Երեւանի Ոստիկանապետը Պաշտօնանկ Եղած Է

 

0809ashodgarabedian

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի ոստիկանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ոստիկանութեան մէջ ընթացող ծառայողական քննութիւններուն իբրեւ արդիւնք, ոստիկանութեան պետի հրամաններով, ոստիկանութեան քանի մը ծառայողներ, որոնց կարգին՝ ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետ Աշոտ Կարապետեան, ենթարկուած են կարգապահական հաշուետուութեան:

Հայաստանի ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանի հրամանով, Աշոտ Կարապետեան զերծ կացուցուած է իր պաշտօնէն: Անոր փոխարէն նշանակուած է Շիրակի մարզի ոստիկանապետ Սարգիս Մարտիրոսեանը:

Սարգիս Մարտիրոսեան 2015-2016ին եղած է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետի գործադիր տեղակալ, իսկ ոստիկանութեան պետի 2 Մարտ 2016ի հրամանով նշանակուած էր ոստիկանութեան Շիրակի մարզային վարչութեան պետ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.