Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան ժամանեց Գանատա

 

9 Յունիս 2016-ի երեկոյեան, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան, նորընտիր Թեմակալ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, ժամանեց Մոնթրէալի Փիէր Թրուտօ օդակայականը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր դիմաւորող շքախումբին մաս կը կազմէին՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Հայրապետական Ներակայացուցիչ՝ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Տէր Ղազարեան, Կրօնական ու Ազգային Վարչութեան Ժողովներու ներկայացուցիչները, Գանատայի տարածքին ծառայող հոգեւորականաց դասը, Առաջնորդարանի Դիւանապետուհին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ատենապետ Րաֆֆի Տօնապետեան, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր՝ Վահագն Գարագաշեան, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ  Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչները, եւ Մոնթրէալի ու Լաւալի Կոմիտէներու ներկայացուցիչները։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շքախումբին հետ առաջնորդուեցաւ դէպի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցի, ուր կատարեց առանձնական աղօթք։

Այս երեկոյեան, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.