Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը Միաձայնութեամբ Ընդունած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը
ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ կողմ քուէարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծին, զոր Խորհրդարանի քննարկման ներկայացուցած էր Ֆրանսայի կառավարութիւնը: Այս մասին «Արմէնփրես»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան:
«Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորները միաձայնութեամբ կողմ քուէարկեր են կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին, որուն մէջ կ՛առաջարկուի քրէականացնել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Նախագիծը Սեպտեմբերին պիտի քննարկուի Ծերակոյտի մէջ, ուր հաստատուելէն ետք կրկին կը վերադառնայ Ազգային ժողով` վերահաստատուելու համար», ըսաւ Փափազեան` աւելցնելով, որ ժողովին ներկայ եղող բոլոր 21 պատգամաւորները կողմ քուէարկած են նախագիծին:
Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի բանաձեւին վրայ աշխատեր են Ֆրանսայի կառավարութեան եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու իրաւաբանները: Բանաձեւը մշակուած է Ֆրանսայի Սահմանադրութեան համապատասխան եւ հայ համայնքի համար ընդունելի տարբերակով:
«Ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծի» բանաձեւը Ֆրանսայի կառավարութիւնը հրապարակած է 29 Յունիսին: Նշեալ փոփոխութեամբ կը նախատեսուի մէկ տարի ազատազրկում կամ 45.000 եւրոյի չափով տուգանք սահմանել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ժխտելու համար: Ան աւելցուց, որ այժմ հայկական համայնքը պէտք է լուրջ աշխատանք տանի, որպէսզի նախագիծը հաստատուի նաեւ Ծերակոյտի մէջ` նկատել տալով, որ այդ ընթացքին Թուրքիան ալ իր լծակներով պիտի փորձէ ամէն ինչ ընել` Ծերակոյտին կողմէ նախագիծի հաստատումը կանխելու համար:
«Թուրքիան, անշուշտ, չէր սպասեր, որ Ազգային ժողովը այսքան արագ նման որոշում տայ: Անոնք կը փորձէին ճնշում բանեցնել կառավարութեան վրայ եւ նախագահ Հոլլանտէն կը պահանջէին յետս կոչել օրինագիծը, սակայն ատիկա չեղաւ: Հիմա մենք պէտք է լուրջ ջանքեր գործադրենք, եւ ես համոզուած եմ, որ յաղթանակ կը տանինք», ըսաւ Փափազեան:
«Այս տարուան 25 Յունուարին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն յանձնարարեց առաջարկել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի բանաձեւը, որ կը համապատասխանէ նաեւ Սահմանադրութեան: Հայկական կազմակերպութիւններու մասնագէտները աշխատեցան ֆրանսացի իրաւաբաններու հետ` մեզի համար ընդունելի եւ Սահմանադրութեան համապատասխանող բանաձեւ մշակելու համար: Նախագիծը հաւասար է հակացեղապաշտական եւ հակասեմական օրէնքներու բանաձեւերուն», ըսաւ Փափազեան: Անոր խօսքով` օրինագիծի բանաձեւին մէջ իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ կը նշուի Հայոց եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները: