Թուրքիոյ իրաւ կամ պատրուակ պետական հարուածի անսահմանափակ չարաշահումը
Յուլիս 19-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուորական պետական հարուածի ձախող փորձը եւ անոր հետեւանքները բազմատեսակ մեկնաբանութիւններու առիթ տուին եւ դեռ այդպէս պիտի շարունակուի, միջազգային այլապէս պղտոր կացութեան մէջ: Օրերը կ’անցնին, բայց հակառակ ժամանակի հեռաւորութեան, խնդիրը կը պահէ իր այժմէականութիւնը, հարցականներ եւ վերաբերումներ:
Մուսթաֆա Քեմալի ստեղծած մասամբ ազատական եւ աշխարհիկ հանրապետութիւնը Թուրքիոյ մէջ խոր արմատներ ունի, սերունդներ այդպէս ապրած են, մանաւանդ մեծ քաղաքներու մէջ, ուր արեւմտեան բարքերը աւելի ազատ մուտք գործած են, դարձած են կենցաղ, սովորութիւն: Րէճէփ Էրտողանի չափաւոր յայտարարուած կրօնական-իսլամական իշխանական վարքագիծը պիտի անհանգստացնէր ժողովուրդի յառաջադէմ եւ զարգացած շրջանակները, մտաւորականները, լրագրողները, արուեստագէտները, առեւտրականները, Մուսթաֆա Քեմալի ժառանգութիւնը պահողները եւ բանակը: Այս վերջինը միշտ հանդիսացած է քեմալական հանրապետութեան պահակը եւ անհրաժեշտ համարած պահուն միջամտած:
Ճիշդ է, այս անգամ ալ բանակին կը վերագրուի պետական հարուածի պատասխանատուութիւնը: Բայց դիտելով զանգուածային ձերբակալութիւնները, կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ բազմաթիւ հոսանքներու ուղղակի կամ անուղղակի համագործակցութիւն կայ: Րէճէփ Էրտողան կ’ամբաստանէ իր նախկին գործակից Ֆէթհիւլլահ Կիւլէնը, ան ալ պահպանողական մահմետական, այսօր ինքզինք դասած կը թուի ըլլալ Արեւմուտքի ծիրին մէջ, Մուսթաֆա Քեմալի եւ նոյնիսկ զօրավար Քենան Էվրէն զինուորական իշխանութեան վարքագիծին հետեւորդները, որոնք ազգային արդիական պետութեան մը կը ցանկան:
Բայց Րաճէփ Էրտողանի այս բոլորը բաները շատ բան չեն նշանակեր: Ան կ’ուզէ միահեծան իշխանութիւն հաստատել եւ պատեհ առիթը ներակայացած է ճկելու ամէն կարգի ընդդիմութիւն: Հանրապետութեան հիմնադիր Քեմալի իրաւ կամ երեւակայական հետեւորդները պէտք է չեզոքացնել, որպէսզի օրէնք եւ սահմանադրութիւն փոխուին, որպէսզի իր նախագահական ժամանակը չսահմանափակուի, ինչպէս այդ կ’ընէին կարգ մը երկիրներ, երբ գաղութարարական դրութենէն դուրս կու գային եւ անդադար կը վերընտրուէին կամ կ’ըլլային ցկեանս նախագահ: Արդէն ան Անգարայի մէջ կը բնակի սուլթանական ապարանքի մէջ. 200.000 քառակուսի մեթր: Այս մէկն ալ կը կոչուի Սպիտակ պալատ: Մեծամոլիկութեան պատկեր մը:
Թուրքիան կը թեքի կրօնական-իսլամական պետական ձեւին, ինչ որ կը թուի ըլլալ Արեւելքի մէջ ընդհանուր շարժում մը: Եւրոպան կը խորհէր, խորհողներ ալ կան, որ Թուրքիան չի հետեւիր այդ հոսանքին, մինչդեռ իսլամ ծայրայեղականներու ծաւալած ահաբեկչական գործունէութեան հանդէպ կը ցուցաբերէր ուղղակի եւ կամ անուղղակի համակրանք, ընծայելով դիւրութիւններ: Տագնապը ստեղծուեցաւ երբ «Ճումհուրրիյէթ» փաստեր հրապարակեց Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեանց (MIT) կողմէ «Իսլամական Պետութեան» տրամադրուելիք զէնք-զինամթերքի մասին:
