«Հորիզոն» շաբաթաթերթի ամառնային վարժողական ծրագիր

 

Գանատայի աշխատանքի եւ ընկերային զարգացման պետական բաժանմունքին կողմէ տրամադրուած յատուկ ֆոնտով, «Հորիզոն» շաբաթաթերթը այս տարի կը նախաձեռնէ ուսանողական վարժողական ծրագիր (Internship Program)։

 Աշխատանքի մանրամասնութիւններ

– «Հորիզոն»ի ամէնօրեայ խմբագրական աշխատանքներու ծիրէն ներս թարգմանութիւններ կատարել, անգլերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։

– Գաղութային ձեռնարկներու թղթակցութիւններ կատարել։

– Հարցախոյզներ կազմակերպել։

– «Հորիզոն»ի վարչական աշխատանքներուն օգնել ։

– Բաժանորդագրութիւններու գործընթացը հետապնդել։

– Արխիւներ դասաւորել ։

 Պայմաններ

– Թեկնածուն 15-30 տարեկան երկրորդական վարժարանի, Cegep-ի կամ համալսարանի ուսանող պէտք է ըլլայ։

– Պէտք է լիաժամ ուսանող ըլլայ, որ վարժողական ծրագրէն ետք վերստին իր ուսումը պիտի շարունակէ։

– Պէտք է Գանատայի քաղաքացի, մնայուն բնակիչ, կամ Immigration and Refugee Protection Act-ի օրէնքներով սահմանուած ապաստանեալ (Refugee) ըլլայ։

– Պէտք է աշխատելու իրաւունք ունենայ։

 Աշխատանքի տեւողութիւն եւ վարձատրութիւն

  – Վարժողական այս ծրագրի դիմումները կը սկսին Մայիս 16-ին։ Ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի Օգոստոս 27-ին։

– Ծրագրի տեւողութիւնն է 6 շաբաթ, շաբաթական 30 ժամ աշխատանքային ժամով եւ 10.75 տոլար ժամական վարձատրութեամբ։

Ձեր դիմումնագրերը ուղարկեցէք «Հորիզոն»ի հասցէին մինչեւ Յունիս 8

3401 Olivar-Asselin
Montreal, Quebec
Canada H4J 1L5

Կամ ե-նամակով ուղարկել «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեանի հասցէին

sylva@horizonweekly.ca

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.