ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի Երկրորդական վարժարանը տուաւ իր 12-րդ հունձքը
Ուրբաթ, 17 Յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Երկրորդական վարժարանի աւարտական հանդէսը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Հոգեշնորհ Տէր Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեան, Արժանապատիւ Տէր Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարգարեան, Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, Վարժարանի Կրթական մարմնի ատենապետ Սեւակ Քիւփէլեան, Տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողներ, հարազատներ եւ բարերարներ:
Հանդիսաւոր երաժշտութեամբ սրահ մուտք գործեցին 29 շրջանաւարտները:
Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներէն ետք, անոնք գրաւեցին իրենց տեղերը բեմին վրայ: Հրաւիրուեցան 3 աշակերտներ՝ Լուսին Մովսէսեան, Քրիստափոր Հատտատ, եւ Լարա Շաւերտեան, ընթերցելու վարժարանին ուղղուած իրենց հրաժեշտի եւ երախտիքի խօսքը՝ հայերէնով, անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով յաջորդաբար: Անոնք իրենց ուղերձին մէջ յուզախառն երանգով շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն՝ հայեցի դաստիարակութեան, յարատեւ հոգատարութեան եւ ուսում ջամբելու համար:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէն տոքթ. Արմէն Մարտիրոսեան: Ան շնորհաւորեց ներկաները այս ուրախալի առիթով եւ շեշտեց, որ շրջանաւարտները լաւագոյն ձեւով պատրասատուած են իրենց կեանքի նոր հանգրուանին՝ որպէս ազնիւ հայորդիներ եւ իրենց ապրած երկրին տիպար քաղաքացիներ:
Կրթական մարմինի ատենապետ Ս. Քիւփէլեան շնորհաւորեց հանդիսականները եւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց անցեալ ուսումնական տարուան կատարած իրենց աշխատանքները:
Ապա բեմ հրաւիրուեցան ուսուցիչները, եւ կատարուեցաւ վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխում՝ ձեռամբ տնօրէն Ա. Մարտիրոսեանի:
Հանդիսութիւնը օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով փակեց Հոգեշնորհ Տէր Գեղարդ Վարդապետ Քիւսպէկեանը:
Photo credit: Harout Hagopian of Whitephoto