Պաքու Կը Պնդէ Ղարաբաղեան Կարգաւորման Փուլային Լուծումին Վրայ

 

ՊԱՔՈՒ, «ՓանԱրմինիըն».- Երկուշաբթի, 11 Յուլիսին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան միակ հնարաւոր լուծումը՝ փուլայի՛ն կարգաւորումն է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա նախօրէին անդրադարձած էր Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ եւ արտաքին կապերու բաժինի պետ Նովրուզ Մամետովի յայտարարութիւններուն՝ հակամարտութեան փաթեթային կարգաւորման պայմանաւորուածութեան մասին, եւ ըսած էր, որ Ատրպէյճան յստակօրէն կը փորձէ իր սեփական մեկնաբանութեամբ ներկայացնել ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:

Նշենք, որ Մամետով յայտարարած էր, թէ եռակողմ հանդիպման ժամանակ, Ղարաբաղեան հակամարտութեան փուլային կարգաւորման շուրջ համաձայնութիւն կայացած է: «Նախ կ՛ազատագրեն 5 շրջանները, ապա՝ եւս 2 շրջան եւ կը յստակացուի միջանցքը: Ապա կը յստակացուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը: Կողմերը համաձայնութեան հասած են այդ ուղղութեամբ», ըսած էր Մամետով:

«Վերջին 3-4 ամիսներուն աննախադէպ աշխուժութիւն կը նկատուի ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին մէջ: Այսօրուան դրութեամբ, ղարաբաղեան հակամարտութեան միակ հնարաւոր լուծումը փուլային կարգաւորումն է», իր կարգին յայտարարեց Ալիեւ՝ ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի հաղորդած լուրին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.