Տաւութօղլու. «Հայաստանին կոչ կ՛ընեմ՝ դո՛ւրս եկէք ձեզ չպատկանող հողերէն»


Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Ատրպէյճան այցին ընթացքին անդրադարձած է Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու Թուրքիոյ ջանքերուն եւ կոչ յղած Հայաստանին,  tert.am-ի՝ փոխանցմամբ` կը յայտնէ  aa.com.tr-ն:

Ան նշած է, թէ իրենք միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան «եղբայրական Ատրպէյճանի» կողքին ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար կրկնած է իր աւանդական թեզերը` պահանջելով դուրս գալ ազատագրուած տարածքներէն:

«Հայաստանին կոչ կ՛ընեմ՝ դո՛ւրս եկէք ձեզ չպատկանող հողերէն ու խաղաղութեան գործընթացք սկսելու պարագային կը կարենաք մասնակցիլ Թուրքիոյ, Վրաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ձեւաւորուած խաղաղ եւ հեռանկարային միութեան»,- ըսած է ան:

Տաւութօղլուն նաեւ յայտարարած է, թէ «Ատրպէյճանի հողերը սուրբ են» եւ անպայման «պիտի ազատագրուին»:

Աւելին` ան յայտարարած է, թէ «մարդասէր» Թուրքիան միշտ այնտեղ է, ուր մարդկային ողբերգութիւն կայ` Հայիթիի երկրաշարժին, Ճաբոնի  կամ Ֆիլիփիններու ցունամիին:

«Ուր զոհ կայ, ճնշուած կայ, Թուրքիան անպայման այնտեղ է: Մենք այս դիւանագիտութեան մարդկային դիւանագիտութիւն, խղճի դիւանագիտութիւն կը կոչենք»,- ըսած է թուրք պաշտօնեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.