23 Յունիս 1919. Նորանկախ Հայաստանի Անդրանիկ Խորհրդարանի Կազմութեան Ընտրութիւնները

 

1919-ի այս օ­րը՝ 23 ­Յու­նի­սին, ա­ւար­տե­ցան անդ­րա­նիկ խորհր­դա­րա­նի ձե­ւա­ւոր­ման պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ա­ռա­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րը նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ։

Ու­շագ­րաւ ի­րո­ղու­թիւն է, որ 28 ­Մա­յիս 1918-ին ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մէն եւ հայ ազ­գա­յին ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մէն շուրջ 13 ա­միս ետք միայն կա­տա­րո­ւե­ցան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­ռա­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րը Ա­զատ ու Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը, ան­շուշտ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ինչ­պէս ծնուն­դը, այն­պէս ալ կա­յա­ցու­մը յատ­կան­շող մեծ դժո­ւա­րու­թիւն­ներն էին։

Մա­յիս 1918-ի վեր­ջե­րուն, երբ հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը, բա­ռին բուն ի­մաս­տով «Ան­ձեւ քաոս» մը կը պար­զէին ամ­բողջ ­Ռու­սաս­տա­նը, մա­նա­ւանդ՝ Անդր­կով­կա­սը եւ, ընդ­հան­րա­պէս, տա­րա­ծաշր­ջա­նը, ուր Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը դեռ ա­ւար­տած չէր։ Իսկ փլու­զո­ւած ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան փլա­տակ­նե­րուն վրայ, ան­կախ ­Հա­յաս­տան եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւն կեր­տե­լու մեծ եւ եր­կա­րա­շունչ վազ­քը դեռ նոր սկսած էր՝ մեր երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին սպառ­նա­ցող ներ­քին թէ ար­տա­քին թշնա­մի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած օր­հա­սա­կան վտան­գը յաղ­թա­հա­րե­լու գե­րա­գոյն լա­րու­մով։

Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, ­Թիֆ­լի­սի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը նախ նշա­նա­կած էր ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան անդ­րա­նիկ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը՝ իր կազ­մէն ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նիի վար­չա­պե­տու­թեամբ, ա­պա նաեւ՝ նոյ­նինքն Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի իր բազ­մա­կու­սակ­ցա­կան բա­ղադ­րու­թեամբ՝ ա­ռա­ջա­ցու­ցած էր ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դը, որ նո­րաս­տեղծ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան օ­րէնսդ­րա­կան հի­մե­րը մշա­կե­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ու­նէր։

Թէեւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը տի­րա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւն ու­նէր թէ՛ ­Քա­ջազ­նու­նիի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ թէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դին մէջ, այ­սու­հան­դերձ՝ յատ­կա­պէս օ­րէնս­դիր իշ­խա­նու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման կո­չո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դի պա­րա­գա­յին, բա­ռին ա­մէ­նէն ընդգր­կուն ի­մաս­տով ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան քննար­կում­ներ կ­՚ըն­թա­նա­յին՝ պար­զե­լով տե­սա­կէտ­նե­րու եւ ընտ­րանք­նե­րու բազ­մա­կու­սակ­ցա­կան բուռն բա­խում­ներ։ ­Սո­ցիա­լիստ-­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը, ­Ժո­ղովր­դա­կան­նե­րը (հե­տա­գայ Ռ.Ա.Կ.ի հա­յաս­տա­նեան կո­րի­զը) եւ ան­կու­սակ­ցա­կան­նե­րը աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րէնսդ­րա­կան հի­մե­րու ճշդո­րոշ­ման եւ մշա­կու­մին մէջ։

Օ­րէնսդ­րա­կան իր բո­լոր քայ­լե­րուն մէջ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դը կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց ­Սահ­մա­նա­դիր ­Ժո­ղո­վի գու­մար­ման հրա­մա­յա­կա­նը, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նի ներ-քա­ղա­քա­կան դաշ­տը ներ­կա­յաց­նող քա­ղա­քա­կան հիմ­նա­կան ու­ժե­րու եւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կող­քին՝ նոյ­նինքն ժո­ղո­վուր­դը իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նար եւ վճռո­րոշ խօս­քը ը­սէր հա­յոց նոր պե­տա­կա­նու­թեան Հիմ­նա­կան Օ­րէն­քին եւ սահ­մա­նադ­րա­կան օ­րէնք­նե­րու որ­դեգր­ման վե­րա­բե­րեալ։

Այս­պէ՛ս, միա­ժա­մա­նակ ըն­թա­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րու ըն­դար­ձա­կու­մը, ներ­քին դժո­ւա­րու­թեանց յաղ­թա­հա­րու­մը (սո­վա­հար­նե­րու սնուն­դով ա­պա­հո­վու­մը, հա­մա­ճա­րակ­նե­րու դէմ պայ­քա­րը եւ գաղ­թա­կան­նե­րու պատս­պա­րու­մը), պե­տա­կան վար­չա­մե­քե­նա­յի կա­ռու­ցու­մը, ներ­քին եւ ար­տա­քին թշնա­մի­նե­րու դէմ պաշտ­պա­նու­թեան կռուան­նե­րու ամ­րապն­դու­մը եւ, մա­նա­ւա՛նդ, նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սահ­մա­նադ­րա­կան հի­մե­րու ճշդո­րո­շու­մը։

Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դը բաղ­կաց­նող բո­լոր ու­ժե­րը հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցու­ցին՝ խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գով իշ­խա­նու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րե­լու սկզբուն­քին շուրջ։ Լ­րա­ցու­ցիչ՝ ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցին նաեւ ­Տե­ղա­կան Ինք­նա­կա­ռա­վար­ման ­Հա­մա­կար­գի որ­դեգր­ման շուրջ։ Այդ զոյգ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով հա­մա­ձայ­նու­թեան յան­գե­լէ ետք, ­Մարտ 1919ին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դը ո­րո­շեց ­Մա­յի­սին կա­տա­րել տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը, իսկ ­Յու­նի­սի 21-էն 23՝ հան­րա­պե­տա­կան ընդգր­կու­մով ու­նե­նալ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ։ ­Միշտ ­Հա­յաս­տա­նի Խոր­հուր­դէն ներս բո­լոր ու­ժե­րուն մի­ջեւ կա­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան հի­ման վրայ՝ ­Հա­յաս­տա­նի նո­րաս­տեղծ խորհր­դա­րա­նը պէտք է ու­նե­նար 80 պատ­գա­մա­ւոր։

Մարտ 12-ին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տեց հա­մա­պա­տաս­խան ընտ­րա­կան օ­րէն­քը, որ հիմ­նո­ւած էր 1917-ի հա­մա­ռու­սա­կան ընտ­րու­թեանց հա­մար որ­դեգ­րո­ւած օ­րէն­քին վրայ։ Ընտ­րե­լու ի­րա­ւունք ստա­ցան 20 տա­րի­քը լրա­ցու­ցած բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը՝ ա­ռանց սե­ռի, դա­ւա­նան­քի եւ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լու­թեան խտրու­թեան։ ­Կա­տա­րո­ւե­ցաւ ընտ­րող­նե­րու ստուգ­ման մար­դա­հա­մար եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ, որ ա­ռանց ­Կար­սի եւ ­Շա­րուր-­Նա­խի­ջե­ւա­նի օ­րի­նա­կով պա­տե­րազ­մա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ գտնո­ւող շրջան­նե­րու բնակ­չու­թիւ­նը հա­շո­ւե­լու, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը օ­րին ու­նէր 385.780 քո­ւէար­կող։

Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նշա­նա­կեց նաեւ ընտ­րա­կան կեդ­րո­նա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը, որ իր կար­գին ա­ռա­ջա­ցուց տե­ղա­կան հա­մա­պա­տաս­խան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րը եւ ամ­բողջ եր­կի­րը թե­ւա­կո­խեց նա­խընտ­րա­կան պայ­քա­րի բուռն հանգ­րո­ւա­նը։

Մա­յի­սին կա­յա­ցած տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման ընտ­րու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տե­ցան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ընտ­րա­ցու­ցակ­նե­րու ջախ­ջա­խիչ յաղ­թա­նա­կով, ինչ որ իր անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րա­պայ­քա­րի հե­տա­գայ ըն­թաց­քին վրայ։ ­Յատ­կա­պէս ­Ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը, որ մինչ այդ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած էր թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դի աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ­Քա­ջազ­նու­նիի կա­ռա­վա­րու­թեան, թէ՛ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րո­շեց պոյ­քո­թի են­թար­կել խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րա­պայ­քա­րը։ ­Ժո­ղովր­դա­կան­նե­րու այս քայ­լը ու­նէր նաեւ հիմ­նա­կան քա­ղա­քա­կան պատ­ճառ­ներ, ո­րոնց շար­քին կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը Պօ­ղոս ­Նու­պար փա­շա­յի բուռն ընդ­դի­մու­թիւնն էր ­Հա­յաս­տա­նի ­Խորհր­դա­րա­նի կազ­մու­թեան գա­ղա­փա­րին։

