Հայկական ընկերութեան ստեղծած սարքը կը յայտնաբերէ սահմանային շարժումները

 

Հայկական ընկերութիւն մը ստեղծած է սարք մը, որ կրնայ յայտնաբերել սահմանէն մինչեւ 15 քմ. հեռաւորութեան վրայ տեղի ունեցող բոլոր շարժումները: Զայն կարելի է օգտագործել մութին մէջ ալ, թէեւ նուազ հեռաւորութեամբ:
Ապրիլին, ազէրպայճանական յարձակումէն ետք օրակարգի նիւթ դարձած էր շփման գօտիին մէջ հրադադարի խախտումները արձանագրող սարքեր զետեղելու հարցը:
«Astromaps» ընկերութեան կողմէ ստեղծուած «ՕԴ-2» դիտարկման-տեսագրման ելեկտրոնային այս համակարգը նախատեսուած է կարեւոր կէտերու, ինչպէս պետական սահմաններու տեսա-հսկողութեան համար:
Կ՚ըսուի, թէ նշեալ սարքը արդէն գոյութիւն ունէր ապրիլեան յարձակումներէն առաջ եւ միայն կարելի է ափսոսալ, որ սահմաններուն վրայ ան աւելի կանուխ գործածութեան չէր դրուած, ինչ որ վստահաբար կրնար փրկել բազմաթիւ կեանքեր:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.