2017-ին Ստեփանակերտի «Սօսէ» Մանկապարտէզը Իր Դռները Կը Բանայ 130 Փոքրիկներու Համար

 

Հերթական այցով Արցախ կը գտնուի Արցախի բարեկամ, Արցախի մէջ իրագործուած բազում բարեգործական ծրագիրներու անմիջական մասնակից Ժասիկ Պունիաթեան:

Այցելութեան ծիրէն ներս՝ Ժասիկ Պունիաթեան այցելած է Արցախի շարք մը գիւղեր եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ նաեւ առաջնագիծ:

Ըստ Aparaj.am-ի՝ Օգոստոս 17-ին Ժասիկ Պունիաթեան, Արցախի ՀՕՄ մեկուսի միաւորի ընկերուհիներուն հետ, այցելած է Ստեփանակերտի մէջ կառուցուող «Սօսէ» մանկապարտէզ, ծանօթացած իրականացուող աշխատանքներուն:

Նշենք, որ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքներուն իրենց անմիջական մասնակցութիւնը կը բերեն ՀՕՄի բոլոր միաւորները։ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ կազմուած է 14 անդամներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որոնք ՀՕՄի աշխարհասփիւռ կառոյցի ընկերուհիներուն հետ համագործակցելով հնարաւորն ու անհնարինը կընեն մանկապարտէզին համար նախատեսուած գումարը ամբողջութեամբ հաւաքելու , որպէսզի խոստացածին պէս յաջորդ տարուան Սեպտեմբեր ամսուն Ստեփանակերտի « Սօսէ» մանկապարտէզը իր դռները բանայ ստեփանակերտցի 130 փոքրիկներու համար:

 Այս ծրագիրը յաջողցնելու  նպատակով, Շրջանային վարչութիւնները կազմած են նաեւ  ենթայանձնախումբեր, որոնք կ՛աշխատին Կեդրոնական վարչութեան յանձնախումբին հովանիին ներքոյ։

«Մանկապարտէզի երրորդ յարկի աշխատանքները վերջացած են, տանիքը գրեթէ պատրաստ է: Այս պահուն գումարի մեծ մասը հայթայթուած է, սակայն ոչ ամբողջութեամբ` մենք դեռ գումարի անհրաժեշտութիւն ունինք, եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ մինչեւ հասնինք մեր նպատակին: Այս մանկապարտէզի շինարարութիւնը ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր շրջաններու աշխատանքի արդիւնքն է: Մենք պատասխանատու ենք ամէն մէկ անհատի, որ գումար  նուիրաբերած է մանկապարտէզին համար եւ մեր պարտքն է ցոյց տալ, թէ ամէն մէկ հանգանակուած լումա ինչ աշխատանքներու վրայ կը ծախսուի»,-նշած է Ժասիկ Պունիաթեան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.