ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Բազմաթիւ տարիներու ձգձգումներէն ետք, վերջերս վերստին բացի Զօհրապի մատեանը և գիւտը ըրի իր հմայիչ արձակին։ Պէյրութի Կ. Տօնիկեան և Որդիք անունը կրող հրատարակչատան կողմէ խնամքով ի մի բերուած այս սիրուն հատորը, որ կ՚ամփոփէ գրական ողջ ժառանգութիւնը Արևմտահայ Գրականութեան նորավէպի իշխանին, միշտ գտնուած է իմ աշխատասենեակի գրքերուս առաջին շարքին վրայ։ Ես Զօհրապի գործերը կարդացած եմ շատ վաղուց և յաճախ վերադարձած՝ իր տողերուն փնտռելով յատուկ էջեր, երբեմն նոյնիսկ յատուկ բառ մը իր ճոխ բառապաշարէն։ Իր կեանքի վերջին տարիներուն, հայրս անյագ մոլութեամբ կը մխրճուէր մեր գրադարանի գրքերուն մէջ և օրեր շարունակ կը կարդար։ Ես խնդրեր էի իրմէ, որ գրքի մը ընթերցումը աւարտելէ ետք, իր ձեռագրով յիշատակութիւն թողու գրքին վերջին էջին վրայ։ Եւ ահաւասիկ քանի մը օր առաջ դէմս ելաւ իր չարչարուած ձեռագիրը, երբ նորէն վերցուցի Զօհրապին հատորը՝ «Գրիգոր Զօհրապի նորավէպերու այս հատորը կրկին անգամ կարդացի. 20 Նոյեմբեր 1993։ Գրիգոր Արմենեան»։ Անխօս պահ մըն էր իր և իմ միջև ու նաև՝ Զօհրապի՛ն։
Եւ ահա գրադարանին կռթնած, յոտնկայս, ես վերսկսայ ընթերցումը «Անդրշիրմի Սէր» խորհրդաւոր նորավէպին…որ «Լուռ Ցաւեր»ու առաջինն է։
Այնուհետև, յաջորդող քանի մը օրերու ընթացքին, մէկը միւսին ետևէն աչքերուս առջևէն տողանցեցին Զօհրապի հերոսները՝ այժմ արդէն իրենց ճակատագրի տրտմութեան մէջ պարուրուած։ Այսինքն նմանը այն տեսիլին՝ որ Չարենց տուած էր իր «Մահուան Տեսիլ»ի սարսռալի տողերով «Գիրք Ճանապարհի»ի էջերուն մէջ։ Ամէն քայլափոխին, կ՚ըզգայի այս հանգիտութիւնը և ան նոր լոյսի տակ կը դնէր Զօհրապի գործէն բխող այս ապշեցուցիչ կրկներևոյթը։ Զօհրապի էջերուն մէջ ամբողջ բնակչութիւն մը կ՚ապրի իր փխրուն կեանքով։ Պոլսոյ և Նիկոմեդիոյ գաւառի մարդերն են, ամէնազգի մարդոց այս հանրո՛յթը, որոնց ճակատագիրն է, որ կը բացայայտուի տող առ տող Զօհրապ-տեսանողի ներքին տեսողութենէն անցնելէ ետք։ Մարդկութիւ՛ն մը՝ որ շարունակ կը վերապրի, մեր իւրաքանչիւր ընթերցման հետ, իր խուլ սէրերով, տենչերով, յուսախաբութիւններով, խոստովանութիւններով։
Զօհրապեան այս քաղաքը այսօր կրկնապէս տխուր է նաև անով, որ ան գիտակցութիւնը չունի իր պատմական ճակատագրին։ Կենսաշխարհ մըն է, որ եղած է արմատախիլ ու բնաջինջ և որ սակայն ողջ է դեռ Գրիգոր Զօհրապի անմեռ կտակարանով։ Նոյնիսկ այսօր անոնք կ՚ապրին բոլորովին անգիտակ մօտակայ Աղէտին։ Անոնք կ՚ապրին պատմութենէն վեր. կ՚ապրին պատմութենէն անդին՝ որպէս տարերային մէկ հակապատմութիւ՛ն։ Նոյնիսկ եթէ ամենէն դաժան, ամէնէն խուժդուժ պայմաններու մէջ, ապառաժի կտորներու միջև, տրորուած է այն հրաշագործ ուղեղը, որ անմահացուց զիրենք իրենց կեանքերու յետին մանրամասնութեամբ։
Զօհրապ վերըստեղծեց այս մարդերը փնտռելով զանոնք կեանքին հեռաւոր գռիհներէն և անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ ապրեցաւ անոնց ճակատագիրը։ Անոնք իրեն հետ էին, երբ ինք և Վարդգէս ճամբայ կը հանուէին անորոշ ուղղութեամբ։ Իրեն հետ էին, երբ ինք դէմ յանդիման կը գտնուէր իր դահիճին հետ։ Այս մարդերը անդրաշխարհային վկաներն են իր գողգոթային և վկաները՝ իր վսեմ յարութեա՛ն։
Ժամանակն է, որ նոր օրերու գրականագիտութիւնը սկսի բանալ ծածկագիրը Զօհրապի հոգեցունց վկայութեան։
Կարօ Արմենեան
Մայիս 15, 2016