Ֆրանսիս Պապը Մխիթարեան Միաբանութեան համար Պապական Պատուիրակ նշանակած է Լեւոն Արք. Զէքիեանը
2111
0
Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութենէն ստացանք Մայիս 31 թուակիր հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, զոր կու տանք նոյնութեամբ.-
***
Վերջին տասնամեակներու ընթացքին, Մխիթարեան Միաբանութեան դիմագրաւած տնտեսական եւ այլ կարգ մը հարցերուն առընչութեամբ, իբրեւ նեցուկ եւ օժանդակ նման հարցերու լուծման համար՝ Վատիկանի կողմէ կարգուած էին, հերթաբար, մասնաւոր խորհրդականներ եւ գործակատարներ, տարբեր իրաւասութիւններով օժտուած։
Նկատի առած որ այս հերթական «այցելութիւն»ներէն ցարդ չէին քաղուած ակնկալուած վերջնական արդիւնքները, 30 Ապրիլ 2016 թուակիր վճռագրով, Ն.Ս. Փրանկիսկոս Պապը Մխիթարեան Միաբանութեան համար Պապական Պատուիրակ նշանակեց, լիազօր իրաւասութեամբ, Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Գերպ. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Պատուիրակի իրաւասութիւնները լրիւ ի զօրու կը դառնան, ստորագրութեան իրաւունքով նաեւ քաղաքական ատեաններու առջեւ, 1 Յունիս 2016 թուականէն սկսեալ։
Նորակոչ պաշտօնավար Սրբազանը, Միաբանութեան առօրեայ ընթացիկ գործերուն տնտեսման համար, իբրեւ իր ներկայացուցիչները նշանակած է՝ Ս. Ղազարու Մայրավանքին եւ առ հասարակ Միաբանութեան համար՝ նախկին Ընդհ. Աբբայ Գերյ. Հ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեանը, իսկ Վիեննայի Մենաստանին համար՝ նախկին տեղական Աբբայ Գերյ. Հ. Պօղոս Վրդ. Գոճանեանը։
Տ. Լեւոն Արք. կ՛օգտուի հաղորդագրութեան ընծայած այս առիթէն, խնդրելու համար բովանդակ Հայ ժողովուրդին եւ, յատկապէս, Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր Ուխտի մանկանց աղօթքը եւ հոգեւոր սրտակցութիւնը իրեն եւ Հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու մտաւոր անդաստանին մէջ երախտաշատ Մխիթարեան Միաբանութեան համար։
Դիւան Մխիթարեան Միաբանութեան
Վենետիկ,
Ս. Ղազարու Մայրավանք
31 Մայիս 2016