Ճատրակ. Հրակ Լախեան Պիտի Մասնակցի Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեանութեան


lakhyan_10-21-15

24 հոկտեմբեր 2015-ին Հրակ Լախեան պիտի մեկնի Յունաստանի Խալքիտիքի շրջանը` մասնակցելու ճատրակի աշխարհի տարիքային ախոյեանութեան: Հրակը պիտի ներկայացնէ Լիբանանը:

Ան 11 տարեկան է, կը յաճախէ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:

Ան սկսած է ճատրակ խաղալ 7 տարեկանին: Երկու անգամ եղած է Լիբանանի ախոյեան, իսկ վերջին երկու տարիներուն երկրորդ եւ երրորդ դիրքերուն արժանացած է:

Մասնակցած է հետեւեալ մրցաշարքերուն.

– Աշխարհի ախոյեանութիւն` Սլովենիոյ մէջ ներկայացնելով Լիբանանը եւ ձեռք ձգելով շատ լաւ արդիւնք:
– Միջերկրական երկիրներու` ախոյեանութիւն Յունաստանի մէջ, հանդիսացած է 3-րդ:
– Արաբական երկիրներու ախոյեանութիւն` Յորդանանի մէջ, շատ լաւ արդիւնքով:
– Աշխարհի ախոյեանութիւն` Տուպայի մէջ, ունենալով շատ լաւ արդիւնք: Այստեղ յիշեցնենք, որ այս խաղերուն Հրակ Լախեան ապահոված է 5,5 կէտ` Լիբանանի մասնակցողներուն մէջ ունենալով բարձրագոյն կէտը, իսկ աշխարհի վերջին ախոյեանութեան արաբական երկիրներուն մէջ 2-րդ հանդիսացած է:

Մասնակցած է նաեւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային խաղերուն, օրինակ`

. Պէյրութի միջազգային բաց մրցաշարքին:
. Ֆրանսախօս երկիրներու ախոյեանութիւն:
. Միջերկրական երկիրներու ախոյեանութիւն:

Մասնակցած է նաեւ շարք մը ուրիշ մրցաշարքերու եւ ձեռք ձգած շատ լաւ արդիւնքներ:

Հրակին կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.