Ցեղասպանութեան Հատուցումներու Հարցին Շուրջ Իրաւաբաններու Միջեւ Վէճը Կը Բարդանայ

 

ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ֆրանսական «Աքսա» ընկերութեան դէմ՝ այդ ընկերութենէն ապահովագրութիւն գնած ու Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուածներու ժառանգորդներուն անունով դատ բացած իրաւաբաններուն միջեւ ծագած վնասակար վէճը նոր հանգրուան մը մուտք գործեց Դեկտեմբեր 31ին, երբ իրաւաբան Պրայըն Քապաթեք Միացեալ Նահանգներու Շրջանային ատեանին դիմեց՝ հետաքննութիւն սկսելու համար իր նախկին գործակից իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանի դէմ, զայն ամբաստանելով կեղծ բարեսիրական միութեան մը միջոցաւ վնասուց հատուցումներու գումարէն մաս մը շահագործելու յանցանքով:
Այս արարքէն անմիջապէս ետք, Եղիայեան դատական հայց ներկայացուց՝ անհիմն համարելով իր հասցէին կատարուած պնդումները:
Քապաթեք Եղիայեանի եւ Մարք Կիրակոսի հետ բացած էր «Աքսա»ի դէմ դատը: Ան այժմ կը պնդէ, թէ Եղիայեան մօտաւորապէս 1 միլիոն տոլար շահագործած է դատէն ապահովուած վնասուց հատուցումներէն՝ հաստատելով մարդասիրական հինգ կեղծ ընկերութիւններ, որոնց տրամադրուած գումարները ան սեփական նպատակներու համար շահգործած է:
Իսկ Եղիայեանի անունով իրաւաբան Ռոման Սիլպըրֆելտի կողմէ ներկայացուցած հայցին մէջ կը պնդուի, թէ Մարտ 2011ին, Քապաթեքի եւ Կիրակոսի կողմէ Եղիայեանի դէմ բացուած դատը նեղ կացութեան մատնած է դատ բացող երկու իրաւաբանները, որոնք կը գտնուին իրենց որոշումով կատարուած անտեղի հատուցումներուն մասին բացատրութիւններ տալու դժուար կացութեան առջեւ: Կը շեշտուի, թէ Եղիայեան կտրուկ կերպով կը հերքէ գումարները շահագործելու կապակցութեամբ իր հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնը:
Դատարանը Յունուար 28ին պիտի քննէ այս հարցը, սակայն ի՛նչ ալ ըլլայ արդիւնքը, իրենք զիրենք Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն ներկայացուցիչը ըլլալու յարմար նկատած իրաւաբաններուն միջեւ վէճը արդէն իսկ վնաս հասցուցած է արդար հատուցումներ ապահովելու գործին, եւ իրաւաբաններուն նկատմամբ հայ ժողովուրդին վստահութիւնը խախտած է: Յոյժ կարեւոր է, որ առաւելագոյն թափանցիկութիւն ապահովուի:
«Ասպարէզ» պիտի շարունակէ մօտէն հետեւիլ այս հարցին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.