Բարբարոս ձեռքեր քարուքանդ ըրած էին Սիսի հրաշակերտ վանքը
ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՈՂՋՈՅՆԸ ՍԻՍԷՆ
22 Օգոստոս 2015… Պատմութիւնը արդէն իր մատեանին մէջ ոսկեայ տառերով արձանագրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին խիզախ քայլը՝ 100 տարիներ ետք Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանէն ողջունելու հայ ժողովուրդը եւ հնչեցնելու պահանջատիրութեան ձայնը: Ձայն մը՝ որ կը ներկայացնէր Հայկի ազատատենչ ոգին. ձայն մը՝ որ արձագանգն էր 1293 թուականէն ի վեր, Սիսի մէջ հաստատուած Հայոց Հայրապետական Սուրբ Աթոռին ճամբով ծառայած սրբազան հայրապետներուն եւ Կիլիկիոյ տաճարներու կամարներուն տակ իրենց ձայնը առ Աստուած բարձրացուցած եռամեծ վարդապետներուն. ձայն մը՝ որ պոռթկումն էր Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն արդարութեան կանչին. եւ վերջապէս ապագայատեսիլ արարք մը, որ կը յիշեցնէր իր ժողովուրդին դէպի «խոստացեալ Աւետեաց երկիր» առաջնորդութիւնը Մովսէս Մարգարէին։
21 Օգոստոս 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան չորս միաբան հայրեր, Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալէ ետք մեկնեցան Սիս, իրագործելու համար Հովուապետին փափաքը, որ վստահաբար փափաքն էր ողջ հայութեան։
Կարելի չէր չյուզուիլ ի տես կիլիկեան թագաւորութեան փառքը հանդիսացող Սիսի բերդին, որուն ի պատիւ Կոստանդին Ա. Թագաւոր դրամ կոխել տուած էր «Սսոյ բերդն է թագաւոր» արձանագրութեամբ: «Թագաւոր»ը նախքան քաղաք մեր մուտքը հեռուէն մեզ դիմաւորեց՝ հայաշունչ աղօթքի կարօտին իր ծառաւը արտայայտելով դէպի իր վեհութիւնը սեւեռած կիլիկեան չորս միաբաններուն։
Բերդի լանջին կը գտնուի հայութեան երբեմնի հոգեւոր կեդրոնը հանդիսացած Մայրավանքը գրեթէ աւերակներու մէջ, կարծէք Կիլիկիոյ թագաւորական բերդին փղձկացող կուրծքին ցաւը ըլլար։ Վանքին պատերը կարծէք զգացին մեր ներկայութիւնը, ճանչցան մեր ձայները… Ինչո՞ւ պիտի չճանչնային իրենց հարազատներուն ձայները. ինչո՞ւ պիտի չզգային 100 տարիներ առաջ պարտադրաբար հեռացած միաբան հայրերու ժառանգորդներուն ներկայութիւնը:
«13 Սեպտեմբեր [1915]՝ Խաչվերացի Կիրակին՝ լաց ու կոծի պատմական օր մը կ’ըլլայ թէ՛ միաբանութեան եւ թէ՛ ալ Սսոյ մէջ մնացող ափ մը հայութեան համար։ Նոյն օրը վանքին բանալիները տրցակով կը յանձնուին կառավարութեան։ Սրտաճմլիկ էր պարզուած տեսարանը. հասած ըլլալով այլեւս մեկնումի վերջին ժամը, բաժանման այդ րոպէին արտասուքը յորդարատ կը հոսէր մեր աչքերէն։ Վերջին մնաք բարովի լալագին համբոյր մը եւս տալով Մայր Տաճարի սրբատաշ քարերուն կը մեկնինք անդարձ, բարբարոս ձեռքերուն յանձնելով՝ երջանկայիշատակ Կիրակոս մեծագործ Կաթողիկոսին օրով շինուած՝ Սսոյ բազմադարեան Աթոռին հոյակապ վեհաշուք Կաթողիկոսարանով եւ յարակից բոլոր շէնքերով»։[1]
