Մինչեւ ո՞ւր կրնան հարուածել հայկական բանակի հեռահար հրթիռները


«Ժամը» լրատուականը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու տրամադրութեան տակ գտնուող ամէնէն հեռահար հրթիռային համակարգն է ռուսական «Տոչկա-Ու»-ն, որ կրնայ հարուածել մինչեւ 120 քլմ. հեռաւորութեան վրայ, յաջորդ հեռահար հրթիռային համակարգն է «Սմերչ» համակարգը, որ կրնայ հարուածել մինչեւ 70 քլմ. հեռաւորութեան վրայ թիրախներ։ Նախիջեւանէն հարուածներու պարագային Ազրպէյճան կրնայ օգտագործել իսրայէլեան եւ թրքական արտադրութեամբ այլ հրթիռային համակարգներ, որոնք ամէնէն շատ կրնան վնասել Հայաստանի Արարատեան դաշտավայրը։

Հայկական բանակի զինանոցին մէջ բացի «Տոչկա-Ու», «Թայֆուն» եւ «Սմերչ» համակարգերէն, գոյութիւն ունին «Ռ-17 Սքատ» եւ «Իսքանտեր» արտաձգային հրթիռներ, որոնք կրնան ճշգրիտ հարուածներ հասցնել 300 քլմ-էն աւելի հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախներու։ Այս վերջին համակարգերն են, որ կ՚ահաբեկեն Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը, որովհետեւ Ազրպէյճանի հետ պատերազմի պարագային հայկական միջին հասողութեան «Տոչկա-Ու», «Թայֆուն» եւ «Սմերչ» հրթիռային համակարգերը կրնան խոցել շփման գիծէն ոչ հեռու գտնուող Ազրպէյճանի երկրորդ մեծագոյն եւ մէկ միլիոն բնակչութիւն ունեցող Գանձակ քաղաքը եւ յարակից բնակավայրերը, իսկ արտաձգային հրթիռները՝ Պաքուն եւ Կասպեան քարիւղի նաւթահորերը։

Հայկական զինուած ուժերուն մօտ գտնուող հրթիռները քանի մը վայրկեանի ընթացքին կրնան քանդել Ազրպէյճանի տարածքին գտնուող որեւէ ենթակառոյց։ Այս հանգամանքը կը խանգարէ Ալիեւի վարչակարգը յատկապէս երբ բնակչութիւնը կը սկսի չվստահիլ երկրի ղեկավարութեանն ու բանակին։

Ազրպէյճանցի լրագրող Մէօվսուն Հաճիեւ Պաքուի քարոզչամեքենայի մասին երկարաշունչ յօդուած մը գրելով բացայայտած է, որ ո՛չ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը, ո՛չ ալ բանակը պատրաստ են նոր պատերազմի։ Հաճիեւ կը գրէ.«Ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը կրնայ վերջ տալ ազրպէյճանական քարիւղի առեւտուրին։ Հայերու գնդակոծութեան տակ կրնայ յայտնուիլ սրբութեան սրբոցը՝ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարը։ Նոյնիսկ Ղարաբաղի վերջնական կորուստը Ազրպէյճանի ներկայ վարչակազմի համար նուազ սարսափելի է քան թալանուած նաւթատոլարներու հոսքի նուազումը»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.