Ատրպէյճանի ի նպաստ լրտեսելու մեղադրանքով ձերբակալեալներու դատավարութիւնը
Երեւանի Նորք Մարաշ եւ Կեդրոն համայնքներու դատարանը երէկ վճիռ արձակեց երեք ամբաստանեալներու դէմ, որոնք կը մեղադրուին Ատրպէյճանի ի նպաստ լրտեսութիւն կատարելու ամբաստանութեամբ։ Մարմարա օրին անդրադարձած էր այս թէմային, հաղորդելով որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան Ծառայութեան աշխատակիցները ձերբակալած էին երեք անձեր, որոնք թուրքիոյ մէջ առժամաբար բնակութիւն հաստատելէ ետք, դարձած էին Ատրպէյճանի գործակալներ ու լրտեսութիւն կատարած էին այդ երկրին ի նպաստ։
Դատավարութիւնը հասաւ աւարտին ու երէկ հրապարակուեցաւ վճիռը։ Ռաֆիկ Պապոյեան ու Կարինէ ումաշեան մեղաւոր հռչակուեցան պետական դաւաճանութեան յանձանքով ու դատապարտուեցան 14 եւ 12 տարի բանտարկութեան։
Ռաֆիկ Պապոյեանի որդին՝ Սէրկէյ Պապոյեան որ նոյնպէս կը մեղադրուէր պետական դաւաճանութեամբ, անմեղ հռչակուեցաւ ու ազատ արձակուեցաւ։
Կարինէ ումաշեանին մեղադրանք առաջադրուած էր այն բանի համար, որ ան բնակելով Թուրքիոյ մէջ, դարձած էր Ատրպէյճանի հետախուզական ծառայութիւններու գործակալ ու 2013-ին հաւաքագրուած էր Արման անունով անձի մը կողմէ։ Ստանալով վարձատրութիւն, ընդհանուր առմամբ 1500 տոլար, ան ստացած էր առաջադրանք, կիրարկելով գաղտնապահութեան կանոնները պահպանելու մէթոտները, Հայաստանէն հեռաձայնով չզանգահարել Արման անունով ներկայացած անձին ու այդ ծանօթութեան մասին ո՛չ մէկուն յայտնել։
Ռաֆիկ Պապոյեան կը մեղադրուի այն յանձանքով, որ ան բնակելով Թուրքիոյ մէջ, դարձած է Ատրպէյճանի լրտես, հաւաքագրուելով Սէյրան անունով անձի մը կողմէ ու կատարած է Ատրպէյճանի հետախուզութեան ծառայութեան առաջադրանքները, Հայաստանէն Թուրքիա ժամանած անձերու միջեւ ընտրելով այնպիսի անձեր, որոնք կրնային հաւաքագրուիլ ատրպէյճանական հետախուզական ծառայութեան կողմէ։
Սէրկէյ Պապոյեան ի դէմ նոյնպէս մեղադրանք առաջադրուած էր այն բանի համար, որ ան Թուրքիոյ մէջ բնակելով իր հօր հետ, հօր թելադրութեամբ, Վրաստանի Թիֆլիս քաղաքի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Սէյրան անունով անձի մը հետ եւ հաւաքագրուած է անոր կողմէ, տրամադրելով տեղեկութիւններ Ղարաբաղի Մարտունի շրջանին մէջ որպէս հետախոյզ իր ծառայութեան ընթացքին ունեցած տեղեկութիւններու վերաբերեալ։ Ան այդ զօրամասի մասին համացանցի »սքայփ« եւ »օտնոքլասնիքի« ընկերային ցանցերով տեղեկութիւններ փոխանցած է Սէյրան անունով անձին։
Կարինէ ումաշեան եւ Ռաֆիկ Պապոյեան բանտ տարուեցան, իսկ Սէրկէյ Պապոյեան ազատ արձակուեցաւ դատարանի դահլիճէն։