Համահայկական Յաջորդ Խաղերը Արցախի Մէջ
Նախանցեալ օր Օլիմփաւանին մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին հասարակական կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէին նիստը` գլխաւորութեամբ կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի:
Նիստին ընթացքին նախագահ Զաքարեան առաջարկեց Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը կազմակերպել Արցախի մէջ:
Առաջարկը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ:
«Ասիկա պատմական որոշումը պիտի ըլլայ, մեր գաղափարներուն իրագործան անկիւնաքարը: Այս որոշումը իրապէս կ՛արտացոլէ մեր նպատակը` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը», ըսաւ Զաքարեան:
Գործադիր կոմիտէին անդամները քննարկեցին նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունենալիք խաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն հետ կապուած խնդիրները, անոնց լուծման տարբերակները:
Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը Արցախի մէջ կազմակերպելու հարցը տրուեցաւ քուէարկութեան եւ անցաւ միաձայնութեամբ:
Այդ նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Համահայկական 2-րդ ձմեռնային խաղերուն կազմակերպման հարցը:
Որոշուեցաւ, որ այդ 2-րդ խաղերը տեղի ունենան փետրուար 2018-ին` Ծաղկաձորի մէջ: