Յարգանքի տուրք Գըրգ Գըրգորեանի` արտակարգ մարդու յիշատակին


Յու­նիս 15ին Գըրգ Գըր­գո­րեա­նի մա­հէն ետք, հա­զա­րա­ւոր լրագ­րող­ներ ընդգ­ծե­ցին ա­նոր զար­մա­նահ­րաշ նո­ւա­ճում­նե­րը գոր­ծա­րա­րա­կան աշ­խար­հի եւ հսկայ ա­ւան­դը բա­րե­գոր­ծու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ: Սա­կայն, այդ լրագ­րող­նե­րը եր­ բեք չէին հան­դի­պած այս մե­ծա­նուն մար­դուն, քա­նի որ ան հա­զո­ւա­դէպ հար­ցազ­րոյց­ներ կու տար լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն:

Գ­րե­թէ ե­րեք տաս­նա­մեակ աշ­խա­տե­լով Գըր­գո­րեա­նի հետ որ­պէս «­Լին­սի» հիմ­նադ­րա­մի փոխ-նա­խա­գահ եւ Միա­ցեալ Հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ՝ կը ցան­կա­նամ իմ անձ­նա­կան յար­գան­քի տուրքս մա­տու­ցա­նել այս գթա­սիրտ ա­մե­րի­կա­հա­յուն եւ հրա­շա­լի անձ­նա­ւո­րու­թեան:

Շատ լաւ կը յի­շեմ ա­ռա­ջին հան­դի­պումս Գըր­գո­րեա­նի հետ: Ա­նի­կա տե­ղի ու­նե­ցաւ 1980ա­կան­նե­րու կէ­սե­րուն, Պե­վըռ­լի Հիլ­զի ճա­շա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ, հա­ւա­քոյ­թի մը ժա­մա­նակ՝ ու­նե­ւոր հա­յե­րու փոքր խում­բի մը հետ, որ կ­՛ա­ջակ­ցէր նա­հան­գա­պետ Ճորճ Տէոք­մէ­ճեա­նի վե­րընտ­րու­թեան: Ես հոն էի որ­պէս «­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր» թեր­թի խմբա­գիր: Երբ մօ­տե­ցայ ա­նոր ներ­կա­յա­նա­լու հա­մար, Գըր­գո­րեան ան­մի­ջա­պէս ճանչ­ցաւ զիս եւ ը­սաւ, որ իմ շաբ­թա­կան խմբագ­րա­կան­նե­րու մշտա­կան ըն­թեր­ցողն է: Շատ զար­մա­ցայ եւ ին­ծի շո­յո­ւած զգա­ցի…

Գըր­գո­րեա­նի հետ իմ յա­ջորդ հան­դի­պու­մը կա­յա­ցաւ Պե­վըռ­լի Հիլ­զի ա­նոր գրա­սե­նեա­կին մէջ 1989ի Նո­յեմ­բեր 1ին` Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­ւե­րիչ երկ­րա­շար­ժէն 11 ա­միս անց: Մենք քննար­կե­ցինք հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը հա­մախմ­բե­լու Ա.Մ.Ն.ի մէջ գոր­ծող եօ­թը խո­շոր հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, նե­րա­ռեալ «­Լին­սի» հիմ­նադ­րա­մը` օ­դա­յին ճա­նա­պար­հով Հա­յաս­տա­նի մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն հասց­նե­լու նպա­տա­կով: Գըր­գո­րեան ա­ռա­ջար­կեց վճա­րել ճա­նա­պար­հա­յին բո­լոր ծախ­սե­րը եւ ա­ռա­տա­ձեռ­նօ­րէն խոս­տա­ցաւ` ծած­կել ոչ միայն այդ մէկ թռիչ­քին ծախ­սե­րը, այլ «հե­տա­գայ բո­լոր թռիչք­նե­րուն, քա­նի դեռ Հա­յաս­տա­նը օգ­նու­թեան կա­րիք ու­նի»: Քա­նի մը օ­րո­ւան ըն­թաց­քին ծնաւ Միա­ցեալ Հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մը, որ յա­ջորդ 25 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին 158 թռիչք­նե­րով եւ 2250 ծո­վա­յին արկ­ղե­րով 700 մի­լիոն տո­լար ընդ­հա­նուր ար­ժո­ղու­թեամբ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն հաս­ցուց Հա­յաս­տա­նին եւ Ար­ցա­խին:

1998 թո­ւա­կա­նին Գըր­գո­րեան զիս հրա­ւի­րեց՝ միա­սին մեկ­նե­լու Հա­յաս­տան եւ իր այդ ա­ռա­ջին ու­ղե­ւո­րու­թեան ժա­մա­նակ նա­խա­գահ Քո­չա­րեա­նին խոս­տա­ցաւ յատ­կաց­նել 100 մի­լիոն տո­լար (ա­ւե­լի ուշ՝ զայն բարձ­րաց­նե­լով մին­չեւ 242 մի­լիոն տո­լա­րի), ո­րով կա­ռու­ցուե­ցան կամ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­ցան փա­պու­ղի­ներ (թու­նել­ներ), կա­մուրջ­ներ եւ տաս­նեակ դպրոց­ներ Հա­յաս­տա­նի ու մէ­կը Ար­ցա­խի մէջ, ինչ­պէս նաեւ հա­րիւ­րա­ւոր քի­լո­մեթր մայ­րու­ղի­ներ, ճա­նա­պարհ­ներ եւ փո­ղոց­ներ, 34 մշա­կոյ­թի օ­ճախ­ներ ու թան­գա­րան­ներ, 3700 բնա­կա­րան ա­ղէ­տի գօ­տիին մէջ, եւ 20 մի­լիոն տո­լա­րի վար­կեր փոքր գոր­ծա­րա­րու­թեան հա­մար: Այս ծրա­գիր­նե­րը ոչ միայն զգա­լիօ­րէն նպաս­տե­ցին Հա­յաս­տա­նի են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու բա­րե­լաւ­ման, այլ նաեւ խիստ անհ­րա­ժեշտ աշ­խա­տա­տե­ղեր ա­պա­հո­վե­ցին 20 հա­զա­րէ ա­ւե­լի աշ­խա­տող­նե­րու հա­մար: Պա­րոն Գըր­գո­րեան ինձ­մէ խնդրեց վե­րահս­կել այս ծրա­գիր­նե­րը որ­պէս «­Լին­սի» Հիմ­նադ­րա­մի փոխ-նա­խա­գահ:

Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Գըր­գո­րեա­նի «­Լին­սի» Հիմ­նադ­րա­մը հա­րիւր մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­ներ նո­ւի­րա­բե­րեց ամ­բողջ հա­յու­թեան, ո­րոնց շար­քին` 14 մի­լիոն տո­լար Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թիւ­նը, 1993ի խստա­շունչ ձմրան, վա­ռե­լա­նիւ­թով ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, 2006 թո­ւա­կա­նին 4,5 մի­լիոն տո­լար Լի­բա­նա­նի բո­լոր 28 հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն եւ մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­ներ «­Հա­յաս­տան» Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մին` Ար­ցա­խի մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ծրա­գիր­նե­րու հա­մար: Ըստ հա­շո­ւարկ­նե­րու` 1989էն մին­չեւ 2011 թո­ւա­կան­նե­րը ին­կած ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին, «­Լին­սի» Հիմ­նադ­րա­մը նո­ւի­րա­բե­րած է ա­ւե­լի քան 1 մի­լիառ տո­լար` հա­ւա­սա­րա­պէս բաժ­նո­ւած հայ­կա­կան եւ օ­տար բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ:

Երբ «­Լին­սի» Հիմ­նադ­րա­մը 2011 թո­ւա­կա­նին փա­կեց իր դռնե­րը, ան­հիմն եւ կեղծ լու­րեր սկսան շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրո­ւիլ փակ­ման հնա­րա­ւոր պատ­ճառ­նե­րուն մա­սին: Փաս­տը այն է, որ պա­րոն Գըր­գո­րեան նա­խա­տե­սած էր, ո­րո­շա­կի տա­րի­քի հաս­նե­լով, այ­լեւս չզբա­ղիլ ա­մէ­նօ­րեայ դի­մում­նե­րու տա­րա­փով, ո­րոնք կը ստա­նար ամ­բողջ աշ­խար­հէն՝ ֆի­նան­սա­ւոր­ման օգ­նու­թեան խնդրան­քով, իսկ ա­նոր հարս­տու­թեան հիմ­նա­կան մա­սը բաժ­նել յետ մա­հու:

Կը ցան­կա­նա­յի ա­ւար­տել` նշե­լով այս նշա­նա­ւոր ա­մե­րի­կա­հա­յու հա­մակ­րանք­նե­րէն եւ հա­կակ­րանք­նե­րէն քա­նի մը հա­տը.

– Պա­րոն Գըր­գո­րեան մե­ծա­պէս դժգոհ էր ներ-հայ­կա­կան պա­ռակ­տում­նե­րէն: Ան ան­վերջ կը վշտա­նար, որ հա­յե­րը ի­րա­րու հետ ան­հա­մե­րաշխ են եւ յա­ճախ կ­՛ը­սէր.- «Ին­չո՞ւ չեն կրնար միա­ւո­րո­ւիլ ու շար­ժիլ միեւ­նոյն ուղ­ղու­թեամբ»: Ան ու­րախ էր, որ Ա.Մ.Ն.ի մէջ գոր­ծող եօ­թը խո­շոր հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ կ­՛աշ­խա­տին միա­սին` Միա­ցեալ Հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի հո­վա­նիին տակ:

– Ան խիստ կը մտա­հո­գո­ւէր Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դի թշո­ւառ վի­ճա­կով եւ մշտա­պէս կ­՛ան­հանգս­տա­նար ար­տա­գաղ­թով: Ան կը ձգտէր աշ­խա­տա­տե­ղեր ստեղ­ծել, որ­պէս­զի հա­յե­րը չլքեն ի­րենց Հայ­րե­նի­քը:

– Ան չէր սի­րեր ըլ­լալ ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին եւ եր­բեք թոյլ չէր տար իր ա­նո­ւամբ ո­րե­ւէ կա­ռոյց կամ հաս­տա­տու­թիւն կո­չել:

– Ան չա­փա­զանց հա­րուստ էր, բայց շատ հա­մեստ կեան­քով կ­՛ապ­րէր եւ կը խօ­սէր մեղմ ու քա­ղա­քա­վար: Ան կը նա­խընտ­րէր, որ մար­դիկ ի­րեն դի­մեն ա­նու­նով` Գըրգ, այլ ոչ թէ պա­րոն Գըր­գո­րեան:

Վեր­ջա­պէս, ոչ ոք կը յու­շէր Գըր­գին՝ գու­մար նո­ւի­րա­բե­րել պա­տեհ ա­ռիթ­նե­րով: Ան յա­ճախ իր կամ­քով մեծ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ կ­՛ը­նէր` ա­ռանց խնդրան­քի:

Հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ հա­մայն աշ­խար­հը ա­նոր ե­րախ­տի­քի մեծ տուրք ու­նին հա­տու­ցա­նե­լու:

Յա­րութ Սա­սու­նեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.