Յանուն (ընկերային) Արդարութեան Ֆրանսիսքօ Ա. Եւ Իր Ժողովրդային-ազատագրական Պատգամը
Խ. Տէր Ղուկասեան
Հռոմի քահանայապետերէն Ֆրանսիսքօ Ա. ամենէն յանդուգն է՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հրապարակային ձեւով դատապարտելու եւ անոր յիշողութեան կարեւորութիւնը շեշտադրելու իմաստով: Թէկուզ եւ վարկածային կարգով կատարուած այս հաստատումը ժխտելի է միայն եթէ գիտաուսումնասիրական վերլուծում մը գայ ցոյց տալու որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերջին հարիւրամեակի միջազգային դիւանագիտական աշխուժացման ծիրին մէջ, Պետրոս Առաքեալի գահին նստած եպիսկոպոսապետնէրէն ոեւէ մէկը աւելի յանձնառու եղած է Միջին Արեւելքի, քրիստոնէութեան ծծնդավայրի, իրենց կրօնակից հալածաեալ ժողովուրդներու տառապանքը ի լուր աշխարհին լսելի դարձնելու նախանձախնդրութեան մէջ: Մեծ Եղեռնի հարիւրերորդ տարելիցին առիթով Վատիկանի մէջ մէկուկէս միլիոն նահատակաց պատմական պատարագին ու հոգեհանգիստի արարողութեան ընթացքին Ֆրանսիսքօ Ա.ի քարոզը յստակօրէն կապ հաստատեց հարիւրամեակ մը առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մերօրեայ աննախանձելի իրավիճակին մասին: Մինչ այդ, Սուրիոյ եւ Իրագի մէջ իսլամականներու բարբարոսութիւնները «ցեղասպանութիւն» որակող ձայները շատ սակաւաթիւ էին. Պապին յայտարարութենէն յետոյ, թէեւ ոչ այնպայմանօրէն միայն անոր հետեւանքով, անցնող տարիներու ընթացքին նման որակաւորում լսուեցաւ բազմաթիւ պետական, միջ-պետական եւ նոյնիսկ ՄԱԿի բեմահարթակներէն:
Հայութեան հետ Պապին յարաբերութեան պատմականը հաւանաբար ծանօթ է այլեւս: Սկսաւ երբ ան Պուէնոս Այրէսի Մարիօ Պերկոկլիօ կարտենալն էր եւ որպէս այդպիսին սերտ կապեր հաստատեց Արժանթինի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան՝ Տէր Գիսակ Արք. Մուրատեանի հետ: Պուէնոս Այրէսի Կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջն էր որ ան Հոգեհանգստեան Պատարագ կատարեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ինչպէս սովորութիւն էր արդէն իր պաշտօնի գալէն առաջ ամէն Ապրիլ 24ին: Մարտ 13, 2013ին Հռոմի Պապ ընտրուելէն եւ Ֆրանսիսքօ Ա. կոչուելէն անմիջապէս յետոյ հայ մամլոյ գրեթէ բոլոր գործակալութիւնները հարց տուին թէ որքանով ան հաւատարիմ պիտի մնար իր յանձնառութեան: Քիչ չեղան անոնք որոնք մտաբերելով բոլոր պետական կարեւոր անձնաւորութիւններու վարքագիծը զգոյշ էին մեծ ակնկալիքներ ունենալէ, որքան ալ որ Հռոմի Քահանայապետը յարաբերաբար նուազ կաշկանդուած ըլլար նոյնիսկ աշխարհի հզօրագոյն պետութեան ղեկավարէն եւ, գէթ ենթադրաբար, աւելի կառչած սկզբունքային արժեչափերու: Միայն իրեն կեանքին, կենսաոճին ու գործին քաջածանօթները ունէին այն խոր համոզումը որ Ֆրանսիսքօ Ա. ոչ միայն Մարիօ Պերկոկլիոյի յանձնառութեան հաւատարիմ պիտի մնար այլ այդ յաձնառութեան պիտի տար նոր, միջազգային, մասշտապ:
Եւ իրաւմամբ անցնող երեք տարիներուն, Ֆրանսիսքօ Ա. եկաւ ցոյց տալու որ պատմութեան պիտի անցնի ոչ միայն որպէս Լատինական Ամերիկայէն ընտրուած առաջին Քահանայապետը այլ՝ որպէս յեղափոխական Պապը: Անոնք որոնք վստահ էին որ Պուէնոս Այրէսէն Հռոմ ան նոյն ուժգնութեամբ պիտի արտայայտուէր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրենց համոզումը չէին հիմնաւորեր արժանթինահայ համայնքի հետ իր ունեցած սերտ յարաբերութիւններով: Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու դատին Ֆրանսիսքօ Ա.ի յանձնառութիւնը պէտք է հասկնալ իր դաւանած ժողովուրդի ազատագրութեան աստուածաբանութեան շատ աւելի լայն ու ակտիւ յանձնառութեան ծիրին մէջ: Հայաստան իր այնքան սպասուած առաջին այցելութեան առիթով լաւ կ’ըլլայ մէջբերել Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան հաւատարիմ Ֆրանսիսքօ Ա.ի հրապարակային բազմաթիւ ելոյթներէն քանի մը օրինակ որպէսզի յստակ դառնայ հայ ժողովուրդի եւ իր դատին հանդէպ Պապին յանձնառութեան համամարդկային տարողութիւնը:
Ինչպէս արժանթինցի աստուածաբան Emilce Cuda իր նոր հրատարակած Para leer a Francisco (Ֆրանսիսքոյին հասկնալու համար) ուսումնասիրութեան մէջ կը հաստատէ, Պապին աշխարհահայեացքը արմատացած է Լատինական Ամերիկայի յատուկ աստուածաբանութեան, փիլիսոփայութեան եւ քաղաքականութեան մէջ ուրկէ եւ կը ծնի իր դաւանած «ժողովուրդ»ի հասկացողութիւնը ե՛ւ որպէս ընկերաքաղաքական հաւաքականութիւն, ե՛ւ որպէս աստուածաբանական իմաստով Աստծոյ Ժողովուրդ: «Ժողովուրդ»ը Ֆրանսիսքոյի համար առընչակից է «աշխատաւոր»ին եւ անոր ազատագրութեան պատմական պայքարին: Այս աշխարհահայեացքը շատ աւելի արմատականօրէն բանաձեւուած է 1960ական թուականներուն Երրորդ Աշխարհի տարածքին ծնունդ առած յեղափոխական շարժումներուն համահունչ Ազատագրութեան Աստուածաբանութեան, որուն դէմ պայքարեցաւ Հռոմի Պապերէն թերեւս ամենէն պահպանողականը՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը: Ֆրանսիսքօ Ա. Պապը երբեք այնքան արմատական չէ եղած ինչպէս եղան Արժանթինէն մինչեւ Չիլէ, Պրազիլ, Նիքարակուա եւ Էլ Սալվատոր ապստամբներուն հետ զէնք վերցուցած Երրորդ Աշխարհի հոգեւորականներ անունով ծանօթ կաթողիկէ վարդապետներ որոնցմէ շատեր մարտիրոսացան այդ պայքարներուն ժամանակ: Բայց Ֆրանսիսքօ Ա.ի դաւանած «Ժողովրդային Աստուածաբանութիւնը» նուազ հաստատակամ չէ շահագործումի դէմ ձայն բարձրացնելու եւ ընկերային արդարութիւն պահանջելու իր յանձնառութեան մէջ եւ ամենուրեք կը հնչէ ի խնդիր իրաւազրկուածներու կեանքի բարօրութեան երաշխաւորման:
Դեռեւս 1998ին, Քուպա այցելութեան իր նախօրեակին, Պերկոկլիօ գրաւոր կը հաստատէր. «Ոչ ոք կրնայ լաւ քրիստոնեայ ըլլալ եւ ընդունիլ նէօլիպերալիզմը»: Դրամատիրական համակարգը, այլ առիթով մը արտայայտուած է ան, ի գին ամէն ինչի շահի տրամաբանութիւն մը. «Այս համակարգը անտանելի է գիւղացիներուն, աշխատաւորներուն, ժողովուրդներուն համար»: Նոյնիսկ որպէս Պուէնոս Այրէսի Կարտենալ, Պերկոկլիօ օրինակելի կերպով համեստ եղած է: Կարելի էր իրեն հանդիպիլ ամէն օր ժողովրդային փոխադրամիջոցներուն մէջ որովհետեւ կը մերժէր վարորդ ունեցող ինքնաշարժով մը տեղափոխուիլ: Ժողովուրդին հետ հաղորդուիլը կեանքի ձեւ եւ իմաստ է իրեն համար եւ որպէս այդպիսին կը խօսէր մասնաւորաբար ամենէն համեստ դասակարգին հետ, որուն կը վստահէր ոչ պակաս քան մարդկութեան ապագան: Ֆրանսիսքօ Ա.ին համար ազատ շուկայական տեսութիւնները որոնք կը վերաբերին ստեղծուելիք հարստութեան «յորդում»ին պարզապէս անհեթեթ են: Անհրաժեշտ է պայքարիլ «առանց վախի ըսել՝ փոփոխութիւն կ’ուզենք, իսկական փոփոխութիւն, համակարգի՛ փոփոխութիւն»: