Նոր Գիւղի Աղէտը Կը Շարունակուի. 4 Հայորդիներ Զոհուեցան

 

aleppo

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Վերջին ժամերուն Նոր Գիւղի մէջ աւելի քան 30 հրթիռներ ինկան։ «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ թաղամասին մէջ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով հրոյ ճարակ դարձաւ հայ արհեստաւորի մը խանութը, զոհուեցան 3 հայորդիներ, որոնց ածխացած դիակները փոխադրուեցան հիւանդանոց։

Վայրկեաններ անց մահացաւ նաեւ Նոր Գիւղի մէջ վիրաւորուած այլ հայորդի մը։

Շտապ օգնութեան մեր աղբիւրներէն իմացանք, թէ զոհուած հայորդիներն են՝ Վազգէն Ճապաղջուրեան, Լեւոն Քէլխաչերեան, Յովսէփ Ջանեցեան, Խաչիկ Ապուլապութեան։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.