Թրքական հրասայլեր ներխուժած են Հալէպի նահանգային տարածք

 

Օգոստոս 24-ի առաւօտուն Թուրքիոյ բանակի ստորաբաժանումներուն հետ մէկտեղ  թրքական հրասայլեր ալ ներխուժած են Սուրիոյ Հալէպի նահանգի Ճարապլոս քաղաք:

Թրքական «Haberler» լրատուամիջոցը, յղում կատարելով զինուորական աղբիւրներուն, նշած է, որ թրքական հրասայլերը արդէն կը ռմբակոծեն քաղաքը իրենց վերահսկողութեան տակ պահող «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներու յենակէտերը: Թուրք-սուրիական սահմանի երկայնքով կռիւներ կը մղուին նաեւ Սուրիոյ Ազատ բանակի եւ ԻՊ-ի զինեալներու միջեւ:

Գործողութիւնը ստացած է «Եփրատի վահան» անուանումը, որ,  ըստ թրքական ընդդիմադիր «Cumhuriyet» պարբերականին, կը խօսի այն մասին, որ նշեալ գործողութիւնը յատկապէս ուղղուած է Սուրիոյ «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» (ԺՄԿ-PYD) դէմ:

Պարզաբանելով «Եփրատի վահան» անուան իրական նշանակութիւնը՝ աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիան միշտ ալ դէմ եղած է, որ Սիրիոյ քրտական ուժերը ԻՊ-ի դէմ պայքարելով անցնին Եփրատ գետի արեւմտեան ափը եւ դիրքաւորուին այնտեղ: Անկէ բացի կը նշուի, որ ԱՄՆ-ի պետքարտուղարութեան խոսնակ Մարք Թոների վերջին յայտարարութեան մէջ պարզորոշ ըսուած է, որ նշեալ գործողութեան ժամանակ թիրախը միայն ԻՊ-ն պիտի չըլլայ:

Սուրիան դատապարտած է Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնները սուրիական տարածքին մէջ

Սիրիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է՝ դատապարտելով միջազգային աջակցութեամբ Թուրքիոյ զինուժին կողմէ Սիրիոյ հիւսիսային Ճարապլոս քաղաքին մէջ «Իսլամական պետություն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներու դէմ կատարուող գործողութիւնը:

Թրքական սայլերու եւ զրահատեսակներու մուտքը սահմանամերձ Ճարապլոս համարուած է Սուրիոյ ինքնիշխանութեան խախտում:

Սուրիական կողմը յիշեցուցած է նաեւ, որ երկրի տարածքին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի որեւէ գործողութիւն կ’իրականացուի Դամասկոսի իշխանութիւններուն հետ համաձայնելու պարագային միայն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.