Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներուն նամակները հայ զինուորին

 

Հայ զինուոր

Ո՞վ պիտի պաշտպանէր մեր հայրենիքը, եթէ չըլլար հայ զինուորը: Հայ զինուորը իր կեանքը զոհելով, անքուն մնալով, կեանքը վտանգելով կը հսկէ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները: Բախտաւոր ենք, որ քաջ, զօրաւոր եւ անվախ զինուորներ ունինք:

Ճուլիա Պարոնեան

Հայ զինուոր

Շատ շնորհակալ եմ քեզմէ, հայ զինուոր, որ կեանքդ կը վտանգես՝ կռուելով թուրքերուն դէմ, որպէսզի ազատագրես մեր հողերը: Մենք հպարտ ենք քեզմով, հայ զինուոր:

Իզապէլ Ռէճէպեան

Մեր քաջ զինուորները

Անոնք զինուորներ են շատ քաջ,

Յոյսով, հաւատքով միշտ յառաջ,

Իրենց կեանքը կը վտանգեն, կը զոհեն,

Մեզ միշտ հպարտ կը պահեն:

Վիվիան Ռէճէպեան

Հայ զինուորները

Հայ զինուորները շատ քաջ են: Անոնք կը պաշտպանեն մեր հայրենիքը, կը կռուին ամբողջ սրտով եւ երբեք չեն յուսահատիր:

Միքայէլ Պաքլայեան

Հայ զինուորներ

Հայ զինուորները շատ քաջ են: Մեզի համար իրենց կեանքը կը վտանգեն: Առանց իրենց՝ մեր հայրենիքը վտանգուած կ’ըլլայ եւ անպաշտպան: Շնորհակալ եմ քեզմէ, հայ զինուոր:

Ալեք Քիշեան

Հայ զինուորը

Հայ զինուորը շատ դժուար կեանք ունի: Ինքզինք կը զոհէ մեր հայրենիքին անկախութեան համար, կարգապահ եւ քաջ է: Ես ուրախ եմ, որ անվախ զինուորներ ունինք:

Սեւակ Կիրակոսեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.