Սեւակ Պապիկեան երրորրդ կը հանդիսանայ Քեպէգ նահանգի ուսողութեան մրցոյթին
1227
0
Գանատայի Քեպէգ նահանգի դպրոցական ուսողութեան մրցոյթին այս տարի երրորդ հանդիսացած է Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ Սեւակ Պապիկեանը։ Քեպէգ նահանգի ուսանողական բարձրամակարդակ այս մրցոյթը կազմակերպուած էր l’Association Mathématique du Québec կազմակերպութեան կողմէ։
Սեւակ Պապիկեանը 3 տարեկանէն ի վեր յաճախած է Ս. Յակոբ Ազգային վարժարան եւ մաս կը կազմէ վարժարանի 2016-ի շրջանաւարտ հունձքին։ Ան նաեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտ-մարզիկ է եւ Ս. Յակոբ Կիրակնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտ։ Կը ծրագրէ յառաջիկայ իր ուսումնական հանգրուանին հետեւիլ առողջապահական ճիւղին, Գոլէժ Պրէպիւֆի մէջ։