Այ­սու­հան­դերձ՝ ­Յու­նի­սի 21-էն 23 տե­ղի ու­նե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի անդ­րա­նիկ ­Խորհր­դա­րա­նի ընտ­րու­թեան քո­ւէար­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ար­դիւն­քով՝ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 80 տե­ղե­րէն ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը տի­րա­ցաւ 72ին (ստա­նա­լով 230.272 քո­ւէ)։ ­Սո­ցիա­լիստ-­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը ու­նե­ցան 4 պատ­գա­մա­ւոր, թուր­քե­րը՝ 3, իսկ ան­կու­սակ­ցա­կան­նե­րը 1 պատ­գա­մա­ւոր։

Դաշ­նակ­ցու­թեան ընտ­րա­կան փայ­լուն յաղ­թա­նակն ու նո­րաս­տեղծ խորհր­դա­րա­նէն ներս գե­րակ­շիռ ներ­կա­յու­թիւ­նը հիմ­նա­ւոր պատ­ճառ­ներ ու­նէին։

– Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ստեղծ­ման եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան կերտ­ման ա­ռա­ջին տա­րին ի­րա­պէս մեծ յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րած էր եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը ան­վե­րա­պա­հօ­րէն իր վստա­հու­թեան քո­ւէն տո­ւաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կռի­ւը գլխա­ւո­րած եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի ու­ղին հար­թած իր հա­մա­հայ­կա­կան կու­սակ­ցու­թեան՝ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։

Հա­յաս­տա­նի անդ­րա­նիկ խորհր­դա­րա­նին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Օ­գոս­տոս 1-ին։

Հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան այդ լու­սա­ւոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին վրայ նե­տո­ւած յե­տա­դարձ այս հա­յեացքն ու ար­ժե­ւո­րու­մը ու­սա­նե­լի դա­սեր կը փո­խան­ցեն նաեւ մեր ներ­կա­յին հա­մար։

Ա­մէն ան­գամ, որ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­քին լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն ժո­ղովր­դա­յին դժգո­հու­թիւ­նը մագլ­ցում կ­’ար­ձա­նագրեն՝ յատ­կա­պէս նա­խա­գա­հա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գին նկատ­մամբ, ինչ­պէս նաեւ հա­մա­պե­տա­կան բո­լոր ընտ­րու­թեանց կամ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին քո­ւէար­կու­թեանց դէմ գոր­ծո­ւած ի­րա­ւա­խախ­տում­նե­րուն եւ ա­ղա­ւա­ղում­նե­րուն նկատ­մամբ, հայ մար­դը բնա­կա­նա­բար կը մտա­բե­րէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման օ­րե­րը եւ ժո­ղովրդա­վա­րա­կան կար­գե­րու հաս­տատ­ման ու ար­մա­տա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ հայ հա­սա­րա­կու­թեան ար­ձա­նագրած յա­ռաջ­խա­ղաց­քը։

Իբ­րեւ ներշնչ­ման այդ­պի­սի՛ ո­գե­ւո­րիչ աղ­բիւ­րի՝ ՄԱՅԻՍ 28-ի ա­ւան­դը ան­փո­խա­րի­նե­լի հարս­տու­թիւն է հայ քա­ղա­քա­կան մտքին հա­մար։

Հա­յաս­տա­նի ­Հա­նա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջին եր­կու­քու­կէս տա­րի­նե­րը ու­սա­նե­լի կեն­սա­փորձ եւ ա­ռաջ­նոր­դող ու­ղի հան­դի­սա­ցան ոչ միայն սե­փա­կան մի­ջոց­նե­րով պե­տա­կա­նու­թիւն կեր­տե­լու եւ ժո­ղո­վուրդ պահ­պա­նե­լու ա­ռու­մով, այ­լեւ՝ ա­ւա­տա­պե­տա­կան եւ բռնա­տի­րա­կան կար­գե­րու «ժա­ռան­գու­թե­նէն» դէ­պի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն ան­ցում կա­տա­րե­լու, յատ­կա­պէս հայ քա­ղա­քա­կան մտքին ինք­նավս­տա­հու­թիւն ներշն­չե­լու ի­մաս­տով։

23 ­Յու­նիս 1919-ին նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տանն ու իր ա­զա­տու­թեան տի­րա­ցած ե­ղեռ­նա­պուրծ հա­յու­թիւ­նը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ մեծ քայլ մը նե­տե­ցին՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ճամ­բով ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան կռո­ւան­նե­րը հզօ­րաց­նե­լու եւ հա­ւա­քա­կան ու­ժով սե­փա­կան կամ­քին տի­րու­թիւն ը­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ա­ռա­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րը դա­րաշր­ջան բա­ցին հայ քա­ղա­քա­կան մտքին հա­մար։

Նազարէթ Պէրպէրեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.