Սուրիական Պատերազմին Հետեւանքով Լիբանան Տեղափոխուած է Շուրջ 15 Հազար Սուրիահայ. Վերա Եագուպեան

 

Սուրիական պատերազմին հետեւանքով Լիբանան տեղափոխուած է Սուրիայէն դուրս եկած շուրջ 15 հազար հայ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան:

«Լիբանանը Սուրիոյ սահմանին ամենամօտն է, եւ հասկնալի է, որ Սուրիայէն մեծ հոսք կայ դէպի Լիբանան: Սուրիայէն դէպի Լիբանան սուրիահայերու հոսքի աճ կը  նկատուի յատկապէս վերջին 2-3 տարիներուն ընթացքին, երբ Հալէպի մէջ իրավիճակը վատացաւ»,- ըսած է Վերա Եագուպեան:

Առաջին իսկ օրէն սուրիահայերու կողքին կանգնած եղած է Լիբանանի հայ համայնքը: Վերա Եագուպեան վստահեցուցած է, որ Լիբանանի հայ համայնքը սուրիահայերուն կ՝օգնէ բոլոր հնարաւոր միջոցներով:

«Պէտք չէ մոռնալ, որ Լիբանանի մէջ ալ տնտեսական դժուարութիւններ կան, սակայն, ամէն պարագայի, հայկական համայնքը կանգնած է սուրիահայերու կողքին: Տրամադրուող աջակցութիւնը թէ՛ նիւթական է, թէ՛ բարոյական»,- նկատած է Վերա Եագուպեան:

Անոր տեղեկութիւններով՝ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն հիմնական մասը այս կամ այն կերպ տեղաւորուած է: Համայնքը իր կապերով, հնարաւորութիւններով կը գտնէ մատչելի պայմաններով վարձակալութեան համար բնակարաններ: Բոլոր վարժարաններուն մէջ փոքրիկները գրեթէ անվճար կ՝ուսանին, կ՝օգտուին առողջապահական ծրագիրներէն: Ամէն ինչ կը կատարուի, որ անոնք իրենց զգ6ան ապահով եւ հանգիստ:

«Այնպիսի տպաւորութիւն չըլլայ, թէ սուրիահայերը կը նստին ու կը սպասեն նիւթական օգնութեան: Շատ ընտանիքներու համար, տրամադրուող աջակցութենէն բացի, մենք կը ստեղծենք պայմաններ, որ կարենան աշխատիլ՝ իրենց նուազագոյն կարիքները հոգալու»,- աւելցուցած է Վերա Եագուպեան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.