«Նարեկացի» ժողովրդական գործիքներու նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ Տաւուշի զինուորներուն համար
«Նարեկացի» արուեստի միութեան «Նարեկացի» ժողովրդական գործիքներու նուագախումբը իւրայատուկ համերգային ծրագրով հանդէս եկաւ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի գիւղին մէջ տեղակայուած «N» զօրամասին մէջ, ամէնամեայ «Մեղրի եւ հատապտուղներու փառատօնին» եւ Բերդ քաղաքի մշակոյթի տան մէջ:
Առաջին համերգը տեղի ունեցաւ «Մեղրի եւ հատապտուղներու փառատօնին», փառատօն մը, որ տարածաշրջանի (ներառուած Բերդ քաղաքը եւ յարակից 16 գիւղերը) այն իւրայատուկ միջոցառումներէն է, եթէ ոչ միակը, որ 1-2 օրերու ընթացքին կը փոխէ առկայ մթնոլորտը՝ տօն դարձնելով տեղի բնակչութեան առօրեան:
Այնուհետեւ Չինարի գիւղին մէջ տեղակայուած «N» զօրամասին մէջ մէկ ժամ տեւած համերգը անցաւ մէկ շունչով, յոտնկայս երկար ծափահարութիւններով։ Ժողովրդական մեղեդիներէն ետք SOAD-ի «Aerials» ստեղծագործութիւնը ժողովրդական գործիքներու կատարմամբ մեծ հիացմունք առաջացուցին:
Վերջաւորութեան կար նաեւ անակնկալ յատուկ զինուորներու համար՝ «Մեր անունն է հայկական բանակ» երգի կատարումը, որ մեծ ոգեւորութիւն առաջացուց զինուորներու շրջանակին մէջ: Նուագախումբը, ներդնելով իր ամբողջ ներուժն ու եռանդը, զինուորներէն ստացաւ ա՛լ աւելին:
Յաջորդ օրը՝ Օգոստոս 22-ին, նուագախումբը երկու համերգային ծրագրով հանդէս եկաւ սահմանամերձ Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաքի մշակոյթի տան մէջ. մէկը՝ յատուկ զինուորներու համար, միւսը` բերդցիներուն:
Համերգէն առաջ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Տէր Արամ քահանայ Միրզոյեանը, որ ըսաւ. «Ամէն վայրկեան կը մտածենք հայ զինուորին մասին: Կը հասկնանք, որ ըստ էութեան, մենք համազգային բանակ ենք, զինուոր ենք, գուցէ դատապարտուած ենք անոր, գուցէ մեր ուժը անոր մէջ է… Անպարտելի է այն ազգը, որ միասնականօրէն ոտքի կը կանգնի… Երէկ զօրամասի համերգէն ետք ինծի հեռաձայնեց զօրամասի հրամանատար փոխգնդապետ Յարութիւն Խառատեանը եւ իր հիացմունքի, զօրքի ոգեւորուածութեան ու նուագախումբով հիացած ըլլալուն մասին խօսեցաւ…
Սիրելի՛ զինուորներ, յարգարժան պարոն Յարութիւնեանը մեծ եւ ահռելի աշխատանք կը կատարէ հայ մշակոյթի բնագաւառէն ներս: Կ’ուզեմ ըսել, որ այսօր երկու կարեւոր սահմանապահեր հանդիպեր են իրարու՝ զինուորները, որոնք թշնամին կը դիմակայեն, եւ «Նարեկացի» նուագախումբը, որ կը պահպանէ հայ արուեստի մաքուր սահմանը: Դուք կը պահէք կարեւոր արժէքներ, եւ դուք այսօր իսկապէս պէտք է ցոյց տաք, թէ որն է մեր մաքրամաքուր եւ ջինջ մշակոյթը:
Մենք հպարտութեան զգացում ունինք անոր համար, որ, ապրելով մայրաքաղաքին մէջ, ձեր սիրտը կը բաբախէ զինուորին հետ, զինուորին կողքին, առաջնագիծի վրայ… Իսկապէս, շատ ուրախ եմ այսօրուան համար, մենք շատ ուրախ ենք՝ Արտեմ Խաչատուրին տեսնելնուս համար, մենք պէտք է միասնական ուժով ցոյց տանք, թէ որն է իրականը, որն է հայկականը, որն է գեղեցիկը, քանի որ ինչ որ գեղեցիկ է, աստուածային է…»:
Համերգի աւարտին զօրամասի հրամանատարութիւնը միութեան անակնկալ մատուցեց. հայոց բանակին հանդէպ տածած բացառիկ վերաբերմունքին համար շնորհակալագիր շնորհուեցաւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեանին, ինչպէս նաեւ Արեւիկ Համբարեանին՝ բանակ-հասարակութիւն կապի ամրապնդման եւ զօրամասի անձնակազմին հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու ամրապնդման համար:
Անակնկալ մը եւս եղաւ. Բերդի Մշակոյթի տան տնօրէն Տանիա Մելիքեանը նուագախումբին կոնտրաբաս նուիրեց, որ մեծագոյն ոգեւորուածութեամբ եւ սիրով ընդունեց «Նարեկացի» նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Արտեմ Խաչատուրը՝ յայտնելով իր խորին շնորհակալութիւնը:
«Նարեկացի» նուագախումբին համերգաշարը իր խօսքով եզրափակեց Նարեկ Յարութիւնեանը.
– Այս երկու օրուան չորս համերգները տեղի ունեցան չքնաղ հրեշտակի մը՝ Արեւիկ անունով աղջկան մը շնորհիւ. շաբաթներ առաջ ան եկաւ «Նարեկացի» արուեստի միութիւն եւ ըսաւ՝ ինչ լաւ կ’ըլլայ, որ «Նարեկացի» ժողովրդական գործիքներու նուագախումբը ելոյթ ունենայ զինուորներուն համար: Մենք իսկոյն համաձայնեցանք, որովհետեւ մեզի համար պատիւ է ձեզի մատուցել այն, ինչ որ հայկական է, ազգային է, ժողովրդական է, մաքուր է: Մեծ սիրով կը կատարուի այս ամէնը, եւ առաւել պարտաւորուած կը զգանք, երբ զինուորին դիմաց կը գտնուինք: Ամէն վայրկյեան կրնայ փոխուիլ Հայաստանի ճակատագիրը: Դուք էք պահապանները, եւ եթէ չըլլան փոքրիկ նժդեհներ, կեանքը կանգ կ’առնէ, մենք գոյութիւն չենք ունենար: Դուք էք վահանը հայ ժողովուրդին: Յառաջիկայ տարի անպայման նորէն կու գանք, բերդցինե՛ր:
Նշենք, որ Բերդ քաղաքը իր տասնհինգ գիւղերով կը հանդիսանայ ամենաերկար սահմանը հարեւան երկրի հետ: Այդ իսկ պատճառով այն բացառիկ կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստան աշխարհի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման համար: Անով կը բացատրուի «Նարեկացի» արուեստի միութեան բացառիկ վերաբերմունքը յատկապէս այդ տարածաշրջանին նկատմամբ, եւ այս մէկը շարունակական պիտի ըլլայ: