Առաջնորդ Մուրատեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան 25ամեակի Հանդիսութիւն

 

ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Նոր Հայաստան».- Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդանիստ Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, Յունուար 13ին կատարուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ, նորընտիր առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25ամեակին առիթով: Ներկայ էին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ զոյգ առաջնորդներուն, Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ

Լոս Անճելըսի հայկական քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ ժողովուրդ:
ընթացքին Միւռոն վրդ. Ազնիկեան եւ Միքայէլ քհնյ. Կիւրեղեան փոխանցեցին առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի շնորհաւորանքները: Քարոզեց եւ Մկրտութեան ու Դրոշմի աստուածային պատգամներու՝ Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ վրայ հիմնուած պատգամը տուաւ յոբելեար սրբազանը:
Յաւարտ Ս. պատարագի, եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ, Տիկնանց միութեան կազմակերպած ընդունելութենէն ու հայր Գրիգոր Շահինեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ մայր եւ դուստր Քերքոնեաններու ու «Այտընեան» երգչախումբի, ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Կրեկ Սարոյեանի:
Յոբելեար սրբազանին ամփոփ կենսագրականը ներկայացուց հանդիսավար Անթուան Գարամանլեան, իսկ սրտի խօսքերով հանդէս եկան եկեղեցւոյ գործունեայ անդամներէն Սահակ Սէրայտարեան եւ դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեան:
Հուսկ, շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ Միքայէլ եպս. Մուրատեան: Մանրամասնութիւնները՝ հետագային:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.