«Հիմք չկայ, որ Արցախի իշխանութիւնները տարածքներ զիջին». Դաւիթ իշխանեան

 

«Ապառաժ» թերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ԼՂՀ Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանը կը պնդէ, որ այն խօսակցությունները, թէ Արցախի իշխանութիունները պատրաստ են տարածքներ զիջելու կայուն կարգավիճակ ստանալու դիմաց, իրականութեան չեն համապատասխաներ: «Հիմքեր չունենք՝ այդպիսի մեկնաբանութիւններ կամ ենթադրութիւններ տալու: Մամուլում շրջանառուող տեսակէտներ են դրանք, եւ դրանց համապատասխան մեկնաբանութիւններ տալ ճիշտ չէ»,-ըսաւ Դաւիթ Իշխանեանը:

Քառօրեայ պատերազմէն ետք լուրեր տարածուեցան, թէ Հայաստանի նախագահը Ստեփանակերտի մէջ ԼՂՀ պատգամաւորներուն հետ տարածքներու զիջման հաւանականութեան հարցը քննարկած է, Դաւիթ Իշխանեանը հաստատեց. «Սերժ Սարգսեանը նման խնդիր չի քննարկել, եւ այդ քննարկման գործընթացի վերաբերեալ մամուլում տարածուեցին տարաբնոյթ, իրականութեանը չհամապատասխանող տեսակէտներ: Դրանք մտացածին բաներ են»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.