Միջազգային Ներումը Կը Դատապարտէ Պոլսահայու Սպանութիւնը
ԼՈՆՏՈՆ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Դեկտեմբեր 28ին, ծայրայեղ իսլամականներով բնակուած Պոլսոյ Ֆեթիհ թաղամասին մէջ դաժանաբար սպաննուած էր հայազգի 85ամեայ Մարիցա Քիւչուքը: Անոր դիակը գտած էր Մարիցայի որդին՝ Զատիկը, որ աւելի ուշ «Ակօս» թերթին պատմած էր, թէ իր մօրը կրծքավանդակին վրայ դանակով խաչի նշան ըրած էին մարդասպանները: Կեսարիացի Մարիցա Քիւչուքը կը զբաղէր նպարավաճառութեամբ:
Հայազգի կնոջ սպանութիւնը դատապարտեց մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային ներում (Amnesty International) կազմակերպութիւնը:
«Յունուար 6ին, Սուրբ Ծնունդը նշող Պոլսոյ հայ համայնքը շուքի տակ էր», ըսուած է կազմակերպութեան կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ նշուած է, թէ առայժմ սպանութեան մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուած, սակայն կ՛ենթադրուի, որ անիկա ատելութեան հիման վրայ իրականացուած ոճիր մըն է:
Կազմակերպութիւնը նաեւ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ լրջութեամբ մօտենան նման դէպքերու հետաքննութեան եւ պատասխանատուութեան կանչեն մեղաւորները՝ միաժամանակ դիմելով անհրաժեշտ քայլերու, որպէսզի ժողովուրդը անհանդուրժողականութեան մշակոյթէն եւ ռազմատենչ ազգայնամոլութենէն հրաժարի: