7 Յուլիս 1923. Արցախը Ատրպէյճանին «Նուիրաբերելու» Ստալինեան Դաւադիր Որոշումը


Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.

Յու­լիս 7-ին, 92 տա­րի ա­ռաջ, ողջ աշ­խար­հէն եր­կա­թեայ վա­րա­գոյ­րով մե­կու­սա­ցո­ւած խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան հա­րա­ւա­յին սահ­մա­նին՝ Անդր­կով­կա­սի մէջ, ծրագ­րո­ւե­ցաւ եւ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին ի­րա­ւազր­կու­մի ա­հա­ւոր գայ­թակ­ղու­թիւն մը, ո­րուն ծանր հե­տե­ւանք­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կը կրէ մին­չեւ մեր օ­րե­րը։

7 Յու­լիս 1923-ին, Ք­րեմ­լի­նի ղե­կա­վա­րու­թեան ար­դէն միա­հե­ծան տէ­րը դար­ձած Ս­տա­լի­նի «ցուց­մունք»ով եւ Անդր­կով­կա­սի ռուս, ա­զե­րի, վրա­ցի ու հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու մեղ­սակ­ցու­թեամբ՝ ո­րո­շո­ւե­ցաւ հա­յոց հի­նա­ւուրց Ար­ցախ աշ­խար­հը բա­ժան-բա­ժան կո­տո­րա­կել, հա­զա­րա­մեակ­նե­րով հա­յա­պատ­կան ամ­բողջ հո­ղա­մա­սեր ուղ­ղա­կի՛ նո­րե­լուկ Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նին կցել, իսկ լեռ­նա­յին կեդ­րո­նա­կան մա­սը վար­չա­կա­նօ­րէն հռչա­կել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար Մարզ՝ զայն են­թար­կե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան տի­րա­կա­լու­թեան։

Ա­ւե­լի՛ն. բռնա­կալ­նե­րու ձե­ռամբ կա­մա­յա­կան սահ­մա­նագ­ծու­մի ան­հիմն բե­մագ­րու­թիւն մը կեան­քի կո­չե­լով՝ 7 Յու­լիս 1923-ի չա­րա­բաս­տիկ այդ ո­րո­շու­մով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար Մար­զը բա­ռա­ցիօ­րէն պո­կո­ւե­ցաւ եւ հե­ռա­ցո­ւե­ցաւ մայր հայ­րե­նի­քի մարմ­նէն, այս­պէս կո­չո­ւած «­Լա­չի­նի եւ Քել­բա­ջա­րի անցք»ով մը ի­րար­մէ խզե­լով Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը։

Այ­սօր, Լ.Ղ.Ի.Մ.ի ա­րո­ւես­տա­կան ստեղ­ծու­մէն 92 տա­րի ետք, երբ յե­տա­դարձ հա­յեաց­քով լու­սար­ձա­կի տակ կ­’առ­նենք ե՛ւ պատ­մու­թիւ­նը, ե՛ւ մին­չեւ մեր օ­րե­րը շա­րու­նա­կո­ւող քա­ղա­քա­կան ող­բեր­գու­թեան ծալ­քե­րը, ու­սա­նե­լի դա­սե­րու ամ­բողջ թղթած­րար մը կը բա­ցո­ւի մեր առ­ջեւ.

– Յա­ւեր­ժա­կան չեն կրնար ըլ­լալ ազգ մը եւ հայ­րե­նիք մը կա­մա­յա­կա­նօ­րէն բաժ­նող ա­նար­դար սահ­մա­նագ­ծում­նե­րը, որ­քան ալ հզօր կայ­սե­րա­պե­տու­թեան մը ամ­բողջ բռնու­թեամբ պար­տադ­րո­ւին։

– Քա­ղա­քա­կան անն­պաստ պայ­ման­նե­րու եւ դա­սա­ւո­րում­նե­րու հե­տե­ւան­քով ի­րար­մէ բաժ­նո­ւած ազ­գի մը զա­ւակ­նե­րը, ե­թէ ի­րենց մէջ ու­նին ի­րա­ւուն­քի ու ար­դա­րու­թեան հա­մար պա­յքա­րե­լու եւ պատ­մու­թիւ­նը իր բնա­կա­նոն հու­նին վե­րա­դարձ­նե­լու վճռա­կա­նու­թիւ­նը, ան­պայ­ման կը հաս­նին ի­րենց նպա­տա­կին՝ որ­քան ալ բիրտ ու­ժով ճզմո­ւին ա­նոնց շղթա­յա­զեր­ծած յա­ջոր­դա­կան ըմ­բոս­տա­ցում­նե­րը։

– Փոքր ազ­գե­րու ի­րա­ւունք­ներն ու դա­տե­րը միշտ ալ են­թա­կայ են աշ­խար­հի ճա­կա­տա­գի­րը վա­րող մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու մրցա­պայ­քա­րի խա­ղա­կա­նոն­նե­րուն։ Ի վեր­ջոյ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու նա­խընտ­րած ուղ­ղու­թեամբ կը հու­նա­ւո­րո­ւի մարդ­կու­թեան զար­գա­ցու­մը՝ այն միակ նրբե­րան­գա­յին տար­բե­րու­թեամբ, որ փոքր ազ­գե­րու ան­վե­հեր ի­րա­ւա­տի­րու­թիւնն ու մար­տու­նակ պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը կը վե­րա­ծո­ւին Մե­ծե­րու ձեռ­քին՝ ի­րա­րու դէմ գոր­ծա­ծո­ւող կա­րե­ւոր յաղ­թա­թուղ­թի, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նոր դա­սա­ւո­րում­ներ եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներ ի նպաստ ի­րենց շա­հե­րուն պար­տադ­րե­լու ճամ­բուն վրայ։

– Ի­րա­ւուն­քի եւ ար­դա­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րող փոքր ազ­գե­րը, նոյ­նիսկ ե­թէ ազ­գա­յին դա­տե­րուն ար­դա­րա­գոյ­նին հա­մար է ի­րենց մղած կռի­ւը, դա­տա­պար­տո­ւած են ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեան եւ ոտ­նա­կո­խու­մի, ե­թէ զի­նո­ւած չեն միաս­նա­կան պայ­քա­րի ի­րենց ու­ղին ա­մէն կար­գի պա­ռակ­տում­նե­րու դէմ պաշտ­պա­նե­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ եւ գա­ղա­փա­րա­կան պայ­ծա­ռա­տե­սու­թեամբ։

Ա­ռանց այդ դա­սե­րու լիար­ժէք ըն­կա­լու­մին, կա­րե­լի չէ սպա­ռիչ բա­ցատ­րու­թիւ­նը գտնել ա­հա­ւոր այն սադ­րան­քին, որ 7 Յու­լիս 1923-ին ի գործ դրո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ։

Անհ­րա­ժեշտ է ի մտի ու­նե­նալ ոչ միայն Լ.Ղ.Ի.Մ.ի ստեղ­ծու­մը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կան­խած Անդր­կով­կա­սի եւ այդ ճամ­բով Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նաց­ման մե­ծա­պե­տա­կան, տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ տե­ղա­կան զար­գա­ցում­նե­րու ծալ­քե­րը, այ­լեւ՝ մին­չեւ թրքա­ցեղ հոր­դա­նե­րու ար­շա­ւանք­ներն ու պարս­կա­կան խա­նու­թեանց ժա­մա­նակ­նե­րը եր­կա­րող հայ­րե­նի մեր հո­ղե­րուն ժո­ղովր­դագ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը։

Պատ­մա­կան զար­գաց­ման այդ են­թա­հո­ղին վրայ ի­րենց լու­սա­բա­նու­մը կը գտնեն մին­չեւ մեր օ­րե­րը յա­մե­ցող հիմ­նա­կան շարք մը հար­ցա­կան­ներ.

– Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի Ար­ցախ գա­ւա­ռը, որ ա­րե­ւել­քէն կը տա­րա­ծո­ւէր մին­չեւ Մու­ղա­նի դաշ­տա­վայ­րը, դա­րե­րու ըն­թաց­քին բնա­կա­վայր դար­ձաւ թրքա­ցեղ նո­րեկ­նե­րու՝ քսա­նե­րորդ դա­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան յայտ­նո­ւե­լով թուրք եւ թա­թար հա­մե­մա­տա­կան մե­ծա­մաս­նու­թեամբ հո­ղա­մա­սի մը վի­ճա­կին մէջ։

– 1918 թո­ւին կա­մա­յա­կա­նօ­րէն հռչա­կո­ւե­ցաւ Ատըր­պէյ­ճա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն ա­նու­նով եր­կիրն ու պե­տու­թիւ­նը, երբ մինչ այդ պատ­մա­գիր­նե­րուն եւ պատ­մա­գէտ­նե­րուն հա­մար գո­յու­թիւն ու­նե­ցած չէր նման ա­նու­նով եր­կիր, պե­տա­կան ո­րե­ւէ միա­ւոր կամ նոյ­նիսկ քա­ղա­քա­կան ինք­նու­թեամբ ա­զե­րի ազ­գու­թիւն։ Երբ 1828 թո­ւին Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նը վերջ­նա­կա­նա­պէս ի­րեն կցեց Անդր­կով­կա­սը, հա­յեւ­թա­թար խառն բնակ­չու­թեամբ հո­ղա­մա­սի հա­կակշ­ռու­մը իր հա­շիւ­նե­րուն ծա­ռա­յեց­նե­լու նպա­տա­կով, վար­չա­կա­նօ­րէն ա­ռա­ջա­ցուց Ե­ղի­սա­բէթ­պո­լի նա­հան­գը, ո­րուն մէջ մտցուց Գան­ձակն ու Կիւ­լիս­տա­նը, Ար­ցախն ու Զան­գե­զու­րը։ Այդ­պէ՛ս սկսաւ հա­յեւ­թա­թար խառն բնակ­չու­թեամբ ամ­բողջ երկ­րա­մա­սը «բաժ­նէ՝ որ տի­րես»ի ռազ­մա­վա­րու­թեամբ հա­կակշ­ռե­լու ռու­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

– Այդ­պէ՛ս մե­ծա­պե­տա­կան մրցա­պայ­քա­րը սաստ­կա­ցաւ Անդր­կով­կա­սի մէջ եւ ա­նոր շուրջ՝ Պա­քո­ւի սեւ ոս­կիին տի­րա­նա­լու պայ­թու­ցիկ առ­ճա­կատ­ման մթնո­լոր­տի շի­կա­ցու­մով։ Որ­քան աշ­խու­ժա­ցաւ Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ անդր­կով­կա­սեան մի­ջամ­տու­թիւ­նը, այն­քան խստա­ցաւ Անդր­կով­կա­սի ազ­գա­յին միա­ւոր­նե­րը ի­րա­րու դէմ դրդե­լու եւ բո­լո­րին վրայ սե­փա­կան հա­կակ­շի­ռը ամ­րապն­դե­լու ռու­սա­կան մտա­սե­ւե­ռու­մը։ Հե­տե­ւան­քը ե­ղան հայ-թա­թա­րա­կան պար­բե­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րը, ո­րոնք 1918-էն սկսեալ նոր փուլ թե­ւա­կո­խե­ցին՝ ար­դէն պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեամբ ա­ռա­ջա­ցած Անդր­կով­կա­սի ան­տի­րու­թեան պղտոր ջու­րին մէջ սե­փա­կան հաշ­ւոյն ձուկ որ­սա­լու թրքա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րու սան­ձա­զեր­ծու­մով։