Խադ Եպս. Աջապահեանի «Վանքին կարաւանը» յօդուածին նկարագրած յուզումնախառն տեսարանը կրկնուեցաւ, երբ 100 տարիներ ետք Կիլիկեան Աթոռին միաբանները արտասուքով մուտք գործեցին Սիսի Կաթողիկոսարանը: Խադ Սրբազան մարգարէացած էր… Այո՛ թուրք բարբարոս ձեռքեր քարուքանդ ըրած էին հրաշակերտ վանքը: Կիրակոս մեծագործ Կաթողիկոսի հոյակապ վանքը աւերուած էր. սակայն Կիրակոս Կաթողիկոսի յաջորդներէն Արամ Ա. Կաթողիկոսի վճռակամ ու յանդուգն քայլը՝ Թուրքիոյ պետութեան դէմ դատ բանալու եւ Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջելու արի կեցուածքը յոյսի նոր նշոյլներ կը սերմանէ այսօր իւրաքանչիւր հայորդիի հոգիին ու սրտին մէջ: Հոգելոյս Խադ Սրբազան, ձեր «մնաք բարով»ը միայն ցտեսութիւն մըն էր… Դուք մեկնեցաք վանքէն անդարձ, սակայն ձեր յաջորդները իրենց Հովուապետին առաջնորդութեամբ որոշած են վերականգնել իրենց եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին արդար իրաւունքը:
Սիսի փլատակներուն մէջ կատարեցինք հոգեհանգստեան պաշտօն, 1293-1915 Կաթողիկոսարանին մէջ ծառայած Սրբազան Հայրապետներուն ու հոգեւորականներուն հոգիներուն համար: Ի՜նչ յուզումնախառն պահ՝ ջարդի ու աքսորի ահաւոր պատկերներով լեցուն…:
Սակայն մեր հաւատքը հզօրացաւ ու կամքը պրկուեցաւ երբ Կաթողիկոսարանի աւերակներուն մէջ հնչեց ապագայատեսիլ պատգամը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: 100 տարիներու ծառաւ ունեցող վանքին պատերը ընկալեցին ու արձագանգեցին Հայոց Հայրապետին պատգամին բառերը. «Եթէ կորսնցուցինք հողեղէն Կիլիկիան, շինեցինք սակայն հոգեղէն Կիլիկիան: Եւ սա պահուն, հոգեղէն Կիլիկիայէն միաբանութեան ներկայացուցիչները եկած են խոնարհելու՝ մեր սրբացեալ նահատակներու եւ Սիսի Կաթողիկոսարանին մէջ Հայրապետական գահ բարձրացած եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդած Հայրապետներուն խնկելի յիշատակին առջեւ: Անոնք եկած են Մեր թելադրութեամբ ու օրհնութեամբ, հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած՝ մեր դարաւոր Կաթողիկոսարանին վերադարձը պահանջելու եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը վերահաստատելու՝ հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին»[2]:
Սոյն տողերը թուղթին կը յանձնեմ հոգեղէն Կիլիկիային մէջ, երբ տակաւին թարմ են մեր մէջ հողեղէն Կիլիկիոյ ուխտագնացութեան ապրումները, յուզումները, պոռթկումները…: Արդարեւ, թէեւ հողեղէն Կիլիկիային հետ կապս նոր ստեղծուեցաւ, սակայն հոգեղէն Կիլիկիան՝ ուր սնած ու աճած եմ կրցած էր մէջս վառ պահել ԿԻԼԻԿԻԱՆ իր անցեալով ու ապագայով:
Սիսի Կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ, 100 տարիներ ետք հնչող Հայրապետական ողջոյնը ուղղուած հայ ժողովուրդին առաջնորդող հրաւէր է՝ «ՅԻՇԵԼՈՒ, ՅԻՇԵՑՆԵԼՈՒ ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՒ»:
Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան
[1] Բիւզանդ Եղիայեան, Ժամանակակից Պատմութիւն Կաթողիկոսութեան Հայոց Կիլիկիոյ, (Անթիլիաս-Լիբանան: Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 1975), 166-167:
[2] Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ՈՂՋՈՅ՜Ն ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՍԻՍԻ ԴԱՐԱՒՈՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ, (Հայրապետական Պատգամ արտասանուած Սիսի մէջ, 22 Օգոստոս 2015):