եւ բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնի պատասխանատուները եւ բոլոր կամաւոր աշխատողները։ Ներկայ էր նաեւ Գանատայի զբօսաշրջութեան նախարարուհի Պարտիշ Չակըր։
Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2016-ին, դարձեալ Ս. Նշան Եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Խաչվերացի նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագիչն էր Թեմակալ Առաջնորդը։
Քարոզի աւարտին Բաբգէն Արքեպիսկոպոս բարձրօրէն գնահատեց Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանի ծառայութիւնը Գէյմպրիճի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ ճամբով մեր սիրեցեալ ժողովուրդին։ Ապա, պաշտօնապէս ներկայացուց նորանշանակ Հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեանը, եւ անոր մաղթեց բարի ծառայութիւն եւ ազգանուէր գործունէութիւն։