15 յուլիսէն ի վեր, այսինքն պետական հարուածի փորձէն ի վեր, Թուրքիոյ մէջ դադրած է գործելէ պետական օրինականութեան համակարգը (Etat de droit): Փակուած են 45 թերթեր, հեռատեսիլի 16 եւ ձայնասփիւռի 26 կայաններ, մամուլի 3 գործակալութիւններ, 29 հրատարակչատուներ եւ 15 շաբաթաթերթեր: Այս բոլորի գումարը ենթադրել կու տայ դժգոհութեան ալիքի մեծութիւնը եւ իշխանութեան դէմ ծաւալած ոչ-մասնակի շարժումը, զորս կարելի չէ վերագրել դժգոհներու խմբակի մը:
Այս հալածանքին թիրախ եղած են, ի հարկէ, զինուորականներ. 150 զօրավարներ, 1099 սպաներ: 15.000 անձեր դատի յանձնուած են եւ հազարաւոր ուսուցիչներ եւ դասախօսներ աշխատանքէ արձակուած են: Միջազգային հանրային կարծիքը, Եւրոպան եւ Ամերիկան, Ռուսիան եւ Չինաստանը, եւ միւսները, Թուրքիոյ նկատմամբ երբ վերաբերում կը ճշդեն, այս թիւերը պէտք է գումարեն եւ եզրակացնեն: Արդեօ՞ք իրենց լռութիւններով, մրցահցութիւններով եւ սիրաշահելու ճապկումներով նոր բռանտէրի յայտնութեան չեն նպաստեր, որուն դէմ յետոյ տարիներով պիտի պայքարին:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ, Թուրքիոյ մէջ կը հաստատուի նոր պետութիւն՝ կրօնական բնոյթով, որ միջինարեւելեան քաղաքական պատկերը արմատական փոփոխութեան կ’ենթարկէ: Արեւմուտքի կապերը այնքան բազմազան են Թուրքիոյ հետ, որ խարխափումի շրջան մը պիտի սկսի, աննախատեսելի հետեւանքներով: Եւ Թուրքիան, ինչպէս իր պատմութեան ընթացքին, իր կշիռքի երկու նժարներու վրայ խաղը պիտի վերսկսի, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ (politique de bascule):
Րէճիփ Էրտողան իր բիրտ եւ անսանձ հակազդեցութեամբ ցոյց տուաւ Թուրքիոյ իրաւ պատկերը, այն՝ որ իր ինք երբեք տրամադիր չէ հետեւելու Եւրոմիութեան արժէքներու համակարգին: Պարզ. դէպքերը ցոյց տուին, որ Թուրքիան շատ հեռու է եւրոպական երկիր համարուելու վիճակէն: Երբ Եւրոպայի մէջ, Քէոլն կամ Սթրազպուրկ հազարաւոր թուրքերու մասնակցութեամբ ցոյցեր տեղի կ’ունենան Րէճիփ Էրտողանի բռնութիւններուն զօրակցելու համար, ինչպէ՞ս կարելի է չմտածել, որ կրօնական ծայրայեղականութիւնը եւ թրքական նոր տեսակի նուաճողական քաղաքականութիւն մը հետապնդուի:
Յաճախ կը յիշեմ Ամերիկայի Մորկանթաու դեսպանին խօսքը, որ «Թուրքիան քաղաքական աւազակ մըն է», նաեւ իր ժողովուրդին դէմ: Վերեւ նշուած թիւերը, նուազագոյն իրատեսութիւն ունեցողը ինչպէ՞ս չեն ցնցեր: Եւրոպայի մէջ իրարանցում կայ գաղթականութեան ներխուժման հարցով: Ի՞նչ պիտի պատահի եթէ Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն կնքուի, որ անոր քաղաքացիները ազատ ելք եւ մուտք ունենան Եւրոպա: Սթրազպուրկի եւ Քէօլնի ցուցարարները պիտի դառնա՞ն նոր տեսակի գրաւման բանակ:
Երբեմն պէտք է յիշել, որ մինչեւ Եւրոպայի սիրտը տարածուած օսմանեան տիրապետութիւնը կանգ առած էր Վիէննայի դռներուն առջեւ, 1683-ին, վերջ տալով քաղաքի երկրորդ պաշարման, որուն հետեւանքով սկսաւ օսմանեան նահանջը Կեդրոնական Եւրոպայէն: Եթէ ուրիշներ չեն յիշեր, աւստրիացիներ կը յիշեն իրենց պատմութիւնը: Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարարը, Հանս Փիթըր Տոզքոզիլ չի բաւարարուիր կրկնելով նորատեսակ մեծանուն կառօյցներու քաղաքական որձեւէգ բառապաշարը, գիտէ, հասկցած է, որ Թուրքիոյ մէջ արթնցած է սուլթանական մենատիրութեան եւ նուաճողականութեան երազը, որ Րէճիփ Էրտողական նոր ինքնակալ մըն է: Եւ առանց զիկզակելու կ’ըսէ, որ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն վերջ պէտք է տալ, առանց այդ երկրի ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու եւ պաշտպանելու մեր քաղաքակրթական սահմանները: Այս պարագային կը ծագի երկրորդ հարց մը. ինչո՞ւ Արեւմուտքը ինքնիրեն արտօնեց միջամտել Սուրիոյ մէջ, այժմ կ’ուզէ պաշտպանել միայն իր սահմանները: Սուրիոյ մէջ արեւմտեան միջամտութիւնը Րէճիփ Էրտողականի ծաւալապաշտական քաղաքականութեան հետապնդումը չէ՞ր, ձեռք դնելու համար նաւթահորերու վրայ:
Նոյն այդ ծաւալապաշտութեան արտայայտութիւնն է Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերուած անթաքոյց օժանդակութիւնը Ազրպէյճանի, երբ կ’ուզէ մասնակցիլ խաղաղութեան Մինսքի խմբակի ծիրէն ներս ընթացող բանակցութիւններուն:
Օգոստոս 10-ին, Սեւրի չգործադրուած խաղաղութեան դաշնագրի տարեդարձի օրը, Հայաստանի նախագահը Մոսկուա հրաւիրուած է: Որպէս իր ինքնութիւնը եւ իրաւունքները հետապնդող ազգի նախագահ, մեր ժողովուրդը իրաւազրկած նոր տեսակի Լոզանի դաշնագրով մը չի վերադառնար: Որպէսզի այդ չըլլայ, ամառնային երջանկութիւնը, ծովափներու farniente-ն, մեզ ընդարմացած պէտք չէ պահէ:
Հաւատք թարմացնելու համար, օգոստոսին թերեւս ուխտի պէտք է երթալ Փարիզի Փէր Լաշէզ գերեզմանատունը, լսելու համար Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած Աւետիս Ահարոնեանի անդրշիրիմեան պատգամը: Սեւրի դաշնագիր, որուն համար Թուրքիան ըսած էր «էօլիւմ» (մահ), եւ յաջորդած Լոզանի դաշնագրին համար՝ «հայաթ» (կեանք):
Ինչո՞ւ խորհրդակցութեան մը համար տեղ մը չեն հրաւիրեր Հանս Փիթըր Տոզքոզիլը…
Իսկ մինչեւ ե՞րբ կրնան շարունակուիլ ասդիէն անդիէն հնչած անհետեւանք դատապարտութեան խօսքերը: Րէճիփ Էրտողան նո՞ր «նացի՞զմ» պիտի հաստատէ, ճամբարներու մէջ դնելու համար մտաւորականները, ազատականները, քիւրտերը: Բայց չէ որ կ’ըսեն, թէ քաղաքականութիւնը նախատեսելու արուեստն է:
Իսկ Արեւմուտքը կրկին չեմ գիտեր ինչ զիջելով ինչեր փրկելու համար կրկին «Միւնի՞խ» պիտի երթայ, ինչպէս որ ըրաւ Հիթլերի հետ…
Եւ եղաւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմը:
Վիէննայի պարիսպները փակուած էին: Բա՞ց պիտի ըլլան Պրիւքսէլի պարիսպները:
Յ. Պալեան