– Կով­կա­սա­հա­յու­թիւ­նը, 1905-ի հայ-թա­թա­րա­կան ա­ռա­ջին ընդ­հա­րում­նե­րու դա­ժան կեն­սա­փոր­ձով հան­դերձ, յատ­կա­պէս 1918-ի վե­րի­վայ­րում­նե­րէն ետք, չկրցաւ միաս­նա­կան գնա­հա­տու­մի եւ մեր­ժու­մի ար­ժա­նաց­նել ռու­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­յա­կոր­ծան այդ վար­քա­գի­ծը՝ հայ-թա­թար հա­կադ­րու­թեան հրահ­րու­մով Անդր­կով­կա­սին վե­րա­տի­րա­նա­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Նոյ­նիսկ մեր օ­րե­րուն եւ հա­կա­ռակ Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մով ամ­րագ­րո­ւած պատ­մա­կան դա­սե­րուն, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը տա­կա­ւին կը դրսե­ւո­րէ հա­կում­ներ, ո­րոնք կը շա­րու­նա­կեն ծա­ռա­յել այն հա­մո­զու­մին, թէ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը ա­ւե­լի յար­մար դա­սա­ւո­րու­մի կրնար ար­ժա­նա­նալ, ե­թէ Մա­յիս 1920-ին մենք եւս ըն­դու­նէինք խորհր­դա­յին լու­ծը՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը խորհր­դա­յին հռչա­կե­լով եւ հե­տե­ւե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի օ­րի­նա­կին։

7 Յու­լիս 1923-ի Լ.Ղ.Ի.Մ.ի ստեղծ­ման պոլ­շե­ւի­կեան սադ­րան­քը ա­մէն հիմք կու տայ, հայ քա­ղա­քա­կան մտքին հա­մար, մէ­կան­գա­մընդ­միշտ թօ­թա­փե­լու այ­դօ­րի­նակ պատ­րանք­ներն ու ինք­նա­խա­բէու­թիւն­նե­րը։ Բա­ւա­կա­նա­չափ խօ­սուն եւ դառն ու դա­ժան է այն փաս­տը, որ 2 Դեկ­տեմ­բեր 1920-ին Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը «եղ­բայ­րա­բար» Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը հռչա­կեց, «ինք­նա­բուխ» կեր­պով, ոչ միայն Ար­ցախն ու Զան­գե­զու­րը, այ­լեւ՝ Նա­խի­ջե­ւանն ան­գամ, որ­պէս­զի պոլ­շե­ւիզ­մը կա­րե­նայ կոտ­րել հայ ժո­ղո­վուր­դին ընդ­դի­մու­թիւ­նը… խորհր­դայ­նաց­ման։

Հայ­կա­կան դի­մադ­րու­թիւ­նը ընկ­ճե­լու նպա­տա­կով շռայ­լո­ւած այդ «խոս­տում­ներ»ը պար­զա­պէս ծա­ռա­յե­ցին կար­միր բա­նա­կա­յին­նե­րու կող­մէ Հա­յաս­տա­նի վերջ­նա­կան բռնագ­րաւ­ման, ո­րու «յա­ջո­ղու­թե­նէն» ետք, նոյ­նինքն հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու մեղ­սակ­ցու­թեամբ, ոչ միայն մոռ­ցո­ւե­ցան «եղ­բայ­րա­կան խոս­տում­ներ»ը, այ­լեւ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ Ար­ցախն ու ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նէն պո­կե­լու եւ, մե­կու­սաց­ման պայ­ման­նե­րու մէջ, հա­յա­թա­փե­լու ա­նարգ ո­ճի­րը։

Վեր­յի­շե­լով 7 Յու­լիս 1923-ի Ար­ցա­խեան Ող­բեր­գու­թեան սեւ թո­ւա­կա­նը՝ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ա­մէն ի­րա­ւունք ու­նի, այլ մա­նա­ւանդ ան­խու­սա­փե­լի պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նի, ա­մէն գնով ար­թուն գոր­ծե­լու եւ պահ­պա­նե­լու Ար­ցա­խեան Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան միաս­նա­կան ճա­կատն ու պայ­քա­րը, որ­պէս­զի ոչ մէկ պա­րա­գա­յի, մե­ծա­պե­տա­կան մրցա­վազ­քի անն­պաստ դա­սա­ւոր­ման ո­րե­ւէ պա­հու, Ար­ցախն ու ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը վերըս­տին չյայտ­նո­ւին՝ չդրո­ւի՛ն ատր­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծի տա­կ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.