Մասնակցինք Սուրիահայութեան զօրակցութեան դրամահաւաքի հեռուստամարաթոնին
Կոտրուած Սկաւառակ Թ՞է Կտրուած Մրցանիշ
Ներսէս՝ Սուրիահայ արհեստավարժ մասնագէտ մըն է։ Կարող եւ յարգուած։ Վկայեալ Սուրիոյ համալսարաններէն, տարիներէ իվեր վարած է յաջող ատամնաբուժական դարմանատուն մը Հալէպի մէջ մինչեւ 2011, երբ Սուրիոյ ապահովութեան իրավիճակը վատթարանալով երկիրը մատնեց արիւնալի ճգնաժամի մը։ Դարմանատունը կը գտնուի Նոր Գիւղի կիսաքանդ եւ վտանգաւոր շրջանին մէջ եւ այդ պատճառով աշխատանքը արմատապէս կրճատուած է։ Ներսէս նուիրուած եւ ծառայասէր զաւակն է իր ժողովուրդին, աշխոյժ մէկ անդամը համայնքին, հաւատարիմ իր ինքնութեան եւ արմատներուն, ինչպէս նաեւ ազգային պայքարի ճանապարհին՝ ճշմարտութեան եւ արդարութեան անխախտ պահանջատէրը:։
Ներսէս վճռած է անսասան պահել հայ գաղութի հերոսական ու պատմական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ շարունակել ապրիլ խաղաղ եւ ներդաշնակ՝ Սուրիոյ արաբ հարեւաններուն հետ, որոնց ասպնջական նախահայրերը ջերմագին եւ սիրալիր կերպով ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութենէ վերապրողները, անոնց ներշնջելով գոյատեւելու յոյս, բարգաւաճելու հնարաւորութիւն եւ ազատօրէն պաշտելու իրաւունք։ Ներսէս, Սուրիահայ համայնքի բոլոր զաւակներու նման կը շարունակէ տառապիլ, երկրին մէջ տիրող եւ շարունակուող արիւնահեղութեան, աւերումի, մահուան սպառնալիքի, արժանավայել կեանքի մը ամէնատարրական պայմաններու չգոյութեան պատճառաւ։
Յակոբ նոյնպէս մասնագէտ ատամնաբոյժ մըն է՝ շրջանաւարտ Սուրիոյ համալսարաններէն։ Սուրիոյ արիւնալի հակամարտութիւններու սկիզբը, ան ապաստան գտաւ վայրի մը մէջ, ուր տասնամեակներ շարունակ անհայրենիք սփիւռքահայը ձգտած եւ երազած է տեղափոխուիլ եւ բնակութիւն հաստատել՝ հայրենիք – Մայր Հայաստան։ Յակոբ եւ իր երիտասարդ ընտանիքը ջերմօրէն կը փափաքին իրենց խարիսխը զետեղել հայրենիքի մէջ, հաստատուիլ այնտեղ, եւ իրենց արմատները խորացնել իրենց նախահայրերու հողին վրայ։ Յակոբ իր մասնագիտութիւնը կը վարէ՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախաձեռնութիւնը եղող դարմանատան մը մէջ որ կը ծառայէ հայրենիքի կարիքաւորներու ինչպէս նաեւ Հայաստան ապաստանած Սուրիահայ գաղթականներու։
Յակոբ վճռած է հաստատուիլ Հայաստանի մէջ, հակառակ երկրի տնտեսական տագնապին եւ հնարաւորութիւններու սակաւութեան։ Աշխատասէր, ստեղծագործ, կայտառ եւ արդիւնաւետ՝ Յակոբ կարիքը ունի եւ արժանի է ամէն օժանդակութեան, ունենալու երդիք մը գլխուն վրայ, որ կարենայ կոչել իր հարազատ ծիծեռնակի բոյնը հայրենիքի մէջ։
Սուրիահայ գաղութին վիճակուած ազգային աղետի մը ենթարկուած փորձառութեան դիմաց ցցուող, համահայկական եւ ազգային ռազմավարութեան մը բացակայութեան՝ անոնց օժանդակելու հսկայ բեռը վիճակուած է մեր ժողովուրդին որ կոչուած է իր լաւագոյնը ընել օգնութեան ձեռքը երկարելու Սուրիահայ Ներսէսներուն եւ Յակոբներուն՝ Սուրիոյ կամ Մայր Հայրենիքի մէջ: Թէեւ ուշ բայց ոչ ուշացած, հարկ է կանխել եւ կասեցնել ՝ տառապող Սուրիահայ զանգուածին շարունակուող անդամահատութիւնը ուղղուած Արեւմուտքի հալեցնող կաթսան կամ աշխարհի մութ ու անյայտ անծանօթ տարածքները։
Ոմանք գուցէ յոգնած են լսելու մեր ուղղած օգնութեան եւ աջակցութեան շարունակուող դիմումներն ու աղերսները՝ զօրակցելու Սուրիոյ եւ Հայրենիքի մէջ գտնուող տագնապահար Սուրիահայերուն։ Անոնք կրնան այս աղերսները կոչել կոտրուած սկաւառակ, չափազանցուած աղետ՝ հեռու ազգային առաջնահերթութիւններէ: Բայց ես կը ճանչնամ մեր ժողովուրդը, գիտակից եմ անոր սիրոյն, հոգածութեան, կարեկցութեան, ազնուութեան, բարութեան եւ տկարը գետնէն բարձրաձնելու ասպետական ոգիին՝ հետեւելով՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին։
Փետրուարի 21-ին, Սուրիահայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինը պիտի ունենայ դրամահաւաքի հեռուստամարաթոն մը «Կեանք մը Փրկել»ու կարգախօսով։ Ազնուական արարք մը արդարեւ որ արժանի է մեր ամբողջական եւ միասնական աջակցութեան եւ հաւաքական մասնակցութեան։ Թող ցուցաբերուած սիրայօժար եւ առատաձեռն նուէրները՝ ուղղուած Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան «Սուրիոյ Օգնութեան Ֆօնտ»ին (Հեռ. 201.265.2607 – կայքէջ www.amaa.org), կամ Փետրուար 21-ի «Սուրիահայութեան Զօրակցութեան Ֆօնտի» դրամահաւաքի հեռուստամարաթոնին (Հեռ. 866.888.SARF – կայքէջ www.SARFtelethon.org), ԿՏՐԵՆ ՏԱԼՈՒ ՄՐՑԱՆԻՇԸ լռեցնելով կոտրուած սկաւառակներու տխուր նուագը ։
Աջակցի՛նք «Կեանք մը Փրկել»ու:
Սփիւռքահայ Մայր Գաղութի կեա՛նքը։
Զաւէն Խանճեան
Սուրիահայութեան Զօրակցութեան Ֆօնտի (ՍԱՐՖ) առաքելութիւնը նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել է բոլոր այն Սուրիահայերուն, որոնք զոհը դարձած են Սուրիոյ լայնածաւալ քաղաքացիական պատերազմին։ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ՍԱՐՖ-ի հիմնադիր անդամ կազմակերպութիւններէն մէկն է Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափին վրայ։