Միշտ պատնէշի վրայ՝ արթուն, ամուր եւ միակամ


Անգամ մը եւս ձայնը հնչեց Արցախէն։

Ձայն մը՝ մեզ զգաստութեան հրաւիրելու։

Ինչպէս եղած էր 1988-ին, ինչպէս եղած էր դարեր առաջ՝ Դաւիթ Բեկի ու Մխիթար Սպարապետի օրերուն։

Արցախը՝ մեր արժանապատւութեան փրկիչն ու գոյութեան առհաւատչեան։

Մեծ եղեռնի հարիւրամեակի տարուան աւարտին, 2016-ի ապրիլի առաջին օրերը, Արցախի սահմանին վրայ տեղի ունեցածին ու անոր ազդեցութեան լոյսին տակ՝ կրնան հայոց տարեգրութեան մէջ արձանագրուիլ իբր կարեւո՛ր թուական։

Ինչո՞ւ։

Ի՞նչ էր տեղի ունեցածը։

Հերթական յարձակում թշնամիին կողմէ՝ հազարերորդ անգամ խախտելով հրադադարի համաձայնութիւնը։ Այս անգամ աւելի համարձակ, աւելի ինքնավստահ, աւելի անպատկառ։ Աւելի վայրագ եւ անգութ։

Հերթական հակահարուած մեր կողմէ՝ աւելի դիպուկ, աւելի ամուր, աւելի վճռակամ։ Աւելի գիտակից եւ յանձնառու։

Բախումը, սակայն, կրնար լոկ էջ մը հանդիսանալ մեր պատմութեան գրքին մէջ, եթէ անոր չհետեւէին աւելի՛ կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնք բացայայտեցին մեր էութիւնը, մեր ուժը, մեր առաւելութիւնը։

Որո՞նք էին այդ իրադարձութիւնները, որոնք ԼՂՀ սահմանին ընդհարումներուն տուին բոլորովին տարբեր նշանակութիւն ու պիտի դասուին պատմահայր Մովսէս Խորենացիի բանաձեւած «բազում գործք արութեան» շարքին՝ արժանի գրուելու, յիշատակուելու։

Առաջին՝ ամե՛ն կողմէ՝ Արցախէն թէ Հայաստանի Հանրապետութենէն, այլեւ Սփիւռքի տարբեր կողմերէն, հոսքը հարիւրաւոր (հազարաւո՞ր) կամաւորներուն,– ամեն պարագայի այնքան մեծ թիւով, որ շատեր ետ ուղարկուեցան՝ նախկին ազատամարտիկներ, նախկին բանակայիններ ու տակաւին զէնք չբռնած երիտասարդներ, ուսանողներ, ուսանողուհիներ,– որոնք փութացին ճակատ՝ կռուելու, իրենց արեա՛մբ վճարելու հայրենիքին հանդէպ իրենց տուրքը։ Անկարելի է չտեսնել զուգահեռը «նահատակութեան հիւանդութեան» հետ, որ տասնիններորդ դարու վերջաւորութեան ի յայտ եկաւ հայ ֆետայական շարժումին նախօրէին։

Երկրորդ՝ Սփիւռքի անյապաղ զօրակցութիւնը երեք այլ ճակատներու վրայ, մէկը՝ թշնամիին ներկացուցչութիւններուն առջեւ՝ շարանը բազմահազարներու բողոքի ցոյցերուն, որոնք ծայր տուին աշխարհի բոլոր ծագերուն, միւսը՝ քաղաքական յարաբերութիւններու ոստայնը որ հիւսուեցաւ անմիջապէս՝ տեղական, շրջանային, պետական թէ միջազգային մակարդակներու վրայ, նոյնպէս օգտագործելով բոլոր խողովակները, եւ վերջապէս՝ տեղեկատուական քարոզչութիւնն ու հակաքարոզչութիւնը, որ առաջին պահէն կազմակերպուած ձեւով տարուեցաւ ըլլա՛յ ԼՂՀ ու ՀՀ պետական, ըլլա՛յ մեր եկեղեցական ներկայացուցիչներուն, ըլլա՛յ Հայ դատի յանձնախումբերուն կողմէ, նոյնպէս արար աշխարհով մէկ։

Երրորդ ու ամենէն կարեւորը՝ այն միակամութիւնը որ ի յայտ եկաւ մինչ այդ պառակտուած թուող հայրենի քաղաքական ոլորտին մէջ, եւ ո՛չ միայն հայրենի։ Բոլոր կուսակցութիւնները, կուսակցական ղեկավարները, պատգամաւորները դարձան միակամ, սեփական անձերն ու անձնական փառասիրութիւնները մէկդի դրուած, վէճերն ու տարակարծութիւնները՝ երկրորդական, ու հայրենիքի անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը՝ առաջնահերթ։ Համազգայի՛ն առումով։ Ասիկա բնական շարունակութիւնն էր Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի հռչակագրի ամրագրած ոգիին։ Իրաւամբ, այս երեւոյթը նկատուեցաւ մեր հզօրագոյն զէնքը, զէնք որուն հետ չեն կրնար չափուիլ թշնամիին ունեցած ամենէն արդիական հրասայլերն ու մահասփիւռ այլ սարքերն անգամ։

Թշնամիին կողմէ մեզի պարտադրուած՝ ապրիլի սկիզբի բախումները եկան նաեւ մեր մէջ ամրագրելու այն գիտակցութիւնը, որ մեր փրկութիւնը մենք միայն մե՛ր մէջ պիտի փնտռենք, կամ՝ Չարենցի խօսքով՝ մեր հաւաքակա՛ն ուժին մէջ, մեր յոյսը դնելով ո՛չ ոքի վրայ, մանաւանդ ականատեսը ըլլալով այլոց ամեն տեսակի լարախաղացութիւններուն։ Եւ միայն մենք մեր իրաւունքներուն տէր կանգնելով է, որ նաեւ ուրիշներուն կրնանք պարտադրել, որ յարգեն մեր այդ իրաւունքները, այս պարագային՝ սեփական հողին վրայ ազատ ու ինքնիշխան ապրելու մարդկային ամենէն տարրական իրաւունքը, ինքնորոշմա՛ն իրաւունքը։

Այս բոլորը ըսելէ ետք, սակայն, Արցախէն եկած ահազանգը մեզ ուրիշ բաներու ալ գիտակից պէտք է դարձնէ։

Գիտակցինք, որ այս երեւոյթներն ու դասերը պէտք է տեւական բնոյթ ստանան։ Եթէ միայն վտանգի պահուն երեւան գան, ներուժ մը ցոյց կու տան, բայց ոչ՝ իրական ուժ։ Այլ խօսքով, վտանգի պահուն ի յայտ եկած մեր առաքինութիւնները մեզ պէտք է առաջնորդեն տեւաբար, վտանգ ըլլայ կամ ոչ։

Բայց նաեւ գիտակցինք, որ մենք մի՛շտ վտանգի մէջ է, որ կ՚ապրինք, Արցախի սահմաններուն վրայ բախումներ ըլլան կամ ոչ։ Վտանգ՝ շարունակելով ենթարկուիլ Մեծ եղեռնի հետեւանքներուն։ Այո, ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, եւ ոչ միայն մարտի դաշտերուն վրայ, ուր ինչպէս տեսանք մեր նահատակուած զինեալներու դիակները խոշտանգուեցան՝ յոշոտման ենթարկուեցան գայլակերպ հակառակորդին կողմէ։

Այո, Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի ամեն տեղ, ամեն ատեն, ու այս վտանգին ամբողջական գիտակցութեամբ մենք մեր կեանքը վարելու ենք անհատաբար թէ հաւաքաբար։

Գիտակցինք նաեւ, որ ապահով եւ զգաստ ապրելու համար մեր հայեացքները տեւաբար սեւեռած պիտի պահենք ոչ միայն մեզ շրջապատող թշնամիի սահմաններուն վրայ, այլեւ անոնցմէ անդին՝ մեր երկրի ընկերային, տնտեսական, կրթական թէ մշակութային ոլորտներուն վրայ, որոնց առողջացումը եւ ամրակայումը նոյնքա՛ն կենսական են մեր երկրին թէ ազգին գոյատեւման համար՝ որքան զինուժի հզօրացումն ու ֆիզիքական սահմաններու ապահովութիւնը։ Գերացանցութեան ձգտելով բոլոր մարզերուն մէջ, առաջին հերթին արդա՛ր կարգեր հաստատելով մեր երկրին մէջ, այլեւ համաշխարհային համբաւի հասնող մեր արուեստագէտներով, մարզիկներով, գիտնականներով թէ մտաւորականներով ջանալով ցոյց տալ աշխարհին, որ այս արեւուն տակ մենք ալ արժանի ենք հայրենիք ունենալու եւ պահելու։ Իբր ազգ գոյատեւելու։

Արթուն, ամուր եւ միակամ՝ մի՛շտ պատնէշի վրայ։ Ահա Արցախէն հնչած պատգամը։ Ահազա՛նգը։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.