7 Դեկտեմբեր 1988, ժամը 11:41

Արդէն երեսուն տարի անցած է Դեկտեմբեր 7ի այն չարաբաստիկ օրէն, երբ Հայաստանի հետ ամբողջ աշխարհը զարհուրանքով տեսաւ ու ճարահատ անդրադարձաւ, թէ մարդն ու մարդկային քաղաքակրթութիւնը տակաւին որքա՜ն անզօր են բնութեան տարերային ցնցումներուն եւ հարուածներուն դէմ։

1988ի այս օրը, ճիշդ ժամը 11:41ին, տակաւին խորհրդային լուծի տակ ապրող Հայաստանի հիւսիսային շրջանները՝ առաւելաբար Գիւմրին եւ մասնաւորապէս Սպիտակը բառացիօրէն փուլ եկան։

Կործանարար երկրաշարժը քարուքանդ աւերեց ամբողջ շէներ, համատարած աւերակոյտի տակ թաղեց 10.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, ուր կþապրէր շուրջ 1 միլիոն բնակիչ։ Ուժեղ աւերման ենթարկուեցաւ աղէտահար այդ գօտիին 3000 քառակուսի քիլոմեթրը։ Աւերուեցան 11 քաղաք եւ 58 գիւղեր։ Տուժեցին 21 քաղաքներ եւ 342 գիւղեր։ Անօթեւան մնացին 514.000 մարդիկ։
Ինչ կը վերաբերի մարդկային կորուստներուն, զոհերու թիւը եղաւ 25.000, հետեւեալ տեղաբաշխումով.

— Գիւմրի՝ 17.000։
— Սպիտակ՝ 4000։
— Վանաձոր՝ 1200։
— Ախուրեան՝ 500։
— Ստեփանաւան՝ 125։

Փլատակներու տակէն հանուեցան 45.000 մարդիկ, հիւանդանոցային խնամքի ենթարկուեցան 12.500 հոգի։ Աղէտի գօտիէն տարահանուեցան 120 հազար մարդ (կիներ, ծերեր եւ երեխաներ), որոնց 75 հազարը՝ Հայաստանէն հեռացաւ։

Ընդհանուր գնահատումով՝ Աղէտին պատճառած նիւթական ուղղակի կորուստներուն արժէքը եղաւ 10 միլիառ ամերիկեան տոլար:
Այսօր մեծագոյն մասով վերականգնած՝ իր ֆիզիքական վնասները յաղթահարած է Աղէտի Գօտին։ Աւերուած Սպիտակի անմիջական մերձակայքը կառուցուած է նոր Սպիտակը։ Գիւմրին կարեւոր չափով դարմանած է իր վէրքերը, նոյնպէս եւ Վանաձորն ու աղէտահար միւս աւանները։

Բայց դեռ չէ անցած եւ չ’անցնիր մարդկային մեր կորուստներուն պատճառած խոր կսկիծը. հարիւր հազարաւորներ այսօր դարձեալ կը սգան իրենց հարազատներուն անդարձ ու ափոխարինելի կորուստը. աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդը վերստին կþոգեկոչէ 1988ի աղիտալի երկրաշարժը։

Անմոռանալի կը մնան նաեւ երկրաշարժի աղէտին փոխանցած դասերը ոչ միայն Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, այլեւ՝ ողջ աշխարհին ու մարդկութեան։

Սպիտակի աղէտը առաջացուց միջազգային սրտակցութեան եւ զօրակցութեան այնպիսի՜ մեծ ու աննախադէպ ալիք մը, որուն ներշնչումով՝ մինչեւ այսօր Հայաստանն ու Սպիտակը, ողջ մարդկութեան աչքին, կը շարունակեն խորհրդանշել բնութեան տարերքին ու հարուածներուն դէմ միասնականութեամբ կուրծք ցցելու, իրար օգնութեան հասնելու եւ վերաշինութեան աշխատանքին բոլոր ուժերով լծուելու մարդկային համընդհանուր համերաշխութեան եւ զօրակցութեան կենարար ոգին։

Երկրաշարժի աղէտին խլած զոհերուն եւ պատճառած կորուստներուն տարողութիւնը անհամեմատօրէն աւելի ահաւոր եղաւ, քան նոյնինքն երկրաշարժին ունեցած բնական ուժգնութիւնը։ 6,9 աստիճանի երկրաշարժը այսքա՜ն ծանր հետեւանքներ պիտի չունենար, եթէ երկրի ընդերքին անդուլ խմորուող շարժերն ու ժայթքերը ուսումնասիրելու՝ կանխատեսելու եւ նախազգուշութեանց դիմելու արհեստագիտութիւնը անհրաժեշտ չափով զարգացած ըլլար, բնակութեան շէնքերը երկրաշարժի դիմանալու ընդունակութեամբ օժտուած ըլլային եւ պետական կազմակերպ կառոյցները զինուած ըլլային բնական աղէտներուն արագօրէն ընդառաջելու եւ փրկարարական աշխատանքները արդիւնաւէտ իրագործելու յարմարութիւններով։

Սպիտակի երկրաշարժէն երեսուն տարի ետք մասնագէտները արդէն դառնութեամբ եւ ընդվզումով կը հաստատեն, որ 1988ի կորուստներուն 80 տոկոսը հետեւանք էր շինարարական խղճմտութեան… պակասին։

Իսկ հայ մարդուն խորագոյն ցաւը, երկրաշարժէն երեսուն տարի ետք ալ, կը շարունակէ մնալ ճնշող դառնութիւնը այն իրականութեան, որ ինչպէս խորհրդային՝ օտարոտի բռնատիրութեան տարիներուն, նաեւ մեր օրերուն, ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ, տակաւին կը տիրեն մեր ժողովուրդի արարած արժէքներուն եւ հանրային հարստութեան հետ իբրեւ սեփական ագարակի վարուելու իշխանութեան եւ ստուերային ուժի տէր մարդոց շիլ մօտեցումները։

Միւս կողմէ՝ Սպիտակի երկրաշարժին դէմ յանդիման, Խորհրդային Միութեան տարողութեամբ 20րդ դարու գերոյժը ցոյց տուաւ իր ահաւոր թափթփածութիւնը եւ խեղճուկ թշուառութիւնը, ինչ որ ախտանշական իմաստ ունեցաւ նաեւ արեւմուտքի թէ արեւելքի բոլոր գերուժերուն համար, որոնք իրենց կարգին անդրադարձան սեփական թերիներուն եւ անպատրաստութեան՝ բնական աղէտներու դիմագրաւման մէջ։
Սպիտակի երկրաշարժին անմոռանալի դասերու շարքին կարեւորագոյնը, անկասկա՛ծ, հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան ամրապնդումը եղաւ։ Ոչ միայն զոհերուն եւ կորուստներուն պատճառած կսկիծը, այլեւ՝ մէկ մարդու պէս Աղէտի Գօտիին օգնութեան հասնելու համազգային զօրաշարժը, միջազգային զօրակցութեան ընդհանուր շղթայազերծման հունով, քանի մը օրուան մէջ իրականութիւն դարձուց աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեկան եւ ֆիզիքական կամրջումը՝ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն զգալու եւ գործելու վերածնունդը։
Աղէտէն ամիսներ առաջ, Արցախեան Շարժումի պոռթկումին հետ, հայաշխարհը ի մի բերած պահանջատիրական միասնութիւնը բառացիօրէն կրցաւ, Աղէտի Գօտիին օգնութեան հասնելու իր զօրաշարժով, ջնջել իր յաղթարշաւը արգելակող սահմանները։ Իր խորագոյն կսկիծին մէջ անգամ հայ ժողովուրդը Ղարաբաղի միացում պահանջեց եւ համազգային վճռականութեամբ բռունցք բարձրացուց։

7 Դեկտեմբերի այս օրը, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին հայեացքը վերստին կþուղղուի դէպի Սպիտակ ու Աղէտի Գօտի՝ անդարձ մեր կորուստներու անանց կսկիծով, բայց նաեւ մեր ցաւին ընդմէջէն ազգային մեր միասնականութիւնը վերանորոգելու հաստատակամութեամբ։
Վերանկախացեալ Հայաստանը պատմական տարողութեամբ բախտորոշ ամբողջ ճամբայ մը հարթած ու կտրած է Սպիտակի երկրաշարժէն ասդին։ Հայաստան իր արժանի տեղը տակաւ կ’ամրապնդէ ազատ ու անկախ ժողովուրդներու մեծ ընտանիքին մէջ՝ յաղթահարել փորձելով իրեն պարտադրուող ամէն կարգի արտաքին, թշնամակա՛ն սեղմումներն ու ազգային իր յաղթարշաւը արգելակող փորձող խոչընդոտները։
Միաժամանակ, սակայն, ամէն տարի, Դեկտեմբեր 7ի այս օրը, աշխարհով մէկ տարածուած ողջ հայութիւնը, անփոխարինելի իր կորուստներուն կսկծանքով՝ հայեացքը կը կեդրոնացնէ Սպիտակի երկրաշարժին տակաւ սպիացող վէրքերուն, այլեւ դեռ կոտտացող ազգային ցաւերուն վրայ։

Եւ բնութեան ամէնէն ահաւոր աղէտներէն եւ թշնամական մահացու հարուածներէն անգամ յառնելու իր ազգային անսպառ կենսունակութեամբ՝ հայ մարդը այսօր աշխարհի չորս ծագերուն մոմ մը կը վառէ ոչ միայն Սպիտակի երկրաշարժի անխտիր բոլոր զոհերու յիշատակին, այլեւ անոնց հոգիներու անդորրութեան ընդմէջէն՝ վերապրող հայութեան ուղին լուսաւորելու առաջադրանքով։

Ն.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.