Շուշիի «Արամ Մանուկեան Ճամբար»՝ տասներկրորդ տարի
Տասներկու (12) յաջորդական տարիներէ ի վեր, ամէն ամառ, Արցախի առասպելական – սակայն դժբախտաբար տակաւին ոչ ամբողջովին վերականգնած – Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (Արցախ) Շուշի քաղաքին մէջ, տեղի կ’ունենայ երեխաների եւ պատանիների «Արամ Մանուկեան Ճամբար»ը։
Գանատաբնակ Այտա եւ Հայդուկ Շամլեանների յղացմամբ, ծրագրումով, պատրաստութեամբ, կազմակերպութեամբ եւ կիրառումով, եւ իրենց զաւակներու Տեսիլի եւ Պատրոյգի օժանդակութեամբ, այս ընտանեկան յարատեւ նախաձեռնութիւնը Արցախի մէջ վերածուած է այլեւս հիմնարկութեան:
Ճամբարը կը բոլորուի մէկ ամսուայ աշխատանքային օրերու համազօր ժամանակաշրջանի վրայ (մէկ շաբթուայ կազմակերպչական աշխատանքներէ ետք՝ երեխաներն ու պատանիները կը յաճախեն երկուքից-երեք լրիւ շաբաթներ անդադար, ներառեալ Շաբաթ ու Կիրակի) :
Ծրագիրը պատրաստուած է մշակոյթի, արուեստի, ազգի ու հաւատքի հիմունքների վրայ : Ան կ’ընդգրկէ դաստիարակչական եւ զուարճալի բազմաթիւ խաղեր, կրթական եւ մարզական բազմատեսակ զբաղումներ, մշակութային արտայայտութեան պահ, ճաշ, խաղի ձեւով գիտական փաստարկումներ, իմաստալից շարժանկարի ներկայացում, եւ ձեռային աշխատանքներու եւ գեղարուեստի յատուկ ու ճոխ բաժին մը։
Մասնակից երեխաները եւ պատանիները, ամէն օր, իրենց ուրախութեան եւ գոհունակութեան զգացումներուն հետ, իրենց տուները կը տանին նաեւ ճամբարի ընթացքին իրենց սարքած ձեռարուեստի իւրայատուկ գործերը։
Ճամբարի աւարտին, մեծ մասամբ Գանատայէն տարուած ու յայտագրին ծառայող ամբողջ պիտոյքները լիովին կը բաժնուի երեխաներին եւ պատանիներին։
Յուլիս 11-ից սկսեալ, յաջորդական տասներկրորդ տարուայ համար, դարձեալ բացուած է «Արամ Մանուկեան» ամառային մանկապատանեկան ճամբարը, Նարեկացի Արուեստի Միութեան Շուշիի համալիրին մէջ:
Երեխաներու եւ պատանիներու մասնակցութիւնը այս ճամբարին անշուշտ ամբողջովին անվճար է: Իսկ ծրագրի գործադրութեան համար, գործի կը կանչուին տեղացիներ (վարձատրուող անձնակազմը բաղկացած է նուազագոյնը 25 անդամներէ): Ճամբարի վերաբերող ապրանքներու գնումի մէկ մասը, որքան որ հնարաւոր է, կը կատարուի Արցախի մէջ, իսկ ամբողջ ուտեստեղէնը կ’ապսպրուի տեղւոյն խանութներէ եւ հայթայթողներէ:
Ճամբարին մասնակցող երեխաների եւ պատանիների ընդհանուր թիւը այս տարի 410 է, բաժնուած շաբաթական երկու խումբերի:
Մի քանի տարիներէ ի վեր, Այտա-Հայդուկ Շամլեանների այս յատուկ առաքելութեան կանոնաւորապէս թիկունք կը կանգնին անոնց ընտանեկան եւ ընկերական հարազատ շրջանակի կարգ մը անդամներ, ոչ միայն Գանատայի մէջ, այլ աշխարհի ամէն կողմերէ: Շնորհիւ անոնց ինքնաբուխ, նշանակալից եւ խոնարհ զօրակցութեան, որու մասին յատկապէս լաւատեղեակ է եւ երախտագէտ՝ Արցախի բնակչութիւնը, «Արամ Մանուկեան Ճամբար»ը կը շարունակէ եւ տեւաբար կ’ընդլայնէ Մայր Հայրենիքի մէջ իր աննկուն գործունէութիւնը:
՚Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար,
հաճեցէք այցելել ՝
www.facebook.com/AramManoukianJampar/
նաեւ ՝ www.horizonweekly.ca/news/details/86461