Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ ՄԱԿ-ի բանագնաց Տի Միսթուրայի հետ
Օգոստոս 16-ին, Ժընեւի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ տագնապի գծով Մ.Ա.Կ.-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տի Միսթուրայի հետ։ Հանդիպման մասնակցեցան Տի Միսթուրայի երկու գլխաւոր օգնականները, իսկ Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի Վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Ժընեւի մէջ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական ներկայացուցիչ Տիկ. Թենի Սիմոնեան։
Հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը, որու ընթացքին Տի Միսթուրա ընդհանուր գծերով ներկայացուց Սուրիոյ տագնապի վերջին զարգացումները՝ թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց սուրիական տագնապին շուտափոյթ լուծում տալու հրամայականը, որ կարելի է իրագործել շրջանային ու միջազգային ուժերու գործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչներուն աջակցութիւն ընծայող աղբիւրները փակելով։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետի եւ Տի Միսթուրայի հետ տեղի ունեցած առանձին եւ մտերմիկ հանդիպման ընթացքին, միջազգային դիւանագէտը յոյս յայտնեց, թէ որոշ դրական զարգացումներ կրնան յատկապէս Հալէպի տագնապը լուծման առաջնորդել։
Յայտնենք, որ Նորին Սրբութեան եւ Տի Միսթուրայի հետ հանդիպում մը կայացած էր տարի մը առաջ Աթէնքի մէջ։