Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճան Թորի ներկայ գտնուեցաւ սուրիահայ ներգաղթողներու ծանօթացման հաւաքին


Թորոնթօ.- Հոկտեմբեր 9-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատա ներգաղթած սուրիահայերու հետ ծանօթացման հաւաք մը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Հայ կեդրոնի Գաղթականական Մարմնին կողմէ: Վերոնշեալ հաւաքին, յատուկ հրաւէրով մասնակից դարձաւ նաեւ Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճան Թորի: 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յարութ Մանուկեան, որ իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետ Ճան Թորիին, ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Ճանպազեան, որ շեշտեց, թէ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը միշտ պիտի զօրակցի Գանատա ներգաղթած սուրիահայերուն: Հայ կեդրոնի «Գաղթականական Մարմին»ի անունով խօսք առաւ Լ. Կարպուշեան, որ անդրադարձաւ Մարմնի աշխատանքներուն: Քաղաքապետ Ճան Թորի ելոյթ ունենալով բարի գալուստ յայտնեց ներգաղթողներուն, վերյիշեցնելով, որ Գանատան պատմականօրէն գաղութավայր պետութիւն եղած է, ուր տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին հաստատուած են տարբեր երկիրներէ ժամանած գաղթականներ: Ան նաեւ յայտնեց, թէ միշտ սերտօրէն համագործակցած է Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին հետ:

Ապա 450 ներկաներ քաղաքապետին հետ միասին ճաշակեցին գոհաբանութեան օրուան ճաշերը: Հաւաքի ընթացքին քաղաքապետ Ճան Թորի անձամբ ծանօթացաւ սուրիահայ ներգաղթողներուն:Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի պատգամով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.