Թենիսի Ուիլեըմզի Ապակեայ կենդանիները

Ինծի համար խանդավառող երեւոյթ էր լսել, որ «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը պիտի ներկայացնէր Թենիսի Ուիլեըմզի Ապակեայ կենդանիները, որովհետեւ աւելի յաճախ կատակերգութիւններ կը տեսնենք բեմին վրայ, քան տրամաթիկ գործեր: Պատճառը անշուշտ հասկնալի է՝ կատակերգութիւն մը շատ աւելի մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ եւ աւելի ելոյթներու առիթ կու տայ, քան նման գործերու բեմականացումը: Ուրեմն, առաջին հերթին ողջունելի է թատերախումբին եւ անոր բեմադրիչին՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի նախաձեռնութիւնը:

Շուրջ եօթանասուն տարի առաջ, երբ առաջին անգամ կը բեմադրուէր Ապակեայ կենդանիները, ամերիկեան հանդիսատեսը կը գտնուէր նոր մօտեցումով թատրոնի մը, Ուիլեըմզի յղացքով՝ փլաստիկ, բանաստեղծական թատրոնի մը դիմաց, ուր հեղինակին կողմէ գործի սկզբնաւորութեան մանրամասն ցուցմունքներ կային բեմականացման մասին, թէ ինչպէս լուսաւորումն ու երաժշտութիւնը պիտի օգտագործուին ներկայացման ատեն՝ առկայ մթնոլորտը ստեղծելու համար: Օրինակ՝ Ուիլեըմզ կ’ուզէր որ լուսաւորումը ոչ իրապաշտ ձեւով օգտագործուի, քանի տեսարանները յիշողութեան մէջ տեղի կ’ունենային, կամ կարգ մը տեղեր լոյսը կեդրոնանայ աղջկան՝ Լորայի վրայ, զայն նմանցնելով սրբանկարներու, ինչպէս Էլ Կրեքոյի գեղանկարներուն մէջ կը տեսնեմք …: Հիմնականը այն էր սակայն, որ գրողը կը հակադրուէր իրապաշտ թատրոնին եւ տալով լուսանկարչութեան օրինակը, կ’ըսէր որ այլեւս լուսանկարներու պէս չենք կրնար արտաքին երեւոյթներով, մակերեսով գոհանալ, այլ պէտք է տիպարներու ներքին ճշմարտութեան հասնինք: Ամէն պարագայի, Ապակեայ կենդանիներուն մէջ շատ աւելի քիչ բրտութիւն կը գտնենք, քան իր միւս գործերուն մէջ, հակառակ անոր որ կացութիւնը իսկապէս դաժան է: Իսկ հեղինակին որեւէ գործը դիտելու ատեն, անպայմանօրէն մեր մտքին դիմաց կու գան իր ստեղծած կարգ մը անմոռանալի կերպարները, զիրենք մարմնաւորած անկրկնելի տիտաններով, ինչպէս՝ Քաթրին Հեփպըրնը Ամանտայի դերին մէջ, Մարլոն Պրանտօն՝ Սթանլիի կամ Վիւիան Լին՝ Պլանշ Տիւպուայի դերերուն մէջ (Ցանկութիւն կոչուող հանրակառքը):

Տեսարանը երեսունական թուականներուն Միացեալ Նահանգները կը ներկայացնէ, տնտեսականօրէն տխուր շրջան մը Ամերիկայի համար, որ բնականաբար կ’ազդէ մարդոց ընկերային կենցաղին վրայ: Պատմողը՝ Թոմ, միաժամանակ չորս տիպարներէն մէկն է, որ բացակայ հօրը նման շատոնց փախուստ տուած է այդ միջավայրէն, սակայն չի կրնար ձերբազատուիլ յա՛տկապէս քոյրը լքած ըլլալու յանցանքի զգացումէն: Պատումին մէջ անցեալ ու ներկայ ժամանակները կը խառնուին իրարու, որոհետեւ անցեալը միշտ ներկային մէջ կը գտնուի, կարելի չէ ձերբազատուիլ ատկէ: Ուինկֆիլտ ընտանիքի երեք անդամներն ալ իրականութենէն կտրուած կ’ապրին: Թոմը կօշիկի գործարանի մը մէջ կ’աշխատի, սակայն աշխատանքը ոչ մէկ գոհացում կը պատճառէ իր բանաստեղծի հոգիին եւ կը փորձէ իր չապրած կեանքը գտնել շարժանկարներու պատրանքին մէջ՝ ամէն երեկոյ շարժապատկերի սրահները փախչելով: Ամանտան՝ մայրը, իր փարթամ անցեալին յիշատակներուն մէջ կը գտնուի, որ կը հակադրուի իր ներկայի տխուր իրականութեան. անոր կարգ մը արտայատութիւնները Պլանշ Տիւպուան կը յիշեցնեն, սակայն կը տագնապի իր զաւակներուն ճակատագրով, յա՛տկապէս՝ Լորայի, որուն ֆիզիքական թերութիւնը՝ կաղութիւնը, չի կրնար ընդունիլ: Լորան, իբրեւ գերզգայուն կերպար, քաշուած է իր իւրայատուկ աշխարհին մէջ, չէ աւարտած երկրորդական վարժարանը, մեքենագրումի դասերուն չէ հետեւած, այլ իր ապակեայ փոքր կենդանիներով կը զբաղի շարունակ: Ամանտա իր 17 թեկնածուներու պատմութիւններով կամ Թոմին ուղղուած շարունակական դիտողութիւններով յաճախ այս դժուար կացութիւնը աւելի եւս կը սրէ, մղելով Թոմը, հօրը նման, օր առաջ հեռանալու տունէն:

Պէտք է շեշտել նաեւ խորհրդանշաններու եւ փոխաբերութիւններու օգտագործումը թատերախաղին մէջ: Ապակին թափանցիկ ու փխրուն նկարագիր ունի, եւ Լորայի ապակեայ կենդանիներուն պէս, Ուիլեըմզի կերպարները դիւրաբեկ կացութեան մը մէջ կը գտնուին: Ճիմի մէկ շարժումէն կը կտրուի միեղջերուին եղջիւրը, սակայն Լորան երբեք ալ միւս աղջիկներուն, այսինքն՝ ապակեայ կենդանիներու միւս ձիերուն պէս պիտի չըլլայ: Ան պիտի մնայ կապոյտ վարդը, հակառակ անոր որ կապոյտը վարդին բնական գոյնը չէ, որովհետեւ ինք իսկապէս տարբեր է ուրիշներէ եւ վտանգուած կամ կորսուած մարդկային տեսակ մը կը խորհրդանշէ: Թոմը յաճախ կեցած է կամ ելումուտ կ’ունենայ հրդեհի աստիճաններու սեմէն, ինչ որ ներսի դժոխային կրակէն փախչելու ձեւ մը չէ՞: Նոյնիսկ Փարատայզ, այսինքն՝ դրախտ պարասրահը, ուրկէ յաճախ կը հասնի զուարճալի երաժշտութիւնը եւ որուն եղանակով պահ մը կը պարեն Ճիմն ու Լորան, կրնայ հակադրութիւնը նկատուիլ տան «դժոխք»ին, սակայն այն նաեւ շարժապատկերին պէս սուտ երջանկութեան մը վայրն է:

Զեփիւռ Պոյաճեան, ամենափորձառու դերասանուհին ըլլալով սոյն դերակատարներու խումբին, Ամանտա Ուինկֆիլտի դերը վերցուցած էր: Իսկապէս դժուար պատասխանատուութիւն մը, որովհետեւ բնագրին մէջ Ամերիկայի Հարաւը յատկանշող որոշ շեշտադրումի եւ առոգանութեան եղանակներ կան, որոնց օգտագործումը կը դիւրացնէ օտար դերասանուհիին աշխատանքը. նոյնը կարելի ընել հայերէնով: Յաջող ընտրութիւն էր թեկնածուին դիմաւորելու օրը Ամանտային հագած տարազը, որ կորսուած աշխարհ մը կը բերէր իր հետ: Ամէն պարագայի, աղջկան ապագայով տագնապող եւ տղուն ընթացքը տեսնող այս անձկութեամբ բաբախուն կնոջ դերը յաջող կերպով մարմնաւորեց Զեփիւռ Պոյաճեան:

Հաճելի անակնկալ էր Անանիա Եղիկեանը տեսնել Թոմի դերին մէջ: Իտալական յարդէ գլխարկին մէջ փոքր դեր մը վերցնելէ ետք՝ ան յանկարծ ստանձնած էր գլխաւոր դերերէն մէկը՝ կարճ ժամանակի մը ընթացքին ակնառու ոստում մը արձանագրելով: Պէտք չէ մոռնալ որ Ապակեայ կենդանիները Թենիսի Ուիլեըմզի ամենաինքնակենսագրական գործերէն մէկն է, եւ Լորայի հանդէպ Թոմի մեղքի զգացումը նոյնինքն հեղինակին յանցանքի զգացումին մէկ դրսեւորումն է, որ Անանիան կրցաւ մարմնաւորել: Ասոր կ’ընկերանար Թոմի միւս տագնապը՝ կեանքը շարժապատկերի սրահներուն մէջ երազելով ապրելու փոխարէն սեփական փորձառութեամբ ապրելու ձգտումը, ինչ որ մղեց զինք առեւտրական նաւազդիներու խումբին միանալու, սակայն ինչպէս Թոմի վերջին արտայատութիւններուն մէջ երեւան կու գայ, նման անձեր ո՛չ մէկ տեղ եւ ո՛չ մէկ ատեն հանգիստ կրնան գտնել եւ միշտ ալ կը հալածուին իրենց ներքին տագնապներէն:

Ուրիշ գեղեցիկ անակնկալ մըն էր Նարին Աբգարեանի խաղարկութիւնը Լորա Ուինկֆիլտի դերին մէջ: Իսկապէս դժուար դեր մը, որովհետեւ դերասանուհին խօսքէ աւելի դէմքի, ձեռքի կամ ֆիզիքական կեցուածքի շարժումներով պէտք է արտայայտուէր: Հետաքրքրականօրէն, երբ թատերախաղը կը քննարկէի աւարտական կարգի կարգ մը աշակերտներուս հետ, անոնցմէ մէկ քանին հարցուցին, թէ դերասանուհին իսկապէ՞ս կաղ էր … ինչ որ կը նշանակէ, որ Նարին համոզիչ կերպով մարմնաւորած էր իր կերպարը, այսինքն՝ ֆիզիքական թերութենէն բխած զինք ներքնապէս անդամալուծող հոգեվիճակը:

Ճիմ Օ’Գանըր՝ Լորայի «թեկնածուն», արտաքին աշխարհը այս լարուած, անձկութեամբ ծանրաբեռն յարկին տակ բերող անհատն է: Մէկը որ Լորայի դպրոցական երազներուն մաս կազմած է. դպրոցին ամէնէն փայլուն աշակերտներէն մին, որ կեանքին մէջ իր կարողականութեան կամ ակնկալութիւններուն համաձայն յաջողութիւն չէ գտած, սակայն միամիտ լաւատեսութիւն մը ունի կեանքին նկատմամբ: Հետաքրքրականօրէն, մինչ օրաթերթի առաջին էջին վրայ պատերազմի յայտարարութեան լուրը կը տրուի՝ ան հետաքրքրուած է մարզական խաղերու արդիւնքներով: Կարծես հեղինակին պատկերացումով ան միջին ամերիկացիի խորացում չապրող կերպարն է: Ուիլեըմզ, Թոմի բերնով կ’ըսէ. «Սպանիոյ մէջ յեղափոխութիւն կար: Հոս կար միայն շփոթ եւ պոռչտուք»: Սակայն Ճիմն է, որ կը հասկնայ Լորան եւ կարճ պահ մը զայն իր վիճակէն դուրս կը հանէ: Դժբախտաբար, Ճիմ նշանուած է եւ այդ երջանկութեան կարճ, պատրանքի պահը պիտի չքանայ: Թոմը չէ վճարած ելեկտրական հոսանքին վճարագիրը. հոսանքը պիտի կտրուի եւ կարծես այդ խաւարը խորհրդանշականօրէն յաջորդող օրերու ցուցանիշը պիտի ըլլայ: Լեւոն Արապեան բաւական մեծ ճիգ թափած էր մտնելու Ճիմ Օ’Գանըրի դերին մէջ, երբեմն բաւական յաջող, իսկ երբեմն՝ նուազ յաջող կատարումով. կամ թերեւս՝ դերին իր մեկնաբանութիւնը տարբեր էր իմ պատկերացումէս:

Պէտք է արձանագրել, որ երաժշտութեան ընտրութիւնը, լուսաւորումը, բեմի յետնամասին ցուցադրուած պատկերները, ընտրուած օրաթերթերը եւ նման բոլոր մանրամասնութիւնները բծախնդրօրէն կատարուած էին: Վստահաբար, աւելի մեծ բեմ մը կրնար աւելի լայն կարելիութիւններ ընծայել բեմայարդարման համար: Առաւել, բեմադրութիւնը թարմ չունչ մը կը բերէր եւ հարազատ էր գործի ոգիին եւ հեղինակին պատկերացումին: Նաեւ խրախուսիչ է թատերախաղին նոր թարգմանութիւնը, որովհետեւ իւրաքանչիւր թարգմանութիւն թատրոնի լեզուն կը նորոգէ եւ յաւելալ ճշգրտութեան եւ նրբութիւններու կը ձգտի:

Ակնառու է նաեւ այն պարագան, որ իր վերջին երեք բեմադրութիւններուն ընթացքին, Վիգէն Թիւֆէնքճեան կը յաջողի ընտրուած նիւթիւն համաձայն նոր, երիտասարդ ուժեր գտնել, զանոնք պատրաստել եւ խմբել «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին շուրջ, այս ձեւով բաւական խոր խարիսխ մը կազմելով ապագայ ներկայացումներուն համար:

Անշուշտ պիտի ուզէինք աւելի մեծ հասարակութիւն մը տեսնել հայկական լուրջ թատրոնի հանդիսասրահներուն մէջ: Կատակերգութիւններ կրնան աւելի լայն ժողովրդականութիւն ունենալ, սակայն նման բեմադրութիւններ այլ տարողութիւն մը կու տան թատրոնին եւ դերասանին: Իսկ երբ թատերախաղ մը եօթը ութ անգամէն աւելի կը խաղցուի, դերասանը ոչ միայն կ’իւրացնէ մարմնաւորած դերը, այլեւ կ’անձնականացնէ զայն, մանրամասնութիւններ կը բերէ, զորս բեմադրիչն իսկ յաճախ չէր կրնար պատկերացնել: Ասոր լաւագոյն օրինակներէն մէկը Լիբանանի նախապատերազմեան շրջանին վաստակաւոր բեմադրիչ ու դերասան Ճորճ Սարգիսեանը կու տար, Մասիսեանի դերը խաղալով Րաֆֆիի Ոսկի աքաղաղին մէջ: Անոնք որ իր տասնհինգերորդ կամ քսաներորդ խաղարկման ներկայ եղած էին, ամբողջովին այլ խորութեամբ Մասիսեան մը գտած էին բեմին վրայ, եւ շատեր ա՛յդ իսկ պատճառով երկրորդ անգամ տեսան զայն: Յուսանք նման առիթներ մօտիկ ապագային կ’ընծայուին նաեւ մե՛ր դերասաններուն եւ բեմադրիչներուն:

Յարութիւն Պէրպէրեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.