Սարդարապատէն Մարտակերտ՝ անկախութեան պահպանման կենսափորձը

 

Ի տարբերութիւն այլ ազգերու, հայ ժողովուրդը պատմական իր կենսափորձով պատմութեան իր տոմարներուն մէջ փաստացիօրէն գրած է, թէ ի գին ի՛նչ զոհողութեան կարելի է նուաճել, պահել ու ամրագրել սեփական անկախութիւնը։ Դաժան ըլլալով հանդերձ, այդ նոյն կենսափորձը հայրենի եւ աշխարհասփիւռ մեր հատուածներուն կը յուշէ, պատմութեան այսօրուան պահուն եւ ժամանակահատուածին համազգային մեր ներուժի համախմբման անհրաժեշտութիւնը։

Այսօր, քսաներորդ դարու մահուան ճանապարհներէն ու կորստեան ուղիներէն յառնած հայութեան յաղթաքայլ ուղին վերստին խափանելու փորձ կը կատարուի թուրք-ատրպէյճանական ճակատին կողմէ։ Ազգային իրատեսութեամբ առաջնորդուելով եւ յատկապէս շեշտադրելով վերստին կեանքի կոչուած համաթուրանական սպառնալիքը, ազգովին պարտաւորուած ենք յաւելեալ շրջահայեցութեամբ ընտրել ու կատարել ռազմաքաղաքական մեր կողմնորոշումները։ Փանթուրանիզմի գործօնին մասին կարեւորութեամբ կÿանդրադառնանք, որովհետեւ այսօր, թրքական տնտեսական եւ դիւանագիտական շրջափակումին  լրացուցիչն է ատրպէյճանական յարձակապաշտ ռազմարշաւը Արցախի վրայ ու քառօրեայ պատերազմի ընթացքին՝ 1915-ի թրքական եղեռնագործութիւնները յիշեցնող Թալիշի մէջ կատարուած խաղաղ հայ բնակիչներու խողխողումները։

Այսօր, Մայիս 28-ի պատմական փորձը մեզի փոխանցած է այն հիմնական ռազմաքաղաքական ուղին, որուն պէտք է հետեւի մեր պետականութիւնը:

Մայր հողի վրայ հայութեան գոյատեւելիութիւնը յաւերժացնելու ռազմավարական մեր գերխնդիրը, 1918-ին կը կայանար տարանջատուած հայրենիքի տարածքներուն վերատիրանալու գրաւականը, որուն իրագործման համար երկու տարուան կարճ ժամանակահատուածին վիթխարի աշխատանք կատարուեցաւ, յատկապէ՛ս նուիրագործուեցաւ տարածաշրջանին մէջ իբր ուրոյն պետական միաւոր Արեւմտահայաստանի տարածքներով միաւորուած Հայաստանի գոյութիւնը, զայն հաստատագրող Սեւրի վաւերաթուղթով: Սակայն քաղաքական դէպքերու անբաղձալի զարգացումներով, տարբեր ճակատագիր վիճակուած էր հայութեան…

Իսկ վերանկախացման 20-ամեայ մերօրեայ հանգրուանին,  ռազմավարական մեր գերխնդիրը կը կայանայ այն հիմնական սկզբունքին մէջ, որ առանց Արցախի, Հայաստանը չի կրնար գոյատեւել իբր կենսունակ ու ապահով պետութիւն, որովհետեւ Արցախի կորուստով կը կորսնցնէ նաեւ հարաւային սահմանապահ Սիւնիք-Զանգեզուրը եւ կը մխրճուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակապաշտութեան երախին մէջ:

Առանց Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ոգեղէն յաղթարշաւներուն, դժուար պիտի ըլլար երեւակայել այսօրուան հայրենիքի գոյութիւնը։ Մայիս 28-ը հայութեան տուաւ աշխարհի ազգութեանց մեծ ընտանիքին մէջ ազատօրէն եւ ինքնիշխան ապրելու իրաւունքը եւ հայ ազգի ապագայի բազմակողմանի զարգացման հնարաւորութիւնը։

Մայիս 28-ը եւ մեր մարտունակութիւնը վերանորոգելու եւ վերընձիւղելու ուղեցոյցն է, յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անոր գոյատեւելիութեան համար խրամադիրքին մէջ զոհուած հայ սահմանապահ զինուորի արեան կանչին մեր հաւատարմութեան ղօղանջն է, մեր սրբազան պայքարի՝ ազգային մեր իղձերու վերջնական համաշաղկապումի արգասիք՝ Միացեալ Հայաստանի կերտումի մեր ազգային ռազմավարութեան հաւատոյ հանգանակն է։

«Հորիզոն» խմբագրական

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.