Պասքեթպոլի Հաւաքականը Վերադարձաւ Հայաստան
Երէկ` երեքշաբթի, 5 յուլիսին, Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը, Մոլտովիայէն վերադարձաւ հայրենիք:
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, հայկական պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին մեծ թիւով մարզասէրներ, մարզիկներուն ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար` Գաբրիէլ Ղազարեան, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ Քիշինեւի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի փոքր երկիրներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը հանդիսացաւ ախոյեան:
Հայրենիք հասնելէն կարճ ժամանակ մը ետք, հայկական պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց հաւաքականի մարզիկները, մարզիչները եւ պատասխանատուները, անոնց արձանագրած փայլուն յաղթանակին համար եւ մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:
«Դուք ապացուցեցիք այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ Հայաստանը երկիր մըն է առանց սփիւռքի` առանց մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն եւ մէկ այլ երկիր` սփիւռքով: Ակնյայտ է, որ միասնութիւնը կը բերէ այսպիսի յաղթանակներ», ըսաւ նախագահը:
Հանդիպումի աւարտին, Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականի մարզիկները, նախագահին նուիրեցին ոսկի մետալ եւ խումբին բոլոր անդամներուն ստորագրութիւններով` գնդակ մը: