Ո՞վ էր թրքական ոստիկանատան վրայ անձնասպանական գործողութիւն կատարած զինեալը

 

Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան զինուորական թեւը հանդիսացող HPG-ն Օգոստոս 27-ին Ֆիրաթ լրատուական կայքին վրայ հրապարակած է Օգոստոս 26-ին Թուրքիոյ քրտաբնակ Շըռնաք նահանգի Ճիզրէ քաղաքին մէջ ոստիկանութեան շէնքին դէմ ականահարման անձնասպանական գործողողութիւն նկատարած քիւրտ զինեալին լուսանկարը: Ըստ նոյն աղբիւրին, անձնասպանական գործողութիւնը կատարած է Մուսթաֆա Ասլան, մարտական անունով՝ Ֆիրաթ Փիրսուս։ Պայթումին պատճառով  սպաննուաեծ էին 11 թուրք ոստիկաններ եւ վիրաւորուած աւելի քան 80։

Ճիզրէի ոստիկանատան դէմ ռումբով բեռնուած մեքենայով խոշոր յարձակումէն յետոյ, թրքական մամուլին մէջ սկսած են յիշատակել, որ տուեալ ոստիկանատան տարածքէն ուղիղ մէկ տարի առաջ կը կրակէին քիւրտերու վրայ ու կ՝ըսէին․ «Հայերը կը հպարտանան ձեզմով, բոլորդ հայ էք»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.