Պոլսոյ «Քամփ Արմէն»ի վերաբերեալ՝ Հրանդ Կիւզէլեանի յուշերուն թրքերէնի թարգմանութեան առիթով
Պոլսոյ «Քամփ Արմէն»ի վերաբերեալ՝ Հրանդ Կիւզէլեանի յուշերուն թրքերէնի թարգմանութեան առիթով
(«Հրանդ Տինք» Հիմնարկ)
«ԴԷՊԻ ՔԱՄՓ ԱՐՄԷՆ»
(թարգմանչին խօսքը)
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Ընտանեկան հին լուսանկարներ են՝ թուագրուած 1987։ Յստակօրէն կը յիշեմ այդ օրը. Օգոստոս էր, կղզիէն ընտանեօք եւ բարեկամօք հանդերձ նաւով Պոստանճը եւ ապա շոգեկառքով Թուզլա ճամբորդած ու հասած էինք կանաչազարդ, աւազանով մը գեղեցկացած, կարմրաներկ աղիւսներով հիւսուած պատշգամով վայր մը։ Այցելուները, բոլորն ալ մտերիմ դէմքեր՝ Մկրտիչ Սերթշիմշեք, Յակոբ Հերկել, Պարոյր Պոստան, Հայկօ Քահվեճիօղլու, տոքթ. Արթին Մեծատուր եւ ծանօթ ու անծանօթ ուրիշներ։ Անմոռանալի օր մը ապրած ու վերադարձած էինք կղզի։ Թուզլայի քամփը ահա այսպէս մտած է յիշողութենէս ներս։ Ամէն ամառ կը փնտռէի զայն. «Թուզլա պիտի չերթա՞նք», կը հարցնէի մերիններուն։
Տարիներ անցան, մեծցանք, Թուզլան դարձաւ գեղեցիկ յիշատակ մը, մինչեւ այն պահը երբ Հրանդ Տինքի յօդուածներուն շնորհիւ ծանօթացայ Հրանդ Կիւզէլեանին, որու «Պոլսոյ պատանեկան տունը» յօդուածաշարքն ալ հետաքրքրութեամբ կը կարդայի «Ակօս»ի էջերէն։ Թուզլան ու իր քամփը բոլորովին այլ իմաստ մը ձեռք բերած էին այլեւս։
Եւ անցեալ գարնան պայթեցաւ Քամփ Արմէնի դիմադրութիւնը… Պետութեան իսկ մեղսակցութեամբ անցեալին որբ մանկանց ձեռքէն յափշտակուած կալուածը՝ ձեռակերտը այնտեղ պատսպարուած պատանիներուն, կ՚ուզէին փլցնել, գետնին հաւասարեցնել, յիշատակն իսկ փոշիացնել, զայն վերածելու համար չես գիտեր ինչի, շատ հաւանաբար առեւտրային կեդրոնի մը։ «Նոր Զարթօնք»ի տղոց եւ աղջիկներուն ի յայտ բերած ոգին օրինակելի էր իրապէս։ Օրեր, շաբաթներ ու ամիսներ շարունակ, տիւ ու գիշեր, «համայնք» կոչուած զանգուածին լռութեան ու անտարբերութեան առջեւ, դիմադրեցին, յամառեցան, պայքարեցան, զօրաշարժեցին այլ ազգերէ բազմաթիւ գաղափարակիցներ եւ …ազատեցին, փրկեցին անցեալէն իրենց աւանդուած այս մասունքը։
Ճիշդ այդ օրերուն վերստին ձեռք առած կը կարդայի Հրանդ Կիւզէլեանի յուշերը։ Քաջ ու բարի հովիւ մը, որ անձը կը զոհէ իր ոչխարներուն համար, ըստ աւետարանական ասոյթին։ Գաւառի ամենամութ անկիւնները պտըտող, հայկական քարէ հետքերէն աւելի, հոգիի կտորներ փնտռող այդ քաջ մարդը՝ Կիւզէլեան, պարզ ու անկեղծ ոճով մը կը հիւսէր իր պատմութիւնը, որու ամէն տողէն սէր ու գուրգուրանք կը կաթկթէր մնացորդացի սերունդներուն վրայ։ Ինք առանձին չէր. իր գիրքին մէջ կը տողանցէին հայ եւ օտար բազմաթիւ անձեր, մեծ մասամբ հոգեւորականներ, բոլոր յարանուանութիւններէ, ինչպէս, յատկապէս, զուիցերացի Թէոդոր Վիզեր պատուելին, Շնորհք Գալուստեան պատրիարքը, Կիրակոս Թոքաթլեան քահանան, որոնք Սիլոփիի, Վարդոյի, Ատըեամանի մէջ, կուրծք տալով բազում դժուարութիւններու, երբեմն նաեւ մարմնական ու բարոյական կտտանքներու, շատ անգամ բանտի սպառնալիքին տակ, կ՚իրագործէին իրենց առաքելութիւնը ու կը յաջողէին ալ։
Ընթերցանութեանս այդ օրերուն, Տերսիմէն ու Տիյարպեքիրէն երեք Հայեր, մկրտուիլ փափաքելով անձամբ ուղեւորուած եւ դիմած էին Հայաստանի եկեղեցիներուն, սակայն՝ մերժուած։ Իրենց ստացած պատասխանը նոյնքան զաւեշտալի էր. պէտք է երեք տարի երթային ու գային Էջմիածին, քննութիւններ յանձնէին, որպէսզի հնարաւոր ըլլար հասկնալ, թէ արժէ՞ զիրենք մկրտել, թէ ոչ։ Վարդապետ մըն ալ ելեր ու ըսեր էր, թէ մկրտութիւնը շօու չէ (վարդապետը մկրտութեան արարողութեան մը բնաւ ներկայ չէ եղած, կարծեմ)։ Ժամանակները փոխուած են հարկաւ. ոչ թէ հոգեւորականը, այլ հաւատացեալը պէտք է անոր ոտքը երթայ։ Ատ ալ չի բաւեր, պէտք է … մերժուի։ «Այլ դարք, այլ բարք», իրապէս։
Ինչեւէ… Հրանդ Կիւզէլեանին (եւ իրեն սերնդակից հոգեւորականներուն) փորձառութիւնը ուսանելի օրինակ մըն է բազմաթիւ տեսանկիւններէ։
Առաջինը՝ անձնդիր, անձնուրաց առաքելականութիւնն է։ Սեփական կեանքը առ ոչինչ համարելով, գաղափարի զինուորի մը նման, առաքեալի՛ մը պէս երթալ ամենախուլ անկիւնները երկրի ու հաւաքել տղաքը, զանոնք փրկել անվերադարձ կորուստէ մը, խաւարէն լոյսի բերել։ Ան այս առումով կը նմանի Մեծ Եղեռնէ ետք որբահաւաք առաքելութիւն իրականացնող ռուբէն-հերեաններուն։
Երկրորդը՝ նուիրեալ ուսուցիչի տիպարը։ Անձանձրոյթ կրթել մանուկները, կորուսեալ մշակոյթը վերստին պատուաստել անոնց հոգիներուն, հայացնել զանոնք, շահիլ, որդեգրել եւ յանձնել կեանքին։ Գաւառին զաւակները այլ ճակատագիրի մը սահմանուած էին թերեւս, բայց Կիւզէլեան ու իր լծակիցները անոնց այլ կեանքեր պարգեւեցին։
Երրորդ՝ օրինակ դառնալ։ Հրանդ Կիւզէլեան տիպար մըն է իր աշակերտներուն համար մինչեւ այսօր։ Խիզախ բնաւորութիւնը, զոր ունէր ան, վարակիչ ուժ մը ունի արդարեւ։ Նոյնիսկ նոր սերունդը, տղաքն ու աղջիկները, Կիւզէլեանի եւ իր նոյնքան յանդուգն աշակերտին՝ Հրանդ Տինքին օրինակին ապաստանած՝ Քամփ Արմէնը վերածեցին դարբնոցի մը, յաղթանակի կամարի մը, ուրկէ դեռ բազմաթիւ սերունդներ, վստահաբար, տոկալ ու տեւել պիտի սորվին։
Կիւզէլեանի առասպելի մը վերածուած անունը այս գիրքով վաւերականութիւն մը կը ստանայ. հեղինակին ինքնակենսագրութիւնը ներգործող ազդեցութիւն մը կը թողէ ընթերցողներու հոգիներուն վրայ։ Կիւզէլեանին հատորը ոգի կու տայ, թեւ կու տայ, պայքարի ու տոկալու ներշնչում կու տայ, կողմնացոյց կը դառնայ, մանաւանդ այս դժուար ժամանակներուն, երբ շունն իսկ իր տէրը չի ճանչնար։